ԳՈՒՐԳԷՆ ԵԱՆԻԳԵԱՆ

Ծնած է 1895 Էրզրում: Արեւելեան նահանգներու ջարդերուն, ընտանիքը կը կարողանայ փախչիլ աւելի ապահով վայր: Եանիգեան ուսումը կը շարունակէ Մոսկուայի ճարտարապետութեան համալսարանը: Ան ականատես եղած է հայերուն դէմ  ոչնչացման գործերուն: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին կը գաղթէ Միացեալ նահանգներ եւ հոն կը հրատարակէ շարք մը վէպեր:

Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը իր միտքն էր միշտ, ի վերջոյ Եանիգեան համարելով, որ կը հասնի իր կեանքի աւարտը, կ՛որոշէ վրէժ լուծել իր ընտանիքի անդամներուն սպաննութեան:

27 Յունուար 1973ին Եանիգեան կը կանչէ թուրքիայի գլխաւոր հիւպատոս՝ Պահատիր Տիմիր Սանթա Պարպարա, խոստանալով կատարել նուէր թուրքիոյ բանակին նկար մը, որ գողցուած է Սուլթան Օսմանեան կայսրութիւն պալատէն աւելի քան մէկ դար առաջ:

Եանիգեան կը յանձնէ բանակային կտորը եւ կը յայտնէ որ ինք իրանցի չէ, ինչպէս ըսած էր հիւպատոսարանին երբ առաջին անգամ դիմած էր իրենց եւ ինք հայ է, հիւպատոսը կը զայրանայ եւ բուռն փոխանակում տեղի կ’ունենայ երկուքի միջեւ:

Այս պահուն Եանիգեան կ՛ըսէ «Ես պիտի սպանեմ ձեզ» կը քաշէ ատրճանակը եւ կը սպանէ երկուքը, ետքը կը զանգահարէ եւ կը խնդրէ ոսիկանութիւն «քանի որ Ես պարզապէս սպանեցի երկու մարդ» ըսենով:

Նախքան հանդիպում թուրք դիւանագետներուն հետ, Եանիգեան նամակ կը ղրկէ հայկական թերթի, որուն մէջ հայերուն կը կանչէ պատերազմելու թուրք դիւանագէտներու դէմ:

Եանիգեանի դատապարտութեան ընթացքին ան բացէ ի բաց կը յայտնէ, որ ինք էր պատճառը երկու մարդոց սպանութեան: Խոստուանած է, որ ինք սպաննութեան ծրագիրը ուսումնասիրած էր Ապրիլ 1972էն, եւ 1973 Յունուար 27ին նախատեսած է իրականացնելու սպանութիւնը: Դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման Յուլիսին, 1984 Յունուար 31ին վատ առողջութեան պատճառաւ կը տեղափոխուի ապաքինող հիւանդանոց: Կը մահանայ սրտի կաթուածով մէկ ամիս անց:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply