Home / Ա / Նիւթեր / Մշակութային / ՔԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻՆ ՀԱՅԵՐԸ

ՔԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻՆ ՀԱՅԵՐԸ

Ըստ մեզի հասած տուեալներուն, հայերը ունեցած են երեք նոր Տարի, որոնք կոչուած են՝ Ամանոր, Նաւասարդ կամ Կաղանդ:

Ժամանկին, մեր նախնիները Նոր Տարին կը դիմաւորէին Մարտ 21-ին, գարնանային գիշերահաւասարի օրը:

Այդ մէկը պատահական ընտրութիւն չէր: Այդ հեռաւոր ժամանակներուն, hայ քուրմերը իրենց բազմամեայ դիտարկումներով նկատի առած են, որ բնութիւնը յարութիւն կ’առնէ գարնան սկիզբը: Այդ օրը հայերը դարձուցին Նոր Տարի կամ Նոր Տարէգլուխ եւ տօնախմբութեամբ բառաբանեցին բնութեան զարթօնքը եւ հողագործի աշխատանքը, աղերսելով չաստուածներուն, որ բերքառատ դարձնեն տարին:

Հայկական երկրորդ տարեգլուխը՝ Նաւասարդը եղած է Օգոստոս 1:

Ըստ աւանդութեան, Հայկ Աղեղնաւորը Հայոց Ձոր գաւառի մէծ սպաննած է բռնակալ Բէլին եւ ազատութիւն պարգեւած է իր տոհմին ու իր բոլոր հետեւորդներուն: Այդ յաղթութիւնը ենթադրաբար տեղի ունեցած է Ք.Ա. 2492 թուականին Օգոստոս 1: Այդ ժամանակէն հայերը Նոր Տարին սկսած են տօնել Օգոստոս 1-ին:

Օգոստոսեան տօնը հայերը կոչած են Նաւասարդ, որ կը նշանակէ Նոր Տարի (Նաւ «Նոր» + ա + սարդ «տարի»): Նաւասարդի ամէնամեծ հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենար Արածանի գետին ափին, Նպատ լերան մօտ: Տօնախմբութեան կը ներակայանային երկրի թագաւորն ու թագուհին, նշանաւոր արքունականներ, զօրապետեր, նաեւ՝ Հայկական բանակը: Այնտեղ կու գային Հայաստանի բոլոր գաւառներէն: Տօնախմբութիւնը կը տեւէր մի քանի օր:

20-րդ դարու Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի տոմարով Յունուար 1-ը ընդունուեցաւ որպէս Նոր Տարուայ սկիզբը: Բայց մինչ այդ՝ Հայաստանի տարբեր վայրերուն մէջ եւ հայկական տարբեր գաղթավայրերուն մէջ հայերը արդէն սկսած էին Նոր Տարին նշել Յունուար 1-ին:

About admin

Check Also

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ            ԺԹ. դարը յատկանշուեցաւ գրական նոր շարժումով մը, որ ծնունդ տուաւ …

Leave a Reply