ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ
Ղազարոս Աղայեան խորութեամբ ուսումնասիրած է Կոմէնսկիի, Պէսթալոցի, Տիսթերվէկի, Ուշինսկի մանկավարժական հայեացքները, սակայն այդ հայեացքներու մեքանիքական փոխադրում չէ կատարած հայ իրականութեան մէջ այլ հաշուի առած է երեխային ազգային առանձնայատկութիւնները:
Ան չափազանց ժողովրդավար մանկավարժ էր եւ կը պաշտպանէր հասարակ ժողովուրդի շահերը եւ հարց կը դնէր երեխաներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան վերաբերեալ:
Երեխայի դաստիարակութեան հարցին մէջ ան չափազանց կարեւորած է ֆիզիքական եւ աշխատանքային դաստիարակութիւնը եւ առաջ քաշած է արհեստներու ուսուցման հարցը, պահանջելով դպրոցներուն մէջ արհեստանոցներ ունենալը: Այս գաղափարը ան արտայայտած է «Անահիտ» պատմուածքին մէջ:
Աղայեան չափազանց կարեւորած է ուսուցիչի դերը երեխային կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցին մէջ, պահանջելով, որ ան հասկնայ երեխայի հոգին եւ ըլլայ երեխասէր, բարի, քնքուշ եւ ներողամիտ: Ան կը բերէ հետեւեալ համեմատութիւնը « Այն ինչ որ մայրը կու տայ իր կաթով, այնպէս ալ ուսուցիչը կու տայ իր լեզուով»:
Ան չափազանց կարեւորած է կնոջ կրթութիւնը, որովհետեւ իր կարծիքով «Ազգի բախտը Կանանց ձեռքն է, հետեւաբար կանայք պէտք է կրթուին ու դաստիարակուին»:
ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԶՕՐԵԱՆ
Նիկողայոս Զօրեան արեւմտահայ մանկավարժութեան առաջին մունետիկն է, ան ժողովրդավար մանկավարժ էր եւ կը պաշտպանէր հասարակ ժողովուրդի շահերը: Ան առաջին անգամ առաջ քաշած է երկսեռ ուսուցումը, չափազանց կարեւորելով կանանց կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը:
Ան մանկավարժական եւ դաստիարակչական հարցերը ամփոփած է «Դաստիարակութեան գլխաւոր թերութիւնները» աշխատութեան մէջ:
Ան վճրականապէս մերժած մարմնական պատիժները եւ առաջ քաշած է աշխատանքային, մտաւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան միասնութիւնը:
Ան ուսուցման գործընթացի յաջողութեան կարեւորագոյն գրաւականը համարած է ուսուցիչի անհատականութիւնը:
Զօրեանի հայեացքները մինչեւ օրս չեն կորսնցուցած իրենց գիտական, կրթական դերն ու նշանակութիւնը: