Մինչեւ Պերլինի ժողովը հայութեան վատ վիճակը օսմանեան կայսրութեան ներքոյ արդիւնք էր կայսրութեան ընդհանուր վիճակին: 1878էն ետք Թուրքիա վախնալով, որ հայկական հարցը կրնայ պատուհաս ըլլալ կայսրութեան համար եւ առիթ՝ արտաքին միջամտութիւններու (օրինակ ունենալով յոյներու եւ Պուլկարիոյ անկախութեան երեւոյթները), իր տարածքին մէջ ապրող հայութեան նկատմամբ որդեգրեց նոր քաղաքականութիւն: Այս նոր քաղաքականութիւնը կը միտէր հայերը փոքրամասնութեան վերածել Հայաստանի մէջ եւ այս նպատակին հասնելու համար որդեգրեց հետեւեալ միջոցները.-
-Հայկական նահանգներու սահմաններու փոփոխութիւն, որպէսզի հայերը մեծամասնութիւն չըլլան որեւէ նահանգի մէջ:
-Մղել Տաւրոսեան լեռնաշղթայի հարաւը ապրող վաչկատուն քիւրտ ցեղախումբերը, որ երթան եւ հաստատուին Մուշի, Վանի եւ Էրզրումի մէջ: Նաեւ հայերու հողերը յանձնել անոնց (շուրջ 100.000 քիւրտ այս ձեւով հաստատուեցան հայկական նահանգներուն մէջ):
-Անհանդուրժելի դարձնել հայութեան վիճակը զանոնք մղելու գաղթելու Արեւելահայաստան, ԱՄՆ կամ այլուր: Այս նպատակով յառաջացան Համիտեան գունդերը, որոնք քրէական զօրաբաժանումներ էին եւ հայերու հանդէպ հալածանքներ կ’իրագործէին: Այս զօրագունդերը ուղղուած էին յատկապէս Զէյթունի, Հաճընի, Սասունի, Շատախի հայութեան դէմ, քանդելու համար հայ ժողովուրդի արնականութիւնը եւ դիմադրութեան ոգին:
-Ազգաբնակչութեան առնչակից հարցերով կեղծել վիճակագրութիւններն ու թիւերը:
-Արեւմտահայաստանի տարածքին հայերը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին վեց վիլայէթներու (նահանգ) մէջ՝ Էրզրում, Վան, Տիգրանակերտ, Պիթլիս, Խարբերդ, Սվազ: Այս նահանգները ունէին 2.600.000 բնակիչ, որմէ 1.200.000ը հայեր էին: Հայութիւնը բացարձակ մեծամասնութիւն էր Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ, իսկ միւս նահանգներուն մէջ համեմատական մեծամասնութիւն կը կազմէր:
Այս բոլոր կեղեքումները, հալածանքներն ու անարդարութիւնները պատճառ դարձան հայկական կուսակցութիւններու ստեղծման, որոնք համարեա՛ ծնունդ առին թրքահայութեան (արեւմտահայութեան) պայմանները բարելաւելու նպատակով:
Նախ ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմուեցան գաղտնի ընկերակցութիւններ եւ յեղափոխական շարժումներ: Յետագային այդ շարժումները վերածուեցան կուսակցութիւններու, որոնք ծնունդ առին Պերլինի ժողովի բարեփոխումներու ցնորքի յուսախաբութենէն:
ԱՐՄԵՆԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հիմնադրուած է 1885ին, Վանի մէջ: Վանէն Մարսելիա արտաքսուած Մկրտիչ Փորթուգալեան հոն կը սկսի հրատարակել «Արմենիա» թերթը, որու գաղափարներով կը կազմուի Արմենական Կուսակցութիւնը Վանի մէջ: Կուսակցութեան նպատակն էր՝ յեղափոխութեան ճամբով ապահովել հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը:
Կուսակցութիւնը սահմանափակուած կը մնայ Վան նահանգի մէջ (Վասպուրական), ետքը կը քայքայուի եւ կուսակցականներու մեծ մասը կ’անդամագրուի 1890ին հիմնադրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կուսակցութեան, իսկ կուսակցութեան պահպանողական թեւը՝ 1908էն ետք կը հիմնէ Սահմանադիր Ռամկավար կուսակցութիւնը, որ 1921ին Պոլսոյ մէջ կը վերածուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:
ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հիմնադրուած է 1887ին Ժընեւի մէջ, Աւետիս Նազարբեկեան, Մարօ Վարդանեան եւ շարք մը ուսանողներու կողմէ, որոնք Ժընեւի մէջ «Հնչակ» թերթին շուրջ համախմբուած էին:
Սկզբնական շրջանին կուսակցութեան մէջ տիրող եղած են Մարքսիստական գաղափարները:
Կուսակցութիւնը ձգտած է արեւմտահայութեան քաղաքական եւ ազգային անկախութեան:
Կուսացկութիւնը ունեցած է շարք մը ցուցական գործունէութիւններ, որոնցմէ հիմնականը կարելի է նկատել Սասնոյ Ա.ապստամբութիւնը 1896ին եւ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած ցոյցերը:
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հիմնադրուած է 1890ին, ԹիՖլիս: Հիմնադիրները եղած են Քրիստափոր Միքայէլեան, Ռոստոմ Զօրեան եւ Սիմոն Զաւարեան: Կուսակցութիւնը իր գաղափարախօսութիւնը հիմնած է ազգային գաղափարի, յեղափոխութեան եւ ընկերային արդարութեան սկզբունքներուն վրայ:
Միայն սկզբնական շրջանին կուսակցութեան հիմնական գործունէութիւններէն կարելի է թուել՝ Սասնոյ Բ.ապստամբութիւնը (1804), Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի մահափորձը (1905), հայ-թաթարական պատերազմներուն մէջ մեծ ներդրումը (1905), Պանք Օթօմանի գրաւումը (1896), Խանասորի արշաւանքը (1887):