Բալապեխ Կարապետ` Սերոբ Աղբիւրի ամէնէն նշանաւոր ֆետայիներէն մէկը, ահարկու կռուող էր եւ աններող հայութեան թշնամիներուն ու Դաշնակցութեան հակառակորդներուն հանդէպ: Հայաստան աշխարհի ամեհի լեռներուն պէս ըմբոստ, սարսափազդու, վճռական եւ ազնուական ֆետայի մը, այլ խօսքով՝ զտարիւն հայ մը եւ նոյնքան զտարիւն հաւատացեալ մը, որ մանուկի մը պէս կ՛ըլլար հեզ ու խոնարհ Սերոբի յիշատակին առջեւ, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կնիքին եւ անոր կամքը մարմնաւորող Բիւրոյին դիմաց:
Անգրագէտ, կրօնասէր, բռնակալ եւ կատաղի դաշնակցական այս հայդուկը կը սկսի ընթանալ իր սերունդին դաստիարակին՝ Սերոբ Աղբիւրի, գծած ուղիէն: 1989ի աշնան, Սեպտեմբերի սկիզբը, 66 հայդուկներէ բաղկացած Ճարտարի խումբին մաս կազմելով՝ Կաղզուանէն կ՛անցնի սահմանը եւ իր ընկերներուն հետ կ՛ուղեւորուի Ախլաթ: Խումբը կը հասնի Ղըլըճ Կէտիւկ եւ շրջանի քիւրտերէն նշմարուելով՝ կը սկսի բախումներով ընդմիջուող դանդաղ յառաջխաղացքը: Քիւրտ հեծեալներուն շուտով օգնութեան կը հասնի 2000-3000 Համիտիներու գլուխ անցած Հիւսէին փաշան եւ բախումները աւելի կը սաստկանան:
Խաթաուինի լեռը ապաստանելով խումբը կ՛որոշէ վերստին կազմակերպուիլ եւ առաւօտուն շարունակել կռիւը: Արշալոյսին բախումները կը սկսի աւելի կատաղի թափով եւ կէսօրուան մօտ, հայկական երկու դիրքերը լեռը պաշարած թշնամիին կողմէ գրաւուելու ենթակայ սպառնալիքին: Բայց, յանկարծ Բալապեխ Կարապետը, Առիւծ Աւագը, Առաքել Մուշեղը՝ իրենց տասնեակ մը ընկերներով, գրոհ կու տան յարձակողներուն վրայ, թշնամիէն կը խլեն մեծ թիւով զոհեր եւ կը փրկեն Երկար Նատոյի վտանգուած դիրքը:
Խաթաւին լերան կռիւներուն հետ կը սկսին Բալապեխ Կարապետի սխրագործութիւնները եւ կրակներու մէջէն դուրս թռչող, թշնամին ահ ու սարսափի մատնող առասպելական խոյանքները, որոնք կրակէ տառերով կը հաստատեն այս անզուգական ֆետայիին ռազմական բնատուր տաղանդը:
20 Հոկտեմբեր 1898ին, այս տաղանդը կը խարսխուի աւելի ամրապինդ հողի մէջ, երբ Բաբշէնի կռիւին ան հրաշքներ կը գործէ Զուլումաթի, Առաքելի, Մուշեղի, Առիւծ Աւագի, Խնձորեկցի Սոսկալի Նատոյի, Պիթլիսցի Սարգիսի եւ այլ զինակիցներու հետ: Իր 16 կորիւններով պաշարուած Սերոբ Աղբիւրը 30է աւելի թուրք զինուորներու կեանքը հնձելէ ետք՝ կը ճեղքէ թշնամիին պաշարման շղթան, մինչ Կարապետ իրեն յանձնուած ծանր վիրաւոր Զուլումաթը սպաննելու փոխարէն՝ զայն կը տեղաւորէ ապահով թաքստոց մը եւ քանի մը օր ետք միայն կը ներկայանայ Նեմրութի բարձրունքները հասած Սերոբ Աղբիւրին՝ իր վիրաւոր ընկերոջ հետ եւ կ՛արժանանայ խմբապետին բարձր գնահատանքին:
Այնուհետեւ, Բալապեխ Կարապետ կը մասնակցի բազմաթիւ կռիւներու, միաժամանակ արժանանալով հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու յարգանքին: 1904-1905 թուականներուն, Կովկասեան նախագիծի մշակման շրջանին, ռուսահայ մտաւորականութեան դէմ ըմբոստացած խմբապետը երբ իբրեւ պատգամաւոր կ՛երթայ Թիֆլիս եւ կը տեսնէ, որ նոյնը մնացած է Դաշնակցութեան կնիքը՝ կը համբուրէ զայն, մեղայի կու գայ Բիւրոյին առջեւ ու կռիւ կը յայտարարէ Դաշնակցութիւնը քայքայել փորձողներու դէմ:
Նոյնիսկ Կովկասի ապահով պայմաններուն մէջ, միշտ կազմ ու պատրաստ, ձին միշտ թամբած եւ հրացանը կողքին քնացող Բալապեխ Կարապետ ինչպէս ֆետայութեան օրերուն, կ՛ապրի ժուժկալ եւ խիստ ճգնաւորական կեանք մը: Բայց Կարապետները խաղաղ օրերուն համար ծնած չէին: Այդ իսկ պատճառով, կը լքէ Կովկասը կը մասնակցի հայ-թաթարական կռիւներուն, իսկ սահմանադրութեան շրջանին կ՛անցնի Ախլաթ:
Յար եւ նման իր ժողովուրդին արժանաւոր միւս զաւակներուն, Բալապեխ Կարապետ կը ձերբակալուի 1915ին եւ Պիթլիսի մէջ կախաղան բարձրանելով՝ իր կեանքը կ՛աւարտէ հերոսներուն արժանի անմահութեամբ:
***
Կիկոն
Ջուխտ եզ ունեմ, ծախու կու տամ
Քանի որ տան՝ պիտ՛ ծախեմ,
Զիմ Կիկոյին թիւֆենկ մ՛առնեմ,
Տանեմ գրեմ ֆետայի:
Երեք ամիս մնաց՝ ըլլայ
Թամամ քսանմէկ տարի,
Ի՞նչն է պակաս զիմ Կիկոյին,
Որ չեն գրեր ֆետայի:
Ելի՛ր, լաօ, զէնքդ վերցուր,
Թողո՛ւնք մեր դաշտն, աշխատանք,
Օտարէն մեզ ֆայտայ չկայ,
Ելի՛ր, սազէ՛ քո թիւֆենկ:
Ո՛վ Տէր Աստուած հոգիս չառած,
Ես զիմ Կիկոն տեսնէի
Թեւին թիւֆենկ, դոշին ֆիշենկ-
Ա¯խ, ա՛յն օրը մեռնէի:
***