Համիտեան ջարդերու դժնդակ վէճերը չէին բաւեր կարծես, երբ Անդրկովկասին մէջ հայութեան համար յառաջացաւ նոր իրավիճակ, որ կարելի է սահմանել որպէս ձարական ռեժիմի կողմէ կիրարկուած «ոստիականական դիւանակալութիւն»:
Ալեքսանդր Գ.ձարին կողմէ ի գործ դրուած այս դիւանակալութիւնը կը հետապնդէր ոչ ռուս տարրեը լուծել ռուսական ցեղին կամ ազգին մէջ: Այս ռեժիմը կը բնորոշուէր կեդրոնաձիգ իշխանութեամբ, որ կ’արգիլէր ամէն տեսակի կրօնական եւ մշակութային առանձնայատկութիւններու դրսեւորումը այլ ազգերուն մօտ, որոնք կ’ապրէին ռուսական տարածքներուն մէջ:
Ձարական իշխանութիւնները դիմեցին բռնի ռուսացման եւ օրթոտոքսացման քաղաքականութեան:
Ճնշումներ բանեցուեցան հայկական դպրոցներուն վրայ՝ սահմանափակելով անոնց գործունէութիւնը: Անոնք սկսան ճնշել հայ եկեղեցւոյ վրայ պարտադրելով օրթոտոքսութիւնը: Քաջալերեցին օրթոտոքսութիւն ընդունողները, անոնց տրամադրելով տարածքներ, իսկ հայերը զրկուեցան բանակին մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնելէ: Ասիկա կոյր քաղաքականութիւն մըն էր, որ անյարիր կը նկատուէր մեծ կայսրութեան մը առաքելութեան հետ (Ռուսիոյ): Թիրախ դարձան հայ Յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ ձերբակալուեցան անոնց ղեկավարները: Ասոր յաջորդեց հայ եկեղեցական գոյքերու բռնագրաւումը: Ռուսաստանի մէջ 300 եւ Անդրկովկասի մէջ 100 դպրոց փակուեցաւ: Փակուեցան թերթերը:
Այս քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հայ կուսակցութիւնները իրենց գործունէութիւնը չսահմանափակեն միայն թրքահայաստանի մէջ, այլ սկսին յեղափոխական գործունէութիւններ՝ արեւելեան Հայաստանի մէջ: Այս քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ 1881էն մինչեւ 1905 ժամանակահատուածը:
1905ին ծայր առաւ ռուս¬ճամբոնական պատերազմը, որ տկարացուց ռուսական կայսրութիւնը եւ Ռուսաստանի մէջ սկսան ծայր առնել ներքին յեղափոխական խմորումներ : Ձարին դէմ որպէս ընդդիմադիր հանդէս եկան.-
ա.-Սոցեալ Դեմոկրատները
բ.Սոցեալ Յեղափոխականները
Ձարական իշխանութիւնները դրդեցին թաթար տարրը, որպէսզի քայքայեն հայկական հաւանական ընդդիմութիւնը:
1905ի Փետրուարին, Պաքուի մէջ թաթարները ձեռնարկեցին հայերու դէմ ջարդերու: Ծայր առին կոտորածներ եւ կողոպուտներ: Ասիկա ձարական իշխանութիւններու կողմէ շանթաժ մըն էր ուղղուած հայութեան, որ եթէ չենթարկուին ձարական իշխանութիւններուն՝ պիտի դիմագրաւեն թաթարներու ջարդը:
Սակայն հայկական կուսակցութիւնները, յատկապէս՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը, կազմակերպուած եւ ազդու դիմադրութիւն ցուցաբերեցին թաթարական սպառնալիքներուն հանդէպ: Դիմադրութիւնը կազմակերպուեցաւ Պաքուի մէջ՝ Նիկոլ Դումանի եւ Երեւանի մէջ՝ Դրոյի եւ Դաշնակցական Խեչոյի կողմէ:
Դաշնակցութիւնը դիմադրութենէն նոյնիսկ անցաւ հակայարձակումի՝ մեծ զոհեր խլելով թաթարներէն: Այն ատեն միայն ռուսերը միջամտեցին կարգը հաստատելու համար: Դրօն Պաքուի մէջ ահաբեկեց ռուս կառավարիչ՝ Նակաշիցէն, վրէժը առնելով հարիւրաւոր անմեղ զոհերու:
Ձարական իշխանութիւնները ստիպուեցան դիմել հանդարտեցման գործի Անդրկովկաս ուղարկելով յատուկ պատուիրակ մը՝ Որոնցով Տաշքով իշխանը: Ռուսական ռեժիմը ստիպուեցաւ նահանջել՝ ռուսական յեղափոխական եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գործունէութեան պատճառով, կազմուեցաւ ռուսական խորհրդարանը՝ Տուման եւ հալածանքները դադրեցան:
Որոնցով Տաշքով իշխանը զգալով հայերու նկատմամբ ձարին վարած սխալ քաղաքականութիւնը՝ փորձեց փոխել այս ընթացքը, առ այդ 1906¬1915ին Անդրկովկասը անցուց համեմատաբար աւելի կայուն իրավիճակ մը: Բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները եւ ինչքերը վերադարձան հայ եկեղեցւոյ:
1908ին ձարական իշխանութիւնները նորէն կը փորձեն ճնշել հայութիւնը, ինչ որ աւելի կը շեշտէ ռուսական ընդդիմութեան դերակատարութիւնը եւ գործունէութիւնը: