Մանկավարժութիւն թերմինը յունական ծագում ունի: Ան բաղկացած է երկու մասերէ.
1-Բետիա՝ կը նշանակէ մանուկներ:
2-Կոկի ( gogy, teaching) կը նշանակէ կը վարեմ: Այս երկուքին միացումով կը ստանանք մանկավարժութիւն բառը:
Մանկավարժութեան գիտութիւնը ծնունդ առած է 17-րդ դարուն, շնորհիւ չեխ նշանաւոր մանկավարժ, հոգեբան եւ փիլիսոփայ՝ Եան Ամոս Կոմէնսկիի:
Մինչեւ 17-րդ դար մանկավարժութիւնը մաս կազմած է փիլսոփայական գիտութիւններուն, Կոմէնսկին մանկավարժութեան գիտական մշակում տուաւ, այսինքն՝ ստեղծեց անոր համակարգը, ճշդեց նպատակը, խնդիրները, ուսումնասիրութեան առարկան, օրինաչափութիւնները, հասկացութիւնները եւ մեթոտաբանական հիմքը:
Այսօր մանկավարժութեան ուսումնասիրութեան շրջանակը արդէն ընդլայնուած է, ընդգրկելով անձի ձեւաւորման, զարգացման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրները, դեռ աւելին ան կ՛ընդգրկէ հասարակական միջավայրի բոլոր օղակները.-
1-Ընտանիքը:
2-Կրթօճախները:
3-Աշխատանքային վայրերը:
4-Հասարակական-քաղաքական միութիւնները:
5-Հոգեւոր միութիւնները:
6-Արուեստի դպրոցները (կեդրոններ):
Մանկավարժական գիտութեան հիմնական նպատակը աճող սերունդին համակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումն ու դաստիարակութիւնն է: Մարդու համակողմանի զարգացում կը նշանակէ եռամիասնական զարգացում, այսինքն՝ մարմնի, մտքի եւ հոգիի:
Մանկավարժութիւնը ունի հետեւեալ ութ հասկացութիւններ, որոնք կարեւոր են անձի զարգացման համար.
1-Դաստիարակութիւն
2-Վերադաստիարակութիւն
3-Ինքնադաստիարակութիւն
4-Կրթութին
5-Ինքնակրթութին
6-Ուսուցման գործընթաց
7-Ձեւաւորում
8-Զարգացում