Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

ԱՆՁԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ

Անձի ձեւաւորման ժամանակ մարդը կ՛անցնի զարգացման հետեւեալ աստիճաններէն.
1-Կենսաբանական էակ
2-Ընկերային էակ
3-Բանական էակ
4-Հոգեբանական էակ

1-ԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ԷԱԿ

Նմանելով կենդանական միւս տեսակներուն, որոնք իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու համար, բնութենէն կը վերցնեն արդէն պատրաստի միջոցներ, մարդը նոյնպէս կ՛օգտուի այդ պատրաստի միջոցներէն, քանի որ մարդը նոյնպէս բնութեան մէկ մասնիկն է: Տարբերելով կենդանիներու միւս տեսակներէն մարդը ոչ միայն կ՛օգտուի բնութեան պատրաստի միջոցներէն այլ ներգործելով բնութեան վրայ՝ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ բնութիւնը, միաժամանակ կը փոխուի նաեւ ինք:

Որպէս կենդանական էակ, մարդը նոյնպէս կ՛ենթարկուի բնութեան օրէնքներուն եւ կը զարգանայ նոյնքան ներդաշնակ, որքան բնութիւնը:

2-ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԷԱԿ

Մարդը, որպէս կենդանիներէն աւելի կազմակերպուած էակ, կարիք ունի ապրելու իր նմաններուն շրջանակին մէջ՝ շփուելով եւ հաղորդակցելով անոնց հետ:

Մարդը երբ կը շփուի ու կը հաղորդակցի իր նմաններուն հետ, անցում կը կատարէ կենդանական աստիճանէն դէպի ընկերային աստիճանը դառնալով հասարակական էակ:

Մարդը հասարակութենէն դուրս չի կրնար զարգանալ, որովհետեւ այդպէս կը վերադառնայ դէպի առաջին աստիաճան:

Ապրելով հասարակութեան մէջ, բնականաբար ան կ՛ենթարկուի հասարակական օրէնքներու, որոնք պարտադիր են հասարակութեան մէջ ապրող բոլոր մարդոց համար:

Ապրելով հասարակութեան մէջ, ան իր ձեւաւորման գործընթացին  կ՛իրականացնէ երեք տեսակի գործունէութիւն՝ խաղ, ուսում, աշխատանք:

Մարդու կեանքի այս կամ այն շրջանին, երեք գործունէութիւններէն մէկը առաջնային է եւ միւս երկուքը զուգահեռ կ՛ընթանան:

3-ԲԱՆԱԿԱՆ ԷԱԿ

Մարդը իր զարգացման ընթացքին, շփուելով ու հաղորդակցելով իր նմաններուն հետ, կարիք ունի փոխանցելու իր զգացածն ու ընկալածը, ստուգելու համար անոնց ճշմարտացիութիւնը: Տարիքի հետ կը զարգանայ՝ մտածողութիւնը՝ վերլուծական, համադրական, ընդհանրական, մասնական:

Այս չորս մտածողութիւններու զարգացման հետեւանքով, մարդուն մէջ կը զարգանայ մտածողութեան ունակութիւնը, հետեւաբար մարդը կը դառնայ բանական մտածող էակ:

4-ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԷԱԿ

Մարդու զարգացման ամենաբարձր աստիաճանը հոգեբանական էակ ըլլալն է: Հոգեբանական պահանջները սահմանափակումներ չունին, ընդհակառակը՝ անոր ծաւալէն ու խորութենէն կախեալ է մարդու կատարեալ ըլլալը:

Հոգեւոր պահանջները մարդուն կ՛ուղեկցին իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մինչեւ վախճան:

About talar

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704 ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 …