Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)

Դ)ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը,                                          կազմուեցաւ Թի‎ֆլիսի մէջ, 1890ին: Ան կը գտնուէր հաւաքական մէկ դրօշի տակ համախմբել Կովկասի թէ երկրի մէջ գործող յեղափոխական բոլոր կազմակերպութիւններն ու խումբերը, միասնական ճիգերով առաջ մղելու համար հայ ազատագրական պայքարը: Այդ պատճառով ալ անոր սկզբնական անունը եղաւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ: Հնչակեաններէն Ռուբէն Խան Ազատ եւս մասնակցեցաւ սկզբնական աշխատանքներուն: Բայց, իրենց կեդրոնի հրամանով, հնչակեանները շուտով քաշուեցան եւ գործեցին առանձին:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ առաջ եղաւ գործի կուսակցութիւն մը, ընդգրկելով աշխատանքի եւ ղեկավարման ապակեդրոնացեալ դրութիւնը: Անոր հիմնադիրներն ու սկզբնական ղեկավարները, Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ Զօրեան, Սիմոն Զաւարեան, Յովսէփ Արղութեան, Կոստանդին Խատիսեան, Մարտին Շաթիրեան, Յովհաննէս Եուսուֆեան, Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Աշակ Թադէոսեան եւ ուրիշներ, գործի անցնելէ առաջ հիմնովին ուսումնասիրած էին երկրի-Արեւմտահայաստանի դրութիւնը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական վիճակը եւ տրամադրութիւնները, Կովկասի հետ կապի եւ հաղորդակցութեան միջոցներն ու կէտերը, եւ այդ բոլորին հիման վրայ կազմած՝ իրենց աշխատանքի ծարգիրը: Անոնցմէ շատեր համոզուած ընկերվարականներ ըլլալով հանդերձ, նորաստեղծ կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքը դարձուցին հայութեան ազգային ազատագրական պայքարը, ժողովուրդի յեղափոխական դաստիարակութիւնն ու զինումը, Այս բոլորին համար երկրի, Կովկասի թէ արտասահմանի մէջ՝ ուժեղ եւ կարգապահ կազմակերպութեան մը յառաջացաւ: Աւելի ուշ, 1907ին էր որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իբրեւ ընկերային առաջադրանք, պաշտօնապէս յարեցաւ Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականին: Հիմնական ծրագիրներու առաջին գծին վրայ միշտ մնաց սակայն հայ քաղաքական Դատի հետապնդումը՝ ազատագրական  պայքարի թէ արտաքին քարոզչութեան ճամբով:

Մանաւանդ Հնչակեաններու պառակտումէն ետք, Դաշնակցութիւնը փաստօրէն առանձին ղեկավարեց ու մղեց ազգային ազատագրական պայքարը, 1895-96էն մինչեւ Հայաստանի անկախութիւնն ու այդ անկախութեան անկումը: Մինչեւ 1908 (Օսմանեան Սահմանադրութիւն), Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր պայքարը հիմնեց առաւելաբար Սան Սթե‎ֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերով թրքահայութեան խոստացուած բարենորոգումներու պահանջին վրայ: 1908էն մինչեւ համաշխարհային Ա. պատերազմը՝ անոր քաղաքական հիմնական առաջադրանքը կազմեց թրքահայաստանի ինքնավարութեան պահանջը՝ Օսմանեան պետութեան ծիրին մէջ: 1918ի Մայիսին բախտորոշ կռիւներէն եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, քաղաքական ծրագիրը վերացուեցաւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի ստեղծման հիմնական աջադրանքին, որ եւ ի զօրու կրմնայ մինչեւ այսօր:

Առաջին իսկ տարիներէն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայութեան զանազան խաւերուն մօտ գտած հմայքին եւ ժողովրդականութեան գաղտնիքը կը կայանայ անոր ղեկավարներուն, գործիչներուն, մարտիկներուն եւ մտաւորականներուն անսակարկ եւ ամբողջական նուիրումին մէջ: Օրուան Պատասխանատու Աեդրոնական Կոմիտէները եւ այլ մարմինները կը գործէին տեղական ամբողջական ազատութեամբ, ենթարկուելով յաջորդական Ընդհանուր ժողովներու գծած ընդհանուր ուղեգծին եւ որոշումներուն (ապակեդրոնացման դրութեան): Հիմնադիրներու եւ ղեկավարներու ինքնամոռաց նուիրումը, անոնց ներկայութիւնը շրջանէ-շրջան, անոնց մասնակցութիւնը յեղափոխական ամենավտանգաւոր ձեռնարկներուն եւ զոհաբերումը՝ օրինակ ծառայեցին Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ զինուորագրուողներուն, բարոեական աւանդութիւն եւ յատուկ դիմագծութիւն ստեղծեցին դաշնակցութեան համար: Ստեղծուեցաւ դաշնակցական զինուորի՝ ‎ֆետայիի, գրեթէ առասպելական հերոսի տիպարը, որ հինգդարեան խաւարի մէջ ստրկացած հայութեան դարձուց իր ազգային արժանապատուութիւնն ու անցեալի մարտունակութիւնը: Դաշնակցութեան բարոյական հնոցին մէջ էր որ դարնուեցան եւ հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ շքեղօրէն ճոխացնող անուններ դարձաց էին մեր ‎ֆետայիները:

Մարտիկներէն ու ռազմական ղեկավարներէն՝ Նիկոլ Դումանը, Վարդանը, Արաբօն, Գուրգէնը, Աղբիւր Սերոբը, Գէորգ Չաւուշը, Անդրանիկը, Սեբաստացի Մուրատը, Վանայ Իշխանը, Արամը, Ռուբէնը, Եփրեմը, Քեռին, Բաբգէն Սիւնին, Սեպուհը, Ամէն Գարօն, Համազասպը, Խանը, Մանուկը, Մուշեղը եւ շատ ուրիշներ:

Մտաւորականներէն ու գրողներէն՝ Ակնունին, Գարեգին Խաժակը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն, Ռուբէն Զարդարեանը, Միքայէլ Վարանդեանը, Շաւարշ Միսաքեանը, Ռ.Դարբինեան, Վ.Նաւասարդեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Աւետիս Ահարոնեանը եւայլն:

Պետական գործիչներէն ու դէմքերէն՝ Յովաննէս Քաջազնունին, Ալեքսադր Խատիսեանը, Խ.Կարճիկեանը, Սիմոն Վրացեանը, Վահան Մինախորեանը, Ս.Արարատեանը, Աբրահամ Գիւլխանդանեանը եւ զանազան ուրիշներ:

Վրիժառու բազուկները՝ Դրօ (յետագային նաեւ զինուորական ղեկավար), Մարտիրոսը, Սողոմոն Թէհլիրեանը, Մ.Թորլաքեանը, Ա.Երկանեանը, Արշաւիր Շիրակեանը, Ս.Ծաղիկեանը եւ այլն:

Դաշնակցութեան պատմութիւնը կը նոյնանայ վերջին ութսունականի մեր ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան հետ: Պանք Օ թօմանի գրաւում, Խանասորի արշաւանք, Սասնոյ եւ Վասպուրականի ‎ֆետայական գործունէութիւն, պայքար հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշման դէմ, Սասնոյ 1904ի ապստամբութիւն, մահափորձ Սուլթան Համիտի դէմ, 1905-1906ի հայ-թաթարական կռիւներ, մասնակցութիւն Պասրսկաստանի յեղափոխութեան, ղեկավար մասնակցութիւն 1915ի Վանայ, Շապին Գապահիսարի, Ուր‎ֆայի եւ Մուսա Լգրան հերոսամարտերուն ղեկավարութիւն 1918 Մայիսեան գոյամարտի, կարգ մը կարեւոր օղակներն են միայն յեղափոխական եւ ազատագրական այն ծաւալուն գործունէութեան՝ զոր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մղեց Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ, այն դատին նուիրաբերելու լաւագոյնները իր ուժերէն:

«Դաշնակցութիւն Կուսակցութիւն,- կը գրէր տակաւին 1896ին Խրիմեան Հայրիկ Վասպուրականի ժողովին ուղղուած իր մէկ կոնդակին մէջ,- հայկական նոր ասպետութիւնն է. նոր յառաջամարտիկներն մէկ-մէկ ասպետներ հանդիսացան ի վասպուրական եւ այլուր»: Ասպետական մարտնչումներու բուն շարանը, սակայն, 1896ին սկսած չէր տակաւին:

Ե)ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ.                                                             1908ին Պոլսոյ մէջ կազմուած էր Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութիւնը, որուն հետ միաձուլուած էր նախկին Արմենականներու կարեւոր մէկ մասը:

Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որպէս ազգայնական կազմակերպութիւն, շրջան մը գործեց այդ անուան տակ: Ապա ան վերակազմուեցաւ՝ առնելու ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունը: Այս կամ այն անունով՝ Հնչակեանութիւնը իր 1896ի պառակտումէն ետք փաստօրէն միշտ մնաց, սակայն գաղութային կազմակերպութիւն եւ Հայաստանի մէջ մասնաճիւղեր եւ գործունէութիւն չունեցաւ:

Ի վերջոյ Ազատական կուսակցութիւնը միացաւ սահմանադիր Ռամկավար կուսակցութեան հետ, կազմուեցաւ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆը, որ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բաւական պահպանողական հակումներով ազգային ժողովրդական կազմակերպութիւն մըն էր, որ կը ձգտէր Հայաստանի անկախութեան եւ, սկզբունքով, հակահամայնավար է: Ներկայի իր քաղաքական ուղղութիւնը, սակայն հաշտ չէ վերոյիշեալ ծրագրային սկզբունքներուն հետ:

Զ)ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐԵՐ. Հայ Համայնավար առանձին կուսակցութիւն գոյութիւն չունի: Իր հիմնական սկզբունքով իսկ, Համայնավարութիւնը դասակարգային պայքարի համար ստեղուած կուսակցութիւն է, միջազգային բնոյթով եւ նկարագրով: Հայաստանի մէջ, ուր խորհրդային վարչաձեւի տակ Համայնավարութիւնը միակ եւ ղեկավար կուսակցութիւնն էր, համայնավարները կը կազմէին ՀԱՄԱՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէկ հատուածը՝ Հայաստանի Կոմունիստ (Պոլշեւիկ) Կուսակցութիւն անունով: Անուանապէս ունէր առանձին Կեդրոնական Կոմիտէ մը, որ սակայն իր ուղղութիւնն ու հրահանգները կը ստանար Մոսկուայի համասովետական Կեդրոնական Կոմիտէէն եւ քաղաքական Բիւրոյէն:

Արտասահմանի մէջ՝ հայ համայնավարները կը մտնեն տեղական համայնավար կուսակցութեանց կազմերուն մէջ:

Հայ համայնավարներ գոյութիւն ունեցած են Կովկասի եւ Ռուսաստանի մէջ, եւ յաճախ՝ ղեկավար դիրքերու հասած: Կարեւորագոյն դէմքերէն՝ յիշենք Ստեփան Շահումեանը, Լուկաշինը, Ա.Միկոյեանը եւ ուրիշներ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները …