Բնաւորութիւնը անձի կայուն յատկութիւններու համակարգն է, որ կը դրսեւորուի թէ միւս մարդկանց եւ թէ սեփական անձի գործունէութեան նկատմամբ իր վերաբերմունքով:
Բնաւորութիւնը սերտօրէն փոխկապակցուած է խառնուածքի եւ ընդունակութիւններու հետ:
Բնաւորութեան գիծերը իրենց արտայայտութիւնները կը ստանան մարդու գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Բնաւորութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ մարդուն փոխյարաբերութիւններուն եւ զգացումներուն մէջ:
Բնաւորութեան զարգացումը կապուած է երկու գործօններու հետ.-
1-Ժառանգականութիւն
2-Ընկերային միջավայրի ազդեցութիւն
Բնաւորութեան որոշ գիծեր կը հիմնուին խառնուածքի եւ ջղային համակարգի տիպի վրայ (աշխուժութիւն, հետեւողականութիւն, հաղորդականութիւն), որոշգիծեր ալ կը ձեւաւորուին միջավայրի ներգործութեամբ (ազնուութիւն, կարգապահութիւն, բարխղճութիւն): Բնաւորութեան դրսեւորումները յաճախ ըդօրինակման արդիւնք են երբ մեծահասակներու կամ ընկերական խումբի կարգն ու սովորութիւնները կը վերարտադրուտին կ’իւրացուին անձի կողմէ:
Շատ վաղ շրջանին ձեւաւորուելով, բնաւորութիւնը մարդու կեանքի ընթացքին հանդէս կու գայ որպէս շատ թէ քիչ հոգեբանական կառուցուածք: Մարդու բնաւորութեան գիծերը կը կազմեն որոշակի համակարգ, որ ինքնատիպ, իւրայատուկ գոյացում ըլլալով միաժամանակ կ’ունենայ միւս մարդոց բնաւորութեան հետ որոշակի նմանութիւն:
Բնաւորութեան Տեսակները
Հոգեբանութեան մէջ գիտնականներու կողմէ տրուած են բնաւորութեան տարբեր տիպաբանութիւններ: Մեկնելով մարդու սոցիալական զգացմունքներէն, հասարակութեան նկատմամբ վերաբերմունքէն, անձի ուղղուածութենէն, բնաւորութեան գիծերու առանձնայատկութիւններէն ոեւ շեշտուածութենէն:
Ըստ անձի ուղղուածութեան կը տարբերակուին ԷՔՍՏՐԱՎԵՐՆԵՐՆ ՈՒ ԻՆՏՐՈՎԵՐՏՆԵՐ
ԷՔՍՏՐԱՎԵՐՏՆԵՐԸ ուղղուած են դէպի արտաքին աշխարհ: Անոնք աշխոյժ են ու անմիջական, կը սիրեն շարժումը, ճկուն ու շուտ յարմարուող ան: Անոնք չեն սիրեր մեկուսանալ, մշտապէս կարիք ունին խրախուսանքի, կրնան արագ իյնալ ուրիշ ազդեցութեան տակ, հեշտութեամբ կը ներշնչուին:
Էքստրավերտները սովորաբար շատ ընկերներ կ’ունենան եւ կը սիրեն զուարճանալ: Սակայն նաեւ ունակ են անմտածուած արարքներու:
Դատողութիւնները սովորաբար կը հիմնուին միջավայրէն ստացուած տուեալներու, չափանիշներու վրայ:
Էքստրավերտները կ’արժեւորուին այն երեւոթները, որոնք աւանդօրէն կը գնահատուին իերնց միջավայրին մէջ: Այս տեսանկիւնէն անոնք կը գնահատեն արուեստը:
Երբեմն Էքստրավերտները մեծ թափով կը սկսին որեւէ գործ, յաջողութեամբ կը կատարեն, սակայն չեն հասցներ աւարտին:
ԻՆՏՐՈՎԵՐՏՆԵՐ
Այն մարդն է, որ ուղղուած է դէպի սեփական ներաշխարհը:
Ինտրովերտները քիչ կը հաղորդակցին այլ մարդկանց հետ, կը սիրեն մենակութիւնը, կը սիրեն ինքնուրոյն դատել, հետեւելով սեփական գաղափարներուն, չափանիշներուն: Չեն սիրեր հաշուի առնել ուրիշներուն կարծիքը, սակայն միաժամանակ միամիտ են, վստահող եւ որոշ չափով անզօր անձնական հարցերուն մէջ:
Ինտրավերտներուն զգացումները խորն են ու կայուն:
Անոնք շատ զուսպ են, հազուադէպ կը բախին միւս մարդոց հետ: Միաժամանակ յամառ են, բաւականին յետադիմական, դժուար փոփոխուող:
Ինտրավերտներու որոշ մասը ընդունակ է կանխազգալ ապագան, շատ անգամ անոնք կտրուած են իրականութենէն եւ կ’ապրին իերնց գաղափարներով, պատկերացումներով:
Անոնք կարգապահ են, հետեւողական, կատարող աւելի լաւ կը կատարեն համբերութիւն եւ բարձր կեդրոնացում պահանջող աշխատանքները:
Ըստ բնաւորութեան ցայտուն արտայայտութեան կան հետեւեալ տիպերը.-
ՀԻՊԵՐԹԻՄ ՏԻՊ
Այս տիպի մարդիկ մանկութենէն աչքի կ’ինան աղմկոտ ըլլալով, շատախօսութեամբ, կը սիրեն աշխուժօրէն հաղորդակցիլ միւս մարդոց հետ, բաւական ինքնուրոյն են, նախաձեռնող, գործունեայ, լաւատես:
Անոնք սակայն կրնան թեթեւամիտ ըլլալ ու շուտ բռնկուող:
Անոնք չեն դիմանար խստութիւններու: Անկարգապահ են եւ չեն կրնար հանդուրժել մենակութիւնը:
ԴԻՍԹԵՄ ՏԻՊ
Անոնց հաղորդացման շրջանակը սահմանափակ է, սակաւախօս ու առերես են: Նման տիպի մարդիկ շատ ինքնամփոփ են, կը սիրեն մեկուսանալ, հազուադէպ բախում կ’ունենան միւս մարդոց հետ: Անոնք ընկերութեան մէջ հաւատարիմ են, սակայն շատ դանդաղաշարժ եւ անգործունեայ են:
ՑԻԿԼՈՅԻՏ ՏԻՊ
Այս տիպի մարդոց բնորոշ է տրամադրութեան պարբերական փոփոխութիւնները: Գործունեայ շրջաններուն կը նմանին Հիպերթիմ տիպին, իսկ անկումային շրջաններուն՝ Դիսթեմին:
ՊԵԴԱՆՏ ՏԻՊ
Անվճռական են: Յուսալիօրէն կը գործեն, բայց տատանող ու անորոշ են:
Ունակ չեն ինքնուրոյն որոշում ընդունելու կամ ինքնուրոյն ընտրութիւն կատարելու: Մշտապէս կ’անհանգստանան ապագայի համար, երբեմն ալ տագնապ կ’ապրին:
ԴԵՄՈՆՍՏՐԱՏԻՒ (ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ) ՏԻՊ
Այս տիպի մարդիկ ունին իւրայատուկ մտածողութիւն եւ վարք, անոնք հեշտութեամբ նոր մարդոց եւ նոր միջավայրի հետ կը յարմարուին: Ստեղծագործ են, կը ձգտին առաջնորդի դիրքի մէջ ըլլալ եւ անընդհատ գրաւել մարդոց ուշադրութիւնը: Այսպիսի մարդիկ եսասէր եւ փառասէր են:
Ըստ սոցեալական յատկութիւններու կան ԿՈՆՖՈՐՄԻՍՏԱԿԱՆ (ՅԱՐՄԱՐՈՂ) ԵՒ ՍԱՏՕ-ՄԱԶՈԽԻՍՏԱԿԱՆ տիպեր:
ԿՈՆՖՈՐՄԻՍՏԱԿԱՆ ՏԻՊ
Այս տիպի մարդիկ ընդհանրապէս սեփական կարիք չեն ունենար կամ սեփական կայուն ընկերային դիրք:
Անոնք անվերապահօրէն կ’ենթարկուին ընկերային միջավայրի պահանջներուն, պայմաններուն իսկ հարկ եղած պարագային շատ արագ կը փոխեն իրենց կարծիքները: Հիմնական գիծը յարմարողականութիւնն է:
ՍԱՏՕ-ՄԱԶՈԽՐԻՍՏԱԿԱՆ
Նման մարդիկ փորձելով խուսափիլ կեանքի անյաջողութիւններէն:
Սատիստական մղումներ ունեցող մարդիկ կ’աշխատին միւս մարդոց դնել կախման մէջ, որպէսզի իշխեն եւ անոնց ցաւ ու տանջանք պատճառեն: Անոնց համար այս մէկը հաճոյքի աղբիւր է:
Մազոխիստները կ’աշխատին հակառակը՝ երբ իրենց վրայ կը վերցնեն վիշտն ու մեղքը: Անոնք հաճոյք կը ստանան ինքնաքննադատութենէն եւ սեփական անկարողութեան մերկացումէն: