Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԿԱՄ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԿԱՄ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԿԱՄ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԸ

Հայ դպրոցը այն վայրն է, ուր կը կրթուին ու կը դաստիարակուին հայ ազգի զաւակները: Հայ դպրոցի ու միութեան առաքելութիւնն է իրականացնել հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, աճող սերունդին մէջ վառ պահելով ազգային ինքնագիտակցութեան ոգին:

Ազգային դպրոցի խնդիրներէն է աճող սերունդին փոխանցել՝ ազգային եւ համամարդկային պատմական արժէքներ, անոնց մէջ սերմանելով բարոյական վեհ գաղափարներ: Բնականաբար այս գործը իրականացնողը դպրոցին մէջ ուսուցիչն է, իսկ միութեան մէջ դաստիարակը, որուն աշխատանքային ընթացքէն կախեալ է ապագայ սերունդի կերտման դժուարին գործը:

Ուսուցիչին աշխատանքը արուեստ է, իսկ ուսուցիչը արուեստագէտ:

          ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1-Ուսուցիչը պէտք է ըլլայ չափազանց մարդասէր, երեխասէր, ապրի երեխայի հոգերով եւ ապրումներով:

2-Ուսուցիչը պէտք է տիրապետէ հոգեբանական գիտելիքներու, կարողանալու համար տիրապետել երեխաներու հոգեկան աշխարհին, հաղորդակից դառնալով անոնց յոյզերուն ու զգացումներուն:

3-Ուսուցիչը իր աշխատանքին մէջ պէտք է ներդրէ՝ սէր, նուիրում, ապրում:

4-Ուսուցիչը պէտք է ըլլայ ժողովրդավար:

5-Չափազանց կարեւոր է ուսուցիչի անձնական եւ մասնագիտական որակի համադրումը՝ ան պէտք է ունենայ անհատական վեհ յատկութիւններ՝ արդար, բարի, հայրենասէր, ճշդախօս, ներողամիտ, համբերատար, ինքնատիրապետող (ցաւը՝ դուրսը, ծիծաղը՝ ներսը), ունենայ մասնագիտական խոր գիտելիքներ, բարձր վարուեցողութիւն, լայն մտահորիզոն, մտքի թռիչք, ստեղծագործ:

Գերմանացի մտածող Պէլ Հաուֆմանը «Դէպի վեր-ներքեւ տանող աստիճաններով» աշխատութեան մէջ, ուսուցիչ-աշակերտ փոխ յարաբերութեան մասին տուած է հետեւեալ միտքը՝ «Ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութիւնը կը նմանի պարանի վրայէն քալելուն, որուն ժամանակ մէկ անգամ սայթաքիլը կրնայ ճակատագրական ըլլալ»:

About talar

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704 ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670 …