ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

18 Փետրուար 1921…

Հայկական համաժողովրդային շարժումը ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ մարդկային ու ազգային ոչ մէկ արժէք կը դաւանէր:

Բանտերը խճողուած էին քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, շարքային քաղաքացիներով եւ գիւղացիներով, որոնք դատապարտուած էին կամ քրէական յանցանքներով եւ կամ հասարակական կարգը խախտելով, ունեցուածքը չյանձնելու եւ երկրի տէրերուն չհնազանդելու յանցանքով:

Երկրին մէջ տիրած էր վախի ու սարսափի մթնոլորտ: Քաղաքական հետապնդումները, տնտեսական ծանր կացութիւնը, իշխանութիւններու տմարդի վերաբերմունքը, ժողովուրդին մօտ օրէ օր աճող ատելութիւնն ու զայրոյթը ընդվզումէն զատ ուրիշ ելք չունէր:

Դժուար էր ազգային արժէքներու եւ ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանումին համար ճամբայ ելած ժողովրդային շարժումները պարտութեան մատնել, որովհետեւ այդ շարժումը յատկանշողը, անոր ուժին աղբիւրը գաղափարի վրայ հիմնուած հաւաքական կամքն է եւ ոչ թէ անհատներու հեղինակութիւնը:

Հայաստանի օրուան իշխանութեան ղեկը պահող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իշխանութիւնը զիջեցաւ համայնավարներուն՝ յուսալով որ անոնք թոյլ չեն տար, որ թրքական ուժերը ներխուժեն Հայաստան: Որովհետեւ Դաշնակցութեան համար մի՛շտ ալ էականը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւումը, անկախ թէ ով կը գտնուի իշխանութեան գլուխ:

Սակայն համայնավարները իշանութեան գլուխ գալով փոխանակ բաւարարելու հայ ժողովուրդին ապրելու նուազագոյն պահանջները, ժողովուրդին չունեցածն ալ սկսան խլել: Ընչազուրկ ժողովուրդին վրայ գործադրուող այս անմարդկային ճնշումներուն զուգահեռ՝ համայնավարները հետապնդեցին նաեւ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան գլխատումը, հայկական բանակի հրամանատարութիւնը աքսորուեցաւ երկրէն դուրս, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման ու կերտման մէջ դերակատար քաղաքական ղեկավարութիւնը բանտարկուեցաւ:

Ահաւասիկ մարդկայնօրէն անտանելի այս կացութեան դէմ էր, որ պոռթկաց ժողովուրդը 1921 Փետրուար 18ին, իսկ այդ ժողովրդային պոռթկումին հունաւորելու ղեկը ստանձնեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Դաշնակցութիւնը չէր, որ նախաձեռնեց Փետրուարեան ապստամբութիւնը, այլ՝ ժողովրդային պոռթկումէն ետք գլխաւորեց զայն:

Թէեւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը չունեցաւ իր արդար առարկայական գնահատականը, այլեւ յաճախ դարձաւ կրքոտ վէճի առարկայ: Ոմանք անոր մէջ կþուզէին տեսնել Հայաստանի իշխանութեան վերատիրանալու Դաշնակցութեան մէկ արկածախնդրութիւնը, իսկ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կրկնեց, թէ Փետրուարեան ապստամբութիւնը անտեղի եւ աւելորդ ճնշումներու, պարտադրուած բռնութեան դէմ ապստամբութիւն մըն էր:

Փետրուարեան ապստամբութենէն հիմնական քաղելիք մեր դասը այն է, որ կարելի չէ արհամարհել ժողովուրդը, անտեսել անոր ապրելու կենսական կարիքները, զայն իրաւազրկելով ստորնացնել այնքան, որ ան հարկադրուած ըլլայ պոռթկալու, որովհտեւե միշտ չէ, որ կարելի է ժողովրդային պոռթկումը հունաւորել: Յաճախ, ժողովրդային պոռթկումները կրնան դառնալ անղեկավարելի եւ հետեւանքները՝ անկանխատեսելի:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply