ԿՈՏՈՅԻ ՀԱՃԻ

Տարօնցի դաշնակցական ղեկավար եւ ‎ֆետայի-խմբապետ Կոտոյի Հաճին կամ Յակոբ Կոտոյեան ծնած է Մուշ, 1868ին, ճակտի արդար քրտինքով բարեկեցիկ կեանք մը ապահոված ներկարար Գէորգի խաղաղ տան մէջ, որ կը նկատուէր թաղին առաջնակարգ բնակարաններէն մէկը:

Յակոբի իսկական դաստիարակութիւնը կը սկսի Հայաստան աշխարհի ազատատենչ դպրոցին մէջ, երբ որսորդութեան սիրահար պատանին դիպուածով Արաբոյի ծանօթանալէ ետք՝ մաս կը կազմէ քիւրտ հարստահարիչները պատժող հայ ասպատակողներու խումբին:

Կ‏‏‏‏‏՛անցնի Առաքելոց վանք, ուր կը ծանօթանայ նոր ընկերներու, բայց երբ կ՛իմանայ, որ Միհրան Տամատեան Սասուն եկած է, անմիջապէս կ՛անցնի անոր մօտ: 1893ին կը ձերբակալուի այլ երիտասարդներու հետ եւ 15 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուի: 30 երիտասարդներու հետ կ՛աքսորուի Սեւ ծովու հարաւային Սինոպ քաղաքը, ուր երկու տարի մնալէ ետք՝ երիտասարդ յեղափոխականը կը փոխադրուի Աքիայի բերդ (Լիպիա):

1895ին ազատ կ՛արձակուի եւ իր բանտակից ընկերներուն հետ Երուսաղէմ ուխտի կ՛երթայ, ապա՝ Պոլսոյ վրայով կը վերադառնայ Մուշ: Այս թուականէն սկսեալ, դաշնակցական գաղափարապաշտը աւելի մեծ եռանդով կը փարի յեղափոխական գործունէութեան եւ կը դառնայ Մուշի կուսակցական թէ ազգային գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը, իսկ իր տունը՝ յեղափոխական հնոց մը եւ ապահով թաքստոց մը:

Կոտոյի Հաճին կը յղանայ Առաքելոց վանքի գրաւման յանդուգն ծրագիրը եւ, ամենայն մանրամասնութեամբ զայն պատրաստելէ ետք, իր խումբով կը մասնակցի Պանք Օթոմանի եւ Խանասորի արշաւանքին տարողութիւնը ունեցող այդ խիզախ ձեռնարկին:

1901 Նոյեմբերի առաջին շաբաթը սկսած այս եզակի գործողութիւնը կը տեւէ 20 օր: Հայաստանին սրտին վրայ «Ազատութիւն կամ Մահ» վճիռը արձանագրած Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Կոտոյի Հաճիի, Մուրատի եւ անուանի այլ խմբապետներու 60 ‎ֆետայիները առասպելական քաջութեամբ կը ջախջախեն 3000 կանոնաւոր թուրք զինուորներու վանքը գրաւելու բոլոր ճիգերը եւ 21րդ օրը յաղթականօրէն դուրս կու գան անկէ՝ հայ, քիւրտ եւ նոյնիսկ թուրք բնակչութեան հիացումին արժանանալով:

Այնուհետեւ, «որքան խիզախ կռուող, նոյնքան եւ աւելի ղեկավար» Հաճին, «ժողովուրդի հոգեբանութիւնը ըմբռնող եւ դէպքերու արդիւնքները լաւապէս կշռող», կ՛անցնի Սասուն, կը մասնակցի քանի մը կռիւներու եւ 1902ին կը վերադառնայ Մուշ. կը լծուի կազմակերպչական ու յարաբերական գործերու եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ այդ օրերու գրեթէ բոլոր հերոսամարտերուն:

Այսպէս, 1904ին Սասնոյ Բ. ապստամբութեան մասնացելէ ետք, տարի մը վերջ, մեծ գործունէութիւն ցոյց կու տայ հայ-թաթարական կռիւներուն ընթացքին: Ապա կը ստանձնէ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան պատասխանատու պարտականութիւնը՝ դառնալով Լեռնահայաստանը հայատեաց թաթար գիւղերէ մաքրագործող հատու բազուկը:

1908ի սահմանադրութենէ ետք, կազմակերպչական կեանքի նուիրուած այս անխոնջ հայդուկը, 1915ին, անգամ մը եւս կը վերձնէ հրացանը եւ հին ու փորձառու ‎ֆետայիներու գլուխը անցած՝ կը մղէ ցեղին արժանապատուութեան հերոսամարտերը: Եւ Մուշի ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարը Երեւան կու գայ «ժողովրդային առաջնորդի իր բովանդակ երեւոյթով», կը դառնայ մղիչ ուժն ու կազմակերպիչ կամքը թնդանօթներու եւ ռումբերու դէմ պայթած ժողովրդային ըմբոստութեան ու կը նահատակուի 13 Յուլիս 1915ին, պատնէշի վրայ անմահացած հերոսներու վայել քաջութեամբ:

 

 

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply