Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ՊԱՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՊԱՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՊԱՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ճանապարհներու դիմաց կանգնած է ան, մոլարած է, իր դիմաց բացուած են անծայրածիր ուղիներ ու անհամրելի արահետներ, ոմանք քարքարոտ կ՛երեւին, սակայն լոյս մը կը փայլի անոնց անշօշափելի հորիզոններուն վրայ, ոմանք ալ դիւրաքալելի կը թուին, սակայն անոնց վերջը խաւարի մէջ ծածկուած է, իսկ ան տակաւին կանգնած կը մնայ այդ ուղղութիւններուն դիմաց, բայց երկար սպասելն հարկաւոր չէ, պէտք է արագ ընտրել անոնցմէ մէկը, թէ ոչ կը մնայ այնտեղ, այդ անորոշութեան վայրին մէջ յաւիտեան:

Այս անցորդն է պատանին:

Պատանեկան տարիքը մարդու կենաքի ե՛ւ ամենաաբարի եւ ամենավտանգաւոր շրջանն է: Վտանգաւոր է, որովհետեւ ապագայի կերտման կերպի հիմնական դերակատարն է, սակայն բարի է, որովհետեւ այնտեղ գործուած սխալները մեծամասնութեամբ ներելի են ե՛ւ ընկերային-մարդկայինօրէն ե՛ւ իրաւադատականօրէն:

Պատանեկան տարիքի իւրայատկութիւններուն եւ հանգրուաններուն մասին սերտողութիւններ կատարուած են շարք մը մանկարվարժներու կողմէ, նշելի են յատկապէս երեք մանկավարժներու տեսութիւնները Կոմէնսկիի, Ժոն Լոկի եւ Ժան Ժագ Ռոսոյի:

Ուրեմն պատանին մանկութեան շրջանէն երիտասարդութեան շրջան անցնելու տարիքին մէջ գտնուողն է: Ան այլեւս մանուկ չէ, մանկական խաղերը իրենց հրապոյրը կորսնցուցած են անոր համար, ան նաեւ երիտասարդ չէ եւ չունի երիտասարդին պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Միաժամանակ սակայն երբեմն-երբեմն ան խաղերու կարօտէն կը տառապի, եւ մերթ ընդ մերթ յանձնառութիւններ ստանձնելու աստիճան կը հասուննայ:

Մանկավարժներու կողքին բազմաթիւ հոգեբաններ սերտած են պատանիի տարիքային իւրայատկութիւնները եւ կատարած անոնց հոգեբանական վերլուծութիւնները:

Տիեզերքի մէջ աւելի վստահելի գոյութիւն չկայ գան գոյութիւնը հոգիին, հետեւաբար հոգեբանական այս շրջագծէն ներս պէտք է դիտել շարք մը այլ հոգեբանական երեւոյթներու կողքին պատանին եւ անոր տարիքային իւրայատկութիւններու երեւոյթները:

Պատանին իր մէջ ունի իր զարգացման յատուկ եղանակը: Պատանիին ազդու կերպով սորվեցնելու համար պէտք է ճանչնալ ու հասկնալ զինք եւ ամէնակարեւորը՝ սիրել անոր: Պատանին կեդրոնը կը կազմէ դաստիարակութեան, իսկ անոր օգտակար հանդիսացող դաստիարակութիւնը պէտք է համաձայն ըլլայ իրե՛ն եւ ոչ թէ դաստիարակութեան:

Վստահէ՛ պատանիին  դիտարկելու ուժերուն, դի՛ր զինք սորվելու կենդանի վիճակներուն մէջ եւ ան շահագրգռութեամբ պիտի հակազդէ անոր՝ սրտով, մտքով եւ հոգիով:

Յայտնի մանկավարժ Ժան Ժագ Ռուսոյի համաձայն մանուկը կ՛անցնի դաստիարակչական զարգացման չորս հանգրուաններէ կամ աստիճաններէ:

Իւրաքանչիւր աստիճան բաւական տարբեր է միւսներէն, ուսումնական ու դաստիարակչական ծրագրի մը իւրացումը երաշխաւորելու իմաստով: Միաժամանակ իւրաքանչիւր աստիճանի նպատակասլաց ու ծրագրաւորուած մօտեցումը մանուկը կը պատրաստէ յաջորդող աստիճաններու:

Առաջին Հանգրուանը կամ աստիճանը ծնունդէն մինչեւ հինգ տարեկան շատ վաղ մանկութեան շրջանն է, ուր բնութեան դաստիարակութիւնը կը կեդրոնանայ մանուկը ծանօթացնելու իր մարմնի պաշտօններուն:

Երկրորդ աստիճանը՝ հինգէն տասներկու տարեկանն է, որ վաղ մանկութեան շրջանն է: Այս շրջանին բնութեան դաստիարակութիւնը կը կեդրոնանայ իր զգայարանքները մարզելու եւ բարոյական պարզ դասերուն շուրջ:

Երրորդ աստիճանը՝ տասներկուքէն մինչեւ տասնհինգ տարեկան է, որ տրամաբանելու շրջանն է:

Չորրորդ աստիճանը՝ տասնհինգէն մինչեւ քսան տարեկան է, որ դէպի երիտասարդութիւն անցնելու անցումային շրջանն է:

Մեզի կը հետաքրքրեն վերջին երկու հանգրուանները եւ մասամբ երկրորդ հանգրուանը, նկատի ունենալով Պատանեկան միութեան կանոնագրով սահմանուած պատանիի տարիքը:

Պատանիի իւրայատկութիւնները բացատրելու ծառայող սերտողութիւններուն մէջ հետաքրքրական է Զուիցերեացի ուսուցիչ Ճոհան Հայնրիխ Բէսթալոցցի (1746-1827) սերտողութիւնը: Ան կը թելադրէ պատանիին մէջ ճանչնալ  բնական զարգացման եղանակը, որպէսզի դաստիարակը այդտեղէն սկսի ստանձնել իր դերը:

Բէսթալոցիի իր տեսակէտերը հասկնալի դարձնելու նպատակով պատանին կը բաղդատէ վարդի թուփի հետ: Աճումի բոլոր կարելիութիւնները վարդի թուփի մէջ են կ՛ըսէ ան, եթէ մէկը վարդի թուփը կաղնիի ծառի վերածել ուզէ, կ՛ապականէ զայն եւ բնականաբար կը ձախողի, սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ վարդի թուփը խնամքի կարօտ ունի, ուրեմն կարենալ մեծցնելը կ՛ենթադրէ երկու տեսակ կերպ՝ առաջինը ունենալ վարդ արտադրող բոյս, երկրորդ՝ գիտնալ խնամել զանիկա:

Պատանեկան շրջանի իւրայատկութիւնները կարելի չէ բաժնել դրական ու ժխտական իւրայատկութիւններու, եթէ խօսքը դաստիարակուած կամ դաստիարակութեան յանձնուած պատանիին մասին է, որովհետեւ հակառակ պարագային դրականն ու ժխտականը պատանիին պէտք չէ վերագրել այլեւ դաստիարակողին, որովհետեւ պատանին ինչպէս 17-րդ դարու անգլիացի տաղանդաւոր հոգեբան մանկավարժ Ճոն Լոկ կ՛ըսէ մաքուր տախտակ է Tabuka Rasa, ուր կարելի է ցանկացած տուեալ սերմանել ուժեղ դաստիարակութեան միջոցով, սակայն կարելի է ընդգծել պատանիի դաստիարակութեան ընթացքին հոգեբանական տուեալներու ներգործութեամբ յառաջացած կարգ մը տարիքային յատկութիւնները եւ անոնց բարեփոխման լուծումները.-

Ա.-Կամակորութիւն

Կամակորութիւնը ցայտուն երեւոյթ է պատանիի կեանքին մէջ եւ այնպէս կը ձանձրացնէ դաստիարակը: Այս հարցի մասին մանկավարժներու կարծիքները խիստ տարբեր են, ոմանք կամակորութեան մէջ կը տեսնեն ժառանգական տրամադրուածութիւն: Մակավարժներուն  տարբեր տեսակէտերը տարբեր լուծումներ կ՛ենթադրէ, օրինակ ոմանք կ՛երթան ծայրայեղութեան եւ խորհուրդ կու տան շատ շուտ կոտրել այդ կամակորութիւնը ինչ գնով որ ըլլայ, այն համոզմունքով, որ աւելի լաւ է որդին մեռած ըլլայ քան կամակոր:

Կամակորւթիւնը ազատութեան խեղաթիւրուած ձգտումն է, առաջին հայեացքէն դժուար է տարբերել, թէ ինչէն առաջ կու գան պատանիի հաստատակամ պահանջները, արդեօք այն իրողութենէն, որ ան իսկապէս կ՛ուզէ այս կամ այն բանը ընել, թէ չէ միայն անկէ, որ անոր չեն տար այն ինչ որ կ՛ուզէ, առաջինին պարագային ան դրական բովանդակութիւն ունեցող կիրք է, իսկ երկրորդ պարագային՝ միայն կամակորութիւն: Պատանիին կիրքը մեծ չէ, այսուհանդերձ ան ամբողջովին ենթակայ կը դառնայ իր փոքրիկ կիրքին:

Ենթադրենք թէ որեւէ բան խոստացուած է պատանիին, այդ խոստումը անոր մէջ հարուցեր է ամենակենդանի մտապատկերներ եւ սպասուող երջանկութեան մէջ ան այնքան շատ բաւականութիւններ կը տեսնէ, որ չափահասի համար դժուար է անգամ երեւակայել: Խոստումը չի կատարուիր եւ պատանիին վիշտը անսահման կը դառնայ, սակայն կարճ ժամանակ անց ան արդէն մխիթարուած է այլ բանով, հետեւաբար այստեղ ուժեղ, արմատացած կիրք չկայ:

Բ.-Հաստատակամութիւն

Կամակորութիւնը ամէն մէկ հոգիի համար բնածին հանդիսացող գործունէութիւն է, որուն ուժը խոչընդոտներու հանդիպելով կ՛արտայայտուի անոնք յաղթահարելու հաստատակամութեամբ:  Թէ՛ ճիշդ ձգտման ուժը եւ թէ խեղաթիւրուած ձգտման ուժը միանման կ՛արտայայտուին մէկ նպատակի ուղղուած ցանկութիւններու եւ գործողութիւններու հաստատակամութեան մէջ, իսկ դաստիարակը առաջինը պէտք է զարգացնէ իսկ երկրորդին դէմ պայքարի:

Բնական հաստատակամութիւնը կրնայ խեղաթիւրուիլ զանազան պատճառներով, ամենասովորական պատճառներէն մէկը բորբոքուած ինքնասիրութիւնն է, պատանին չուզեր խոստովանիլ իր սխալը, թէեւ կը տեսնէ, սակայն կ՛ամչնայ տեղի տալու: Ամօթէն յառաջացած այս յամառութիւնը շատ անգամ կը նկատենք երբ պատանին իր ընկերներուն ներկայութեամբ  կը մերժէ զիջիլ դաստիարակին կամ իր ընկերներուն  ճիշդ պահանջներուն:

Յամառութեան մէջ երբեմն մեծ դեր կը խաղայ անվստահութեան, սէր ———————չտածելու, այլեւ նոյնիսկ ատելութեան զգացմունքը: Յամառութեան ամենավատ տեսակը դիւրութեամբ կը վերածուի քինեխնդութեան:

Շատ անգամ կամակորութեան թաքուն պատճառը պատանիին համար բնածին հանդիսացող իրաւունքի զգացումն է կամ աւելի ճիշդ է ըսել իրաւահաւասարութեան զգացմունքը: Պատանին ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ վարուելու իր կամքով եւ կը պնդէ իր արարքին վրայ, թէեւ անոր բովանդակութիւնը արդէն անկարեւոր դարձած է անոր համար:

Լուծումներ

ա)Պատանիի բարոյական զարգացման համար շատ աւելի օգտակար եւ հեշտ է կանխել կամակորութեան զարգացումը անոր մէջ քան արմատախիլ ընել:

բ)Կանխող գլխաւոր միջոցառումը հանգիստ կեանքն ու սիրով լեցուն վարմունքն է: Պատանին երբ կը զգայ, որ զինք կը սիրես, այլեւ ան խմորի նման քեզ կ՛ենթարկուի եւ շատ կը հեռանայ կամակորութենէ եւ յամառութենէ:

գ)Անոր ուժերուն համապատասխանող գործունէութեան հնարաւորութիւններ տալ եւ օգնել միայն այնտեղ ուր կը պակսին անոր ուժերը:

դ) Երբեք չխոստանալ այն ինչ որ կարելի չէ կատարել, որովհետեւ երբեք պէտք չէ խաբել անոր:

ե)Եթէ մերժումը անհրաժեշտ է ապա պէտք է մերժումը վճռական ըլլայ, առանց տատանումներու եւ այնուհետեւ չփոխել որոշումը:

զ)Չմերժել այն ինչ կարելի է տալ կամ թոյլատերել:

Գ.-Խրախուսանքի կարիքը

Պատանին իր տարիքային իւրայատութիւններու բերումով կարիքը ունի խրախուսանքի: Խրախուսանքը անձնաւորութեան այս կամ այն գործունէութեան արժեւորումն է դրական իմաստով: Խրախուսանքը կրնայ ըլլալ նիւթական թէ բարոյական: Բարոյական խրախուսանքին մէջ կը մտնեն շնորհակալութիւնը, գովեստը, պարգեւատրումը:

Դ.-Համոզմունքի գոյացման կարիք

Պատանին արդիւնաբերելու համար կարիքը ունի համոզմունքի գոյացման:

Համոզմունքը կատարած արարքի ճշմարտացիութեան նկատմամբ հաւատն ու վստահութիւնն է: Համոզման ժամանակ դաստիարակողը պէտք է կիրարէ խօսքային ներգործող մեթոտներ եւ անձնական օրինակ: Համոզման աստիճանն ու արդիւնաւէտութիւնը կախեալ է դաստիարակողի անհատականութենէն եւ ճիշդ մօտեցումէն:

Ե.-Անկարգապահութիւնը

Կարգապահութիւնը ձեռք բերուած սովորութիւն է եւ առնչուածութիւն չունի ժառանգաբար փոխանցուող յատկութիւններուն հետ, հետեւաբար կարգապահութեան յատկութիւնը մենք ենք, որ կը դնենք պատանիին մէջ ապա թէ ոչ ան անկարգապահ կը դառնայ:

Մանկավարժութեան գիտութեան հիմնադիր, փիլիսոփայ, մանկավարժ  Եան Ամոս Կոմենսկին չափազանց կարեւորած է կարգապահութիւնը աշխատանքի մէջ, յաճախ մէջբերելով չեխական հետեւեալ ասացուածքը՝ «դպրոցը առանց կարգապահութեան, նման է առանց ջրի ջաղացքի»:

Զ-Ֆիզիքական իւրայատկութիւններ

Չափազանց կարեւոր է պատանիի ֆիզիքական կարողութիւններու զարգացումը, այս մասին  բաւական լայնածաւալ սերտողութիւն կատարած է Ճոն Լոկը, իր ամբողջ գաղափարները խտացնելով «Առողջ միտքը, առող մարմնին մէջ» թեւաւոր խօսքին մէջ: Այս մասին գրած են նաեւ մանկավարժներ՝ Ղազարոս Աղայեանն ու Նիկողայոս Զօրեանը: Զօրեան վճրականապէս մերժած է մարմնական պատիժները եւ առաջ քաշած աշխատանքային, մտաւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան միասնութիւնը:

Պատանիի մնացեալ յատկութիւններէ կախեալ են դաստիարակողէն, այսպէս եթէ մենք կ՛ուզենք լաւ դաստիարակուած ու կրթուած սերունդ ունենալ, ողջունելի իւրայատկութիւններով ապա պէտք է մենք հիւսենք անոր այդ իւրայատկութիւնները, այսպէս.-

1-Պէտք է ըլլալ չափազանց մարդասէր, երեխասէր, ապրիլ երեխայի հոգերով եւ ապրումներով:

2-Պէտք է տիրապետել հոգեբանական գիտելիքներու, կարողանալու համար տիրապետել երեխաներու հոգեկան աշխարհին, հաղորդակից դառնալով անոնց յոյզերուն ու զգացումներուն:

3-Աշխատանքի մէջ պէտք է ներդրել՝ սէր, նուիրում, ապրում:

4-Ըլլալ ժողովրդավար:

5-Չափազանց կարեւոր է դաստիարակողի անձնական եւ մասնագիտական որակի համադրումը՝ ան պէտք է ունենայ անհատական վեհ յատկութիւններ՝ արդար, բարի, հայրենասէր, ճշդախօս, ներողամիտ, համբերատար, ինքնատիրապետող (ցաւը՝ դուրսը, ծիծաղը՝ ներսը), ունենայ մասնագիտական խոր գիտելիքներ, բարձր վարուեցողութիւն, լայն մտահորիզոն, մտքի թռիչք, ստեղծագործ ոգի:

Գերմանացի մտածող Պէլ Հաուֆմանը «Դէպի վեր-ներքեւ տանող աստիճաններով» աշխատութեան մէջ, դաստիարակ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մասին տուած է հետեւեալ միտքը՝ «Դաստիարակ-աշակերտ փոխյարաբերութիւնը կը նմանի պարանի վրայէն քալելուն, որուն ժամանակ մէկ անգամ սայթաքիլը կրնայ ճակատագրական ըլլալ»:

Այս բոլորին կողքին մենք մեր պատանիներուն մէջ պիտի բարձրացնենք ազգային գիտակցութեան ոգին, ազգին հարցերով զբաղելու իւրայատկութիւնը, ազգային արժէքները բարձր պահելու շնորհքը եւ այս դժուարին պարտականութիւնը դաստիարակներուն յանձնուած է: Այս առնչութեամբ Ղ. Աղայեան կը պահանջէ, որ դաստիարակը հասկնայ երեխայի հոգին եւ ըլլայ երեխասէր, բարի, քնքուշ եւ ներողամիտ: Ան դաստիարակի դերակատարութեան կարեւորութիւնը շեշտելով կ՛ըսէ « Այն ինչ որ մայրը կու տայ իր կաթով, այնպէս ալ դաստիարակը կու տայ իր լեզուով»:

Ուրեմն դաստիարակութեան գործին մէջ պէտք է պատանիի ու դաստիարակի աշխատանքները միասին ընթանան: Դաստիարակի հեղինակութիւնը մէկ օրուան մէջ չստեղծուիր, այլ ձեռք կը բերուի տարիներու աշխատանքի ընթացքին:

Դաստիարակի հեղինակութիւնը պատանիներուն  անհատականութեան յատուկ ուժն է, որուն ձեռքբերման համար անհրաժեշտ է վայելել պատանիներու սէրը, յարգանքը, հաւատը եւ վստահութիւնը:

Դաստիարակը այս բոլորը իրականացնելու համար անդադար սորվելու կարիքն ունի: Ռուս յայտնի մանկավարժ Կոստանդին Տիմիդրի Ուշինսքին դաստիարակի մասին ըսած է «Քանի դեռ դաստիարակը կը սորվի կրնայ սորվեցնել, իսկ երբ դադրի սորվելէ կը դադրի դաստիարակ ըլալլէ», Պատանիին հասկնալը տեսական գիտելիքներուն կողքին նաեւ գործնական կեանք կը պահանջէ, իսկ տաս տեսական գիտելիք մէկ գործնականի դիմաց է, հետեւաբար պատանիներուն հետ մեր ունեցած ամենօրեայ շփման մէջ ճանչնանք անոնց, փորձենք կիրարկել մեր սերածն ու սորվածը գործնական գետնի վրայ ու միշտ յիշենք, որ մենք սովորական պատանիի պատրաստութեան համար չէ որ պէտք է աշխատինք, այլ՝ հայ պատանիի պատրաստութեան, որմէ հայ երիտասարդը պիտի կերտուի, որ իր անթուելի արժանիքներով այնքան տարբեր է ոչ հայ երիտասարդէն:

About talar

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704 ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 …