Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ:

Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: Պայմանագիրը կնքուած է Փետրուար 10ին Թուրքմենչա գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Թաւրիզի մօտ: Ռուսաստանի կողմէն ստորագրեց Ի.Ֆ.Պասկնիչը, Պարսկաստանի կողմէն՝ Աբբաս Միրզան: Պայմանագրի մշակման մէջ մասնակցած էր Ա.Մ.Գրիբոյեդովը:

Պայմանագիրը բաղկացած էր 16 յօդուածներէ, Պարսկաստանը պաշտօնապէս ճանցած էր Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութներու եւ Օրդուբադի գաւառի միացումը Ռուսիոյ, պարտաւորելով 20 միլիոն ռուբլի արծաթով ռազմատուգանք վճարել: Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի առեւտրական նաւերուն ազատ նաւարկութեան իրաւունքը վերապահած էր միայն Ռուսաստանին: Ռուս կառավարութիւնը Աբբաս Միրզային ճանցած էր Պարսկաստանի գահաժառանգ:

Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ մնացած հայերուն իրաւունքը տրուեցաւ գաղթել Ռուսական տիրապետութեան սահմանները: Գաղթելու համար միայն սահմանած էին մէկ տարի ժամանակ, որուն ընթացքին գաղթականները կրնային իրենց հետ վերցնել շարժական գոյքը, անշարժ գոյքը վաճառելու կամ սեփական հայեցողութեամբ տնօրինելու համար, տրամադրած էին 5 տարի ժամանակ 1828 – 1829-ին Պարսկաստանէն Անդրկովկաս ներգաղթեց շուրջ 45 հազար հայ:

Կնքուեցաւ նաեւ առեւտրական համաձայնագիր, այս համաձայնագրով Ռուս վաճառականները ազատ առեւտուրի իրաւունք ստացան Պարսկաստանի կողմէն:

Թուրքմենչայի պայմագիրը ամրապնդեց Ռուսաստանի դիրքերը Աթրկովկասի մէջ, նպաստեց ռուս ազդեցութեան ուժեղացմանը Միջին Արեւելքի մէջ եւ խախտեց Անգլիոյ դիրքերը Իրանի մէջ: Պայմանագիրը յատկապէս բախտորոշ եղաւ հայ ժողովուրդի համար: Արեւելեան Հայաստանը ազատագրուեցաւ Պարսկաստանի խաներու լուծէն եւ միացաւ Ռուսաստանին: Հայ ժողովուրդը իր բախտը կապեց ռուս մեծ ժողովուրդի հետ: Այս առումով, միջազգային ոչ մէկ պայմանագիր թերեւս այնպիսի դեռ չէր խաղցած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս Թուրքմենչայի պայմանագիրը:

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …

Leave a Reply