ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ 1878-1894

Տեսանք թէ ինչպէս Պերլինի Վեհաժողովին Անգլիան կրցաւ պարտադրել Ռուսաստանին՝ թրքահայաստանին պարպումը՝ նախքան բարենորոգումները իրականացնելը: Անգլիան այնուամենայնիւ փորձ մը կատարեց հայութեան պայմաններու բարելաւման համար՝ Ռուսիոյ ձեռքէն առնելու այն պատրուակը, որուն համար Ռուսիան նոր միջամտութիւններ կրնար կատարել:

Վերոյիշեալ բարեկարգումները ասպարէզ նետեց՝ Անգլիոյ արտ.գործ նախարար՝ Լորտ Սալսպըրի Տիզրայէլտ: Այդ բարեփոխումները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերով.-

1-Անգլիան իր հիւպատոսական սպասարկութիւնները պիտի տարածէր թրքահայաստանի նահանգներուն մէջ (8 զինուորական հիւպատոս նշանակուեցան, հիմնականները Էրզրումի եւ Սիւազի մէջ):

Այս հիւպատոսարաններու պարտականութիւնն էր տեղեկանք փոխանցել՝ հայութեան վիճակին մասին:

2-Պոլսոյ մէջ Անգլիոյ դեսպանը ճնշումներ բանեցուց սուլթանին վրայ, որպէսզի գործադրուին 61րդ յօդուածի տրամադրութիւնները (բարեկարգումի առարկայ պէտք է ըլլար ոստիականական համակարգը, տուրքերու դրոյթը եւ արդարադատութիւնը):

1880ին Տիզրայէլիին փոխարինեց Կըլատսթոնը, որպէս Անգլիոյ վարչապետ: Կըլատսթոն աւելի լուրջ ձեւով փորձեց հետապնդել 61րդ յօդուածի տրամադրութիւնները. սակայն այս ջանքերը բախեցան սուլթանի անտարբերութեան եւ կրաւորական կեցուածքին հետ, ինչ որ մղեց Անգլիան, որ երկու յուշագիրներ ուղարկէ՝ Փարիզ, Պերլին, Վիեննա, Սան Փեթերսպուրկ եւ Հռոմ: Սակայն այդ ջանքերը չյաջողեցան՝ Գերմանիոյ վարչապետ՝ Պիսմարքի ժխտական կեցուածքին պատճառով (Գերմանիա չէր ուզեր շատ առաջ երթալ այս հարցին մէջ, նկատի առած որ ինք ալ ունէր ժողովուրդներ, որոնք կը ձգտէին ինքնավարութեան կամ անկախութեան, ինչպէս Ալզասի եւ Լորէնի ժողովուրդները, լեհերը եւ դանիացիները):

Ռուսիա լուրջի չառաւ Անգլիոյ վերոնշեալ փորձերը հաստատելու համար այն տեսակէտը, որ բարեփոխումներ կարելի չէ իրագործել օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ առանց Ռուսիոյ բանակի երաշխաւորութեան:

Անգլիոյ համար ալ Պոլսոյ կարեւորութիւնը սկսած էր նուազիլ՝ Հնդկաստանի ճամբուն վրայ Կիպրոսին տիրանալէ ետք:

Մէկ խօսքով բարենորոգումներու նկատմամբ եռանդը նահանջեց եւ հարցը դարձաւ երկրորդական հարց մը: 1883էն սկսեալ Անգլիան յետս կոչեց զինուորական հիւպատոսները, այնուամենայնիւ հիւպատոսներու տեղեկագրերը, որոնք հրատարակուեցան «Կապոյտ Գիրքր» խորագրով՝ նպաստեցին իրազեկելու եւոպական հանրային կարծիքը հայկական հարցի շուրջ:

Իսկ Ռուսիա Ալեքսանտր Գ.ի իշխանութեան գալէն ետք սկսած էր վերապահութեամբ մօտենալ օսմանեան կայսրութեն մէջ հայերու ինքնավարութեան խնդրին՝ վախնալով որ հայերը արեւելահայաստանի մէջ ալ ձգտին ինքնավարութեան:

About admin

Check Also

Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները

            Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները …

Leave a Reply