Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ՆԵՒՐՈՒԶԻ ԵՒ ԽԱՆԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿՌԻՒԸ

ՆԵՒՐՈՒԶԻ ԵՒ ԽԱՆԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿՌԻՒԸ

1904ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903ի աշնան, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ իր պատմութեան մեծագոյն զինատար խումբին կազմութեան, ձեւաւոր եւ հետեւակ գունդերով: Ձիաւոր գունդը կը գլխաւորէ Խանը, իսկ հետեւակը՝ Նեւրուզը:

…«Հրացանները ուսերին,
Դրօշակը պարզել էին,
Գնում էին ուրախ զուարթ,
Ազատութիւն երգում էին»:

Ձեռնարկը կը նպատակադրէ.-

-Պարենաւորել երկու խումբերը առատ պաշարով (անոնց միացեալ թիւը կը հասնէր 150ի) եւ այդ պաշարը հասցնել Սասուն:

-Խումբերը օժտել անձերով, որոնք Երկիր հասնելով կրնան դառնալ տեղական գործիչներ եւ ‎ֆետայակն խմբապետներ:

Նեւրուզի եւ Խանի զինատար խումբը մինչ այդ Երկիր ղրկուած խումբերուն ամէնէն աւելի կատարելագործուածն էր ու քանակով՝ 5 անգամ աւելի: Բայց իր թերութիւնը այն էր, որ անխուսափելիօրէն պիտի նկատուէր սահմանապահներու, հովիւներու եւ քիւրտ ցեղերու կողմէ, որոնք թրքական զօրքին լուր պիտի տային եւ անհաւասար կռիւը անխուսափելի պիտի դառնար: Մօտ 250 քիլօմեթր ճամբայ կար կտրելիք, ամբողջութեամբ թշնամիով շրջապատուած:

Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը 1903ի Սեպտեմբերին, առանց միջնադէպի, կ՛անցնին ռուս-թրքական սահմանը, բայց սահմանէն կռուի կը բռնուին: Իրենց վրայ յարձակողը սահմանապահ կանոնաւոր թուրք զօրքն էր, 4 թնդանօթով եւ 300 սուրով: Թշնամին դիտմամբ իր կրակը կը վատնէ եւ նեղը կը ձգէ ֆետայիները, որոնք իրենց հանդարտութիւնը կը պահեն, գետին երկարած՝ կը դիմդրեն եւ թշնամիին յարձակումները կը կասեցնեն: Կէսօրէ ետք 4 թնդանօթները կը սկսին գոռալ եւ գետինը կը հերկեն Նեւրուզի դիրքերուն շուրջ: Խումբէն ջաւախքցի Շէկ Համոն, որ ռուսական բանակին ծառայած էր եւ բաւական մասնագիտացած՝ կը խրատէ.

-Տղե՛րք, ձեր ջանին մատաղ, բնաւ դարդ մի ընէք, ոչ մի պատասխան չտաք, կրակը թող դադրի: Ձեզի հետեւեալ աշխատանքը կայ, որուն դիրքը խորունկ չէ գետնի մէջ, թող ճանկով, սուինով խորացնէ, որունը խորունկ է, թող գլուխը դուրս չհանէ, չշարժի: Երբ սուլիչը փչեմ, այն ժամանակ մեր գործը կը սկսի:

Երկու ժամ թնդանօթները կը ռմբակոծեն դիրքերը, վեր կը բարձրացնեն հողը եւ իբր պատանք կը ծածկեն տղաքը: Բայց տղաքը լուռ կը մնան, թէեւ կը շնչեն: Թշնամին իր առջեւ գերեզմանոց կը կարծէ եւ փողեր հնչեցնելով, հրացանը ուսերուն առաջ կը շարժի: Տղաքը կը մտածեն «ուզեն կամ չուզեն, թնդանօթները պիտի լռեն, երբ հետեւակ զօրքը 100-200 քայլ մօտենայ, հասնի: Այն ատեն ահա մենք մեզի ցոյց կու տանք եւ համազարկով անոնց շարքերը կը նօսրացնենք»: Եւ իսկապէս, երբ թշնամին 200 քայլ կը մօտենայ, նշանը կը տրուի եւ հայ տղոց համազարկերը կը դիմաւորեն զանոնք: Մէկ թէ երկու ժամուան օրհասական կռիւէ ետք՝ թշնամին տղոց գնդակներուն տակ ետ կը քաշուի, երբ արեւը ա՛լ իր վերջին վայրկեանը կ՛ապրէր՝ կորսուելով լեռներուն ետեւ:

Ոգեւորութիւնը մեծ կ՛ըլլայ: Ոմանք կ՛ըսեն. «Հետեւինք ու թնդանօթները խլենք», սակայն գործէն հասկցող Շէկ Համոն կ՛ըսէ. «Չէ, այսօրուան համար միասին մի երգ երգելու է: Բոլորդ ալ երգեցէք»…

Կ՛երգեն, կը ստուգեն, թէ ո՞վ վնահատակուած է, ո՞վ վիրաւոր է եւ ո՞վ անկարող է շարժելու: Կը պարզուի թէ այդ օր 4էն 1ը նահատակուած, իսկ 3ը ողջ-առողջ է. իրենց պաշարն ալ նոյնը կը մնայ, եթէ սպաննուածներու եւ քանի մը վիրաւորներու պաշարը բաժնուի ողջերուն: Կը պատրաստուին ճամբան շարունակելու, բայց կ՛անգիտանան որ մարդու մարմինը իր սահմանը ունի դիմացկունութեան, որ դեռ ճամբու սկիզբն են եւ անընդատ կռուելով՝ անհնար է պատռել թշնամիին գիծը, մանաւանդ որ թշնամին թիւով շատ է իրենց հետքը բռնած ըլլալով՝ ամէն վայրկեան իրենց դէմ կրնայ գալ նոր ուժերով:

Թերեւս Խանը կրնար իր ձիաւորներով հետքը կորսնցնել թշնամիէն, բայց ան կը կաշկանդուի հետեւակով, զոր լքելու իրաւունք չունէր:

Երբ կը մթնի, խումբը, մասերու բաժնուած, լուռ կը յառաջանայ ծրագրած ըլլալով միանալ Բասէնի դաշտին մէջ ու այնտեղէն միասնաբար անցնիլ Մուշ ու Սասուն: Չկային ճամբու փորձառու առաջնորդները, որովհետեւ նախորդ օրը նահատակուած էին: Ամբողջ գիշերը Նեւրուզի խումբը կը քալէ, երկու անգամ Արաքսի պաղ ջուրը կ՛անցնի ու միայն առտուան դէմ կը հասկնան, որ օր մը առաջուան տեղը մնացած են:

Անդին, Խանը իր հեծեալներով կը հասնի ժամադրավայրը ու հեռադիտակը աչքին կը սպասէ հետեւակին: Բայց Նեւրուզի տղաքը չեն երեւիր. կ՛երեւէին զիրենք պաշարած թուրք զինուորները: Խանը կը դիտէ զօրքը ու տեղէն չի շարժիր: Ան կրնայ հեռանալ, կռուէն խուսափիլ ու գէթ խումբին մեծ մասը փրկել, ազատել, որովհետեւ ձիաւոր էին: Բայց կարելի չէր երկրի դժուար ու անծանօթ անցքերուն մէջ թշնամիին դէմ առանձին ձգել ընկերները, ուստի Խանը իր շուրջիններուն դառնալով կ՛ըսէ. «Թող ըսեն, թէ Խանը այնքա¯ն անճարակ էր, որ ձին իր տակը շան սատակ եղաւ: Բայց թող չըսեն թէ իր չոր գլուխը ազատելու համար ընկերները ձգեց հեռացաւ: Ձիերը քաշեցէք եւ իրարու կապեցէք: Մենք այս տեղէն հեռացողը չենք»: Ու կը սկսի անհաւասար կռիւը:

Նեւրուզի խումբն ալ, որ ամբողջ օր մը կռիւ մղելէ ետք՝ ամբողջ գիշեր մըն ալ անընդհատ լեռ ու ձոր քալած էր, մինչեւ առտուան ժամը 11 աննկատ կը մնայ, բայց անկէ ետք դարձեալ կը պաշարուի թուրք զօրքին կողմէ ու կռուի կը բռնուի:

Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ երկրորդ օրը, ոչ ոք կրնայ ըսել: Այդ օրուան եւ թերեւս անոր յաջորդող օրուան մասնակի կռուին բոլոր ղեկավարները կը նահատկուին: Երրորդ օրուան հոգեվարքի պայքարէն ետք՝ ազատուածները (հազիւ 10-12 հոգի) իրենք զիրենք կը ձգեն ռուսական սահմանին կողմը: Մօտ տասնեակ մը ազատուածները ո՛չ վախկոտներ էին, ոչ իրենց ղեկավարներն ու խումբը լքող եւ ոչ ալ՝ իրենց գլուխները ազատողներ: Իրենց ղեկավարները նահատակուած էին, եւ բախտի բերումով, վիրաւոր կամ ողջ մնալով, անցած էին ռուսական սահմանը: Անոնք բոլորն ալ նոյն բանը կ՛ըսէին.

-«Անտեղեակ էինք թէ ճիշդ ո՞ւր կը գտնուինք: Հեռուն կռիւ կար Խանին հետ: Մեզի խիստ հրաման եղաւ մեր գտնուած տեղը հաստատ մնալ, մեր բռնած հողը, քարը, բնաւ չձգել մինչեւ որ մէկը 10 թշնամի չգլորէ, եւ գիշերը միայն նոր հրամանի սպասէ: Գիշեր եղաւ, բոլորը սպաննուած էին: Ես ինծի մինակ գտայ, ուղղութիւն մը բռնեցի եւ այստեղ դուրս եկայ»:

Այս բոլորը ապացոյց են երկու բանի: Նախ այն, որ նահատակուելու ուխտը աւելի հզօր է մահուան վախէ կամ կեանքի սէրէն: Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը այդ ուխտը ունէին եւ անոր համար բոլորն ալ նահատակուեցան: Երկրորդ, սխալ է այն կարծիքը, թէ մահը եւ կռուի դառնութիւնը ճաշակողը այլեւս չ՛ուզեր անոնց հանդիպիլ: Ընդհակառակ, կռուի եւ մահուան համը տեսնողը, նորէն ու նորէն կ՛ուզէ այդ ճաշակել, եթէ անոր մէջ չէ մեռած իր ուխտը:

Այս ձեռնարկը Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին եւ վերջին բազմամարդ ձեռնարկը եղաւ Երկրին շօշափելի ուժ հասցնելու առաջադրանքով: Ճիշդ է, որ թրքական աղբիւրներու հաստատումով, Բասէնի հայ կռուողները մինչեւ մահ կռուած էին եւ թուրքերէն խլած էին շուրջ 800 զինուոր, բայց խումբերը իրենց նպատակին չհասած նահատակուած էին: Ասկէ ետք որդեգրուեցաւ աւելի նպատակայարմար ձեւ մը ու զինամթերքի փոխադրութիւնը կատարուեցաւ մեծ մասամբ հայ գիւղացիներու եւ քիւրտ շալակաւորներու միջոցով:

Հայրենեաց Սիրոյ Համար

Հայրենեաց սիրոյ համար
Խմբեր պատրաստել են քաջ,
Հրացանները ուսերին,
Փամփուշտները ձախ ու աջ:

Հնազանդ կարգով շարուած,
Իրանք առիւծի պէս քաջ,
Խմբապետը հրահանգ տուեց
Գնալ դէպի յառաջ յառաջ:

Ոսկեզօծ բաշլուղներով,
Լազի շորեր թանկագին,
Գընում էին դէպի Սասուն
Օգնելու Անդրանիկին:

Խմբապետը Նեւրուզն էր,
Օգնականը շատ քաջ էր,
Աղճոն առաջ կանգնած էր,
Պատերազմի կը սպսէր:

Հայ քաջերը դիրք մտան,
Թշնամուն պաշարեցին,
«Ամէն կողմից կրակ տուէք,
Կոտորեցէք»,- գոռացին:

Եաման եկաւ ջան ‎ֆիդան,
Սարսափ տիրեց բանակին,
Փախչում էին դէպի լեռներ,
Վախկոտները խմբովին:

Խաւարից լոյս ծագեցաւ,
Երեւում էին յոյսեր,
Դաշնակցութեան ցանած սերմեր
Տալիս էին նոր-նոր բոյսեր:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …

Leave a Reply