Home / Ա / Նիւթեր / Մանկավարժական / ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670
ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704
ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ

ԵԱՆ ԱՄՈՍ ԿՈՄԷՆՍԿԻ 1592-1670

Մանկավարժութեան գիտութեան հիմնադիր, փիլիսոփայ, մանկավարժ, հոգեբան Եան Ամոս Կոմէնսկի ծնած է 1592-ին:

Կոմէնսկի ամբողջ կեանքի ընթացքին իշխանութիւններու կողմէն հալածուած է եւ այս պատճառով թափառաշրջիկ կեանք վարած՝ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ ժամանակաւորապէս հաստատուելով:

Ան զբաղած է մեթոտաբանական եւ դասաստեղծման աշխատանքներով: Ունեցած է բեղմնաւոր թռիչք, անոր աշխատութիւններու թիւը կը հասնի հարիւրի, սակայն երբ 1666թ.-ին Լէշնօ քաղաքը հրդեհի կը մատնուի Կոմէնսկիի ամբողջ տունը եւ գրադարանը կը փճանան եւ կը փրկուին ընդամէնը քանի մը գրքեր, որոնք հասած են մեզի:

1670-ին ան կը կնքէ իր մահկանացում տարագրութեան եւ մենակութեան մէջ:

            ԿՈՄԷՆՍԿԻԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՆԵՐԸ

Կոմէնսկին մարդասէր մանկավարժ էր:

Առաջին անգամ Կոմէնսկին մշակած է ուսուցման գործընթացի հասկացութիւնն ու օրինաչափութիւնները, առաջին անգամ մշակած է ուսուցման սկզբունքները:

Մանկավարժութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ Կոմէնսկին մշակած է դաս-դասարանային համակարգը, անոր կողմէն առաջին անգամ հաստատուած է ուսումնական տարի հասկացութիւնը եւ արձակուրդները:

Առաջին անգամ մշակած է ամենօրեայ անհատական հարցադրումներու եւ ամսական, կիսամեակային ու ամավերջի ստուգողական աշխատանքի աշխատելաձեւը:

Ան չափազանց կարեւորած է կարգապահութիւնը դպրոցէն ներս, յաճախ մէջբերելով չեխական հետեւեալ ասացուածքը՝ «դպրոցը առանց կարգապահութեան, նման է առանց ջրի ջաղացքի»:

Կոմէնսկին տուած է երեխաներու դպրոցական տարիքային բաժանման վեցական տարիներու համակարգը.

-Ծնունդէն մինչեւ վեց տարեկան (մայրական դպրոց):
 -6-12 տարեկան Մայրենի լեզուի դպրոց
 -12-18 տարեկան
 -18-24 տարեկան 

   ՃՈՆ  ԼՈՔ 1632-1704

17-րդ դարու անգլիացի տաղանդաւոր հոգեբան, մանկավարժ Ճոն Լոքը ծնած է 1632-ին:

Ան ուսումնասիրած է փիլիսոփայութիւնն ու անոր յարակից գիտութիւնները՝ հոգեբանութիւնն ու մանկավարժութիւնը:

Ճոն Լոքը համաշխարհային պատմութեան մէջ տուած է շատ մտքեր ու հայեացքներ, որոնք մինչեւ օրս չեն կորսնցուցած իրենց դերն ու նշանակութիւնը:

Ան մարդու ձեւաւորման հիմքին մէջ մեծ դեր կը վերապահէ դաստիարակութեան, սակայն ժխտելով դաստիարակութեան գործօնը:

Ճոն Լոքը նոր ծնած երեխային հոգին կը նմանցնէ մաքուր տախտակի TABULA RASA, այսինքն՝ երեխան կը ծնի առանց ժառանգական բնածին տուեալներու, ըստ որուն ցանկացած տուեալ կարելի է սերմանել ուժեղ դաստիարակութեան միջոցով:

Որպէս թեւաւոր միտք կը հնչէ Լոքի խօսքը «Առողջ մարմին, առողջ մտքի մէջ»:

Ան դէմ էր մարմնական ֆիզիքական պատիժներուն, գտնելով, որ ստրկատիրական դաստիարակութիւնը, ստրկական հոգեբանութիւն կը մշակէ:

Ան մահացած է 1704-ին:

ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ

Ծնած է 1712-ին:

Մանկավարժութեան պատմութեան մէջ Ռուսօն առաջին անգամ առաջ քաշած է բնայարմարութեան եւ ազատ դաստիարակութեան գաղափարը: Ըստ անոր մարդ որպէս բնութեան մէկ մասնիկը պէտք է զարգանայ անոր պէս համաչափ:

Ան կողմնակից էր ե՛ւ ժառանգականութեան ե՛ւ ուժեղ դաստիարակութեան գործօններու ազդեցութեան, սակայն կը մերժէր միջավայրի եւ հասարակութեան դերը անձի ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ:

Անոր հայեացքներուն մէջ երկութիւն կայ, այսպէս ան կը գտնէ, որ երեխան ծնելէն յետոյ պէտք է դուրս բերել հասարակութենէն, տանիլ բնութեան գիրքը եւ այնտեղ դաստիարակել, սակայն երբ կը հասնի արբունքի շրջան պէտք է վերադարձնել հասարակութիւն, բարոյապէս  դաստիարակելու համար:

Այս բոլոր մտքերը շարադրուած են անոր «Էմիլ» կամ «Դաստիարակութիւն» գրքին մէջ, որ գրական-գեղարուեստական մանկավարժական գործ է:

Ժան Ժագ Ռուսօն դէմ էր կնոջ կրթութեան ու դաստիարակութեան եւ կը գտնէր, որ կինը պէտք է կախուածութեան մէջ մնայ եւ պէտք է սեփական կարծիք չունենայ:

About talar

Check Also

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ

ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՆԵՐ ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ Ղազարոս Աղայեան խորութեամբ ուսումնասիրած է Կոմէնսկիի, Պէսթալոցի, Տիսթերվէկի, Ուշինսկի մանկավարժական …