Այս շրջանին Հայաստան պատուար մըն էր Բիւզանդական կայսրութեան (արեւմուտքէն) եւ Պարսկական Կայսրութեան (Արեւելքէն) միջեւ:
10րդ դարուն նոր երեւոյթ մը եկաւ շրջելու ամբողջ շրջանի պատմութիւնը: Այդ եղաւ թուրանական ցեղերու արշաւանքները դէպի Փոքր Ասիա եւ Միջագետք (սելճուք թուրքեր, մոլկոլներ, օսմանցի թուրքեր, թիւրքմէններ):
Սելճուք թուրքերը 1040 թուին տիրացան Պարսկաստանին՝ Մարւի ճակատամարտով, սակայն չկրցան տիրապետել Հայաստանին, որովհետեւ Բարգատունիները ետ մղեցին անոնց արշաւանքները: Սակայն Բիւզանդական Կայսրութեան սխալ քաղաքականութիւնը, որ ի միտի ունէր Հայաստանը կցել իրեն (փոխանակ զայն պատուար մը ձգել դիմագրաւելու արտաքին վտանգները, որոնք կու գային արեւելքէն), պատճառ դարձաւ, որ Բագրատունիներու զօրքերը տկարանան: Այս իսկ պատճառով սելճուք թուրքերը 1064ին խուժեցին Հայաստան եւ տիրեցին Անի քաղաքին:
1071ին Մանազկերտի ճակատարմատով սելճուք թուրքերը Ալփ-Արսլանի հրամանատարութեամբ բնաջնջեցին բիւզանդական բանակը՝ Ռոմանս Դ. Կայսեր գլխաւորութեամբ: Սելճուք թուրքերու բանակները շատ արագ տիրացան Կեսարիոյ եւ Գոնիայի (Իկոնիա): Անոնց շատ արագ յառաջխաղացքը բիւզանդական տարածքներէն ներս ունէր կարեւոր պատճառ մը, որ կը կայանար բիւզանդական բանակի կազմութեան բնոյթին մէջ: Այս բանակը արհեստավարժ բանակ էր եւ կայսրութեան մէջ գոյութիւն չունէր ժողովրդային ինքնապաշտպանութիւն հասկացողութիւնը: Այդ պատճառով այս բանակը զօրաւոր հարուած ստացաւ 1071ի Մանազկերտի ճակատամարին, երբ ժողովուրդը ի վիճակի չէր այլեւս երկիրը պաշտպանելու:
Մինչեւ 13րդ դար, հայերը մնացին սելճուք թուրքերու տիրապետութեան տակ: Ապա եկաւ մոնկոլական արշաւանքը Ճինկիզ Խանի գլխաւորութեամբ: Ճինկիզ Խանի կայսրութիւնը եղաւ «աւերումի կայսրութիւն» մը: Անոնք Չինաստանի մէջ սպաննեցին 18 միլիոն մարդ, հրոճարակ դարձուցին Չինաստանէն Էրզրում երկարող ամբողջ տարածքները: Ճինկիզ Խանի թոռնիկը՝ Յուլաղուն, հասաւ Միջագետք, քանդեց Պաղտատը, սպաննեց 1.600.000 մարդ, նուաճեց Հալէպն ու Դամասկոսը: Անոր կրցան կասեցնել միայն Եգիպտոսի սուլթանները 1260ին, Պաղեստինի դռներուն դիմաց՝ Այն Ճալութ ճակատամարտով:
15րդ դարուն շրջանը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ մոնկոլական նոր արշաւանքի մը՝ Լէնկթիմուրի գլխաւորութեամբ: Մոնկոլները այս անգամ իսլամացած էին:
Լենկթիմուր 1400 թուականին հասաւ Վան ապա Սեբաստիա ուր գործեց անմարդկային բարբարոսութիւններ, երեխաներ տրորուեցան ձիերու սմբակներու տակ, Վանի բերդէն կիներ եւ երեխաներ վար նետուեցան:
15րդ դարուն կէսէն ետք շրջանին վրայ արշաւեցին թիւրքմէն ցեղախումբեր՝ «Սեւ Ոչխարաւորներ» եւ «Սպիտակ Ոչխարաւորներ»:
Թուրանական արշաւանքներու հետեւանքները հետեւեալները եղան.-
ա.-Այս արշաւաները քանդեցին եւ կասեցուցին հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան թելը. կործանուեցաւ պետականութիւնը:
բ.-Հայաստանը Կործանուեցաւ. քանդուեցան քաղաքները եւ հողագործութեան ու ջրաբաշխութեան ցանցերը:
-Արտագաղթի մեծ ալիք մը ծայր առաւ Հայաստանէն դէպի Խրիմ (200.000 հոգի), Մոլտովիա, Լեհաստան:
Օսմանեան Թուրքերը եւ Օսմանեան Կայսրութեան ստեղծումը
Օսմանացիները սկիզբը թուրանական փոքր ցեղախումբ մըն էին, որոնք 13րդ դարուն փախելով մոնկոլներէն եկան Փոքր Ասիա, ուր կը տիրէին սելճուք թուրքերը:
Օսմանցիները օգտուեցան հետեւեալ պայմաններէն.-
ա.-Բիւզանդիոնի տկարացումը, Խաչակիրներու մրցակցութեան եւ սլաւներու ըմբոստութեան պատճառով:
բ.Սելճուք թուրքերու քայքայումը (մոնկոլներու ձեռքով):
Պէտք է ըսել, որ օսմանցի թուրքերու ցեղը ամէնէն հմուտը եղաւ թուրանական բոլոր ցեղերուն մէջ: Ան կրցան Պոլիսը (Բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաքը) նուաճել 1453ին, Մուհամէտ Բ.ի օրով, դէպք մը, որ խանգարեց օրուայ աշխարհի ամբողջ հաւասարակշռութիւնը:
1453ին, երբ Օսմանեան թուրքերը նուաճեցին Պոլիսը, Փոքր Ասիան դեռ կը գտնուէր սելճուք թուրքերու ձեռքը, այսինքն՝ Պոլիսը նուաճելէն ետք էր, որ անոնք ուղղուեցան դէպի Փոքր Ասիա եւ արաբական երկիրներ:
Օսմ.Թուրքերը Հայաստանի մէջ երեւացին 16րդ դարուն միայն: Երբ անոնք նոյն օրերուն նուաճեցին արաբական աշխարհը՝ հայերը նեցուկ եղան անոնց թուրանական միւս ցեղախումբերուն դէմ: Այս իսկ պատճառով Սուլթան Մուհամմէտ Բ.ը երբ Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս պատրիարքը բոլոր Օրտոտոքս եկեղեցիներու պատրիարք նշանակեց, հայերուն տրամադրեց ինքնուրոյն պատրիարքութիւն:
Օսմանցի թուրքերը սուլթան Սելիմ Ա.ի օրերուն (1514-1516 թուականներուն) կրցան ստեղծել հսկայական կայսրութիւն մը, որ կþերկարէր Վեննայէն մինչեւ Եգիպտոս, Իրաք, Ալճերիա, Թաւրիզ: Օսմանցի սուլթանները ձեռք առին իսլամական կրօնական խալիՖայական ժառանգութիւնը արաբ քալիՖաներէն, այսինքն՝ իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցին կրօնքը եւ քաղաքական իշխանութիւնները: Այս իմաստվ անոնց միակ մրցակիցը Պարսկաստանն էր: Այս ձեւով Օսմ.թուրքերը ղեկավարը եղան իսլամ սիւննի աղանդին, իսկ Պարսկաստանը՝ իսլամ Շիա աղանդին: