ՊՇԱՐԷ ԽԱԼԻԼԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

1890ական տարիներու վերջերուն, Սասնոյ հայութիւնը անհամբեր կը սպասէր հայ դաւաճաններու դէմ գործուելիք պատժական արարքները: Ժողովուրդը յատկապէս կը ցանկար, որ Գէորգ Չաւուշ իր զէնքը ուղղէ հայութեան ոսոխին՝ թուրքին, ու մանաւանդ՝ Պշարէ Խալիլին, որ Սպաղանքի ջարդին պատասխանատուն էր եւ Սերոբ Աղբիւրի դաւաճանութիւնը կազմակերպողը: Սերոբի գլխատման համար ան արժանացած էր մեծ պատիւներու:

Սասունցիները կ՛ուզէին ամէն գնով լուծուած տեսնել վրէժը Սերոբ Աղբիւրին՝ պատժելով Պշարէ Խալիլն ու իր նմանները, որոնք պատուհաս էին հայ ժողովուրդին:

Եւ ահա, համաձայնութեամբ մը, ‎ֆետայիները Գէորգի, Անդրանիկի ու Մակարի գլխաւորութեամբ, կ՛ընտրեն շուրջ երեսունի չափ լաւ կռուողներ ու կը վճռեն ամէն գնով սպաննել Պշարէ Խալիլը:

Պշարէ Խալիլ Սերոբը թունաւորել տալէ եւ անոր գլուխը կտրելէ ետք, իր մատուցած թանկագին ծառայութեան համար, Սուլթան Համիտէն ստացած էր զոյգ շքանշաններ, որոնք կը զարդարէին կուրծքը: Ան հպարտօրէն կը շրջագայէր Մուշի մէջ: Ասոր հակառակ, ֆետայիները չէին կրնար իրենց նախկին դիրքը պահպանել այնքան ատեն, որ յաղթական Խալիլը իր կուրծքին կը կրէր Սուլթանին շքանշանը:

1900ի գարունէն սկսեալ Պշարէ Խալիլ կը հետապնդուէր ֆետայիներէն: Մուշի Կեդրոնական Կոմիտէի մարտական ներկայացուցիչները՝ Մճոն եւ Կոտոյի Հաճին քաղաքէն տեղեկութիւններ կը հասցնէին Գէորգին եւ Անդրանիկին:

Պշարէ Խալիլի մէկ ոտքը Մուշ էր: Ան դարձած էր կառավարութեան աջ բազուկը. ո°չ միայն դրամ կը ստանար, այլեւ՝ պատիւներու կ՛արժանանար. իր տրամադրութեան տակն էին 40 զինեալ թիկնապահներ: Ասկէ զատ պետական ոստիկանութիւնն ալ միշտ պատրաստ էր զինք պաշտպանելու:

Ամէն անգամ երբ Մուշ այցելէր, ան կը մնար Միրզոյի Նատէր աղային տունը: Վերջինին շատ ծանօթ էր հաւատորիկցի սուրհանդակ՝ դաշնակցական Պետրոսը:

Սուրհանդակ Պետրոսը Նատէր աղային հին բարեկամը ըլլալով՝ կարծես թէ անոր տան անդամներէն մէկն էր, մէկ խօսքով կը վայելէր անոնց կատարեալ վստահութիւնը: Ան ամէն տարի գիւղէն մեղր, սեր, կարագ կը տանէր անոնց: Ու այն առիթէն օգտուելով, կը սկսէր հետեւիլ Պշարէ Խալիլի շարժումներուն, օրը-օրին տեղեկացնելով Մճոն եւ Կոտոյի Հաճին:

Պետրոս երբ կ՛իմանայ, թէ Պշարէ Խալիլ իր ձիաւորներով Խաս գիւղէն պիտի անցնի Սասուն, շուտով կը տեղեկացնէ Մճոն ու Հաճին, որոնք իրենց կարգին կը հաղորդեն Գէորգին ու Անդրանիկին, թէ Պշարէ Խալիլ Մուշ ըլլալով՝ քանի մը օրէն պիտի անցնի Խաս գիւղի կիրճին ճամբով դէպի Աղբրիկ:

Հոկտեմբերի կիսուն էր. ‎ֆետայիները Գէորգի, Անդրանիկի եւ Սպաղանց Մակարի ղեկավարութեամբ իրենց մարտիկներով կ‏՛երթան Ծովասարէն անդին բալաքցիներու սահմանին մօտ եւ ճանապարհը կը կտրեն: Խումբը երկու մասի բաժնուելով դիրք կը բռնէ կիրճին երկու կողմերը: Այդ օրերուն Անդրանիկ, որ յօդացաւով կը տառապէր, չէր կրնար նոյնիսկ արագ քալել, այսուհանդերձ ան կը մասնակցի պատժական այս գործողութեան:

Պշարէ Խալիլ իր 25 զինեալ ձիաւորներով կը հասնի կիրճին մօտ, ֆետայիներու դիրքին առջեւ: Կեդրոնը կը մնայ Գէորգ Չաւուշ: Իր ազդանշանին վրայ, երկու կողմերէն կրակ կը բանան Խալիլի խումբին վրայ: Առաջին համազարկին տասնչորս հոգի գետին կը փռուի: Խալիլ յանկարծակիի եկած կը փորձէ սրնթաց փախչիլ, սակայն Գալէի գնդակներուն տակ կը վիրաւորուի եւ ձիէն կը գլտորուի: Պշարէ Խալիլի թիկնապահերը կը փախչին եւ սակայն ոմանք ֆետայիներու հարուածներէն թաւալգլոր կ՛իյնան: Ֆետայիներէն մաս մը անոնց ետեւէն երթալով կը հալածէ զանոնք՝ սպաննելով քանի մը հոգի եւս:

Խալիլ, որ շատ մօտ կ՛ըլլայ Գէորգ Չաւուշին եւ Յարութիւնին, իր ատրճանակը կ՛ուղղէ երկուքին, բայց փամփուշտը կը վրիպի: Գէորգ ասիկա տեսնելով արագօրէն կը մօտենայ անոր ու կուրծքին կը զետեղէ քանի մը պատուանշաններ:

Խօսքը տանք Գէորգ Չաւուշին.

-«Անդրանիկ կարգադրեց սպաննել զԽալիլ, ճամբի եզերքին բռնեցինք դիրքեր եւ երբ տեսանք Խալիլի ձիու վրայ կ՛անցնի ճամբէն, բացինք կրակ, Խալիլի ձին ընկաւ, Խալիլն էր տակը ողջ. յարձակուանք եւ բռնեցինք զԽալիլ, ես եւ Յարութիւն թեւերէն, Անդրանիկ գլխի մազերէն: Յարութիւն զարկինք խանչալներով եւ Անդրանիկ կտրեց զգլուխ գազանին: Սասնոյ ժողովուրդ շունչ առաւ»:

Ֆետայիները խօսք տուած էին Սպաղանաց Մակարին, որ Խալիլի գլուխը ի°նք պիտի կտրէր, բայց Մակար փախչողները հետապնդելէն երբ կը դառնայ՝ Խալիլի գլուխը կրուած կը գտնէ: Կը քակէ անոր դաշոյնը ու իր մէջքը կը կապէ: Անդրանիկ Խալիլի կուրծքէն կ՛առնէ շքանշանը եւ իր կուրծքը կը կախէ:

Այս ամբողջ գործողութիւնը կէս ժամ հազիւ տեւած էր: Սերոբի վրէժը լուծուած էր: Գլուխի փոխարէն գլուխ մը:

Ֆետայիները սպաննուած քիւրտերու զէնքերը առնելով կը մեկնին Ծովասար՝ իրենց հետ տանելով նաեւ Պշարէ Խալիլի գլուխը:

Թուրքերը Սերոբի գլուխը ցիցի մը անցուցած՝ պտտցուցած էին Մուշ ու Պիթլիս, մինչդեռ ‎ֆետայիները ծովասարէն Շատախ կ՛իջնէին եւ մարգագետիններու վրայ Խալիլի գլուխով գնդակ կը խաղային:

Լուրը կայծակի արագութեամբ կը հասնէր Մուշ, կ՛անցնէր Պիթլիս եւ կ՛արձագանգէր բոլոր գաւառներուն մէջ, սարսափ տարածելով ամէն կողմ: Խալիլի գլուխը Սասնոյ մարգագետիններուն վրայ գնդակի պէս կը դառնար ոտքէ ոտք, իբրեւ ազդարարութիւն բոլոր Խալիներուն:

Տպաւորութիւնը շշմեցնող էր. հակահարուածը կը սկսէր: Յուսահատութեան ալիքները տեղատուութեան մէջ էին:

Անդրանիկ եւ Գէորգ վիթխարի դիւցազներու կերպարանքը կ՛արձանացնէին Ծովասարի բարձունքին, յեղափոխական յանդգնութեան եւ դաշնացական մարտունակութեան պայծառ օրինակը տալով օսմանեան բռնապետութեան տակ կքած հայ ժողովուրդին:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply