Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ՀԱՄԱԹՈՒՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԱԹՈՒՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԻՒՆ

panturanizm

Ա.համաշխարհային պատերազմի նախօրէին երկու մեծ նպատակներ կը տիրապետէր թրքական քաղաքականութեան վրայ.-

Համաթրքութիւն,  որ կը նշանակէ ձուլել ոչ թուրք բնակչութիւնը թրքութեան մէջ:

Համաթուրականութիւն, որ կը նշանակէ թուրանական բոլոր ժողովուրդներու միացում «Մեծ Թուրքիոյ» մէջ, ԲոսՖորէն Կեդրոնական Ասիա:

Բանաստեղծ՝ Ձիա կէօք Ալփ եւ տեսաբան՝ Թէքին Ալփ ջատագովները կ‏’ըլլան այս գաղափարներուն, որ մեծ տեղ կը գտնեն «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան վերնախաւին մօտ, որ արդէն սկսած էր աւելի ծայրայեղ ընթացք բռնել:

Ըստ այս գաղափարախօսութեան թրքական ծագում ունեցող բոլոր ժողովուրդները՝ թուրք, թաթար, թիւրքմէն, իւզպէկ, տաճիկ, խրխզ, ղազախ) պէտք է միանային մէկ կայսրութեան մէջ, ուստի հայ ժողովուրդը խոչընդոտ մըն էր այս ծրագրի իրագործման դիմաց:

Թուրքիա Համաշխարհային Ա. Պատերազմը կը մտնէ Հոկտեմբեր 1914ին, Գերմանիոյ կողքին դաշնակիցներուն դէմ: Ասիկա յարմար առիթ մը կ‏’ըլլայ հայերը ոչնչացնելու ծրագիրի իրագործման համար: Օտարերկրացի քննիչները ետ կը ղրկուին Թուրքիայէն եւ առիթը կ’ընծայուի իրագործելու հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ուրեմն ղեկավարութեամբ թրքական կառավարութեան եւ Միութիւն ու Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Կոմիտէէին ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կը նշանակէ թրքահայաստանի հայ բնակչութեան սիստեմաթիք բնաջնջումը եւ որ 20րդ դարու Ա. ցեղասպանութիւնն է: Այս նպատակով կառավարութիւնը կը կազմէ յատուկ մարմին մը՝ «Թաշքիլէթ Մախսուսէ» անունով, որ պիտի գործադրէր ցեղասպանութեան ծրագիրը:

Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը կ’ունենայ յաջորդական հանգրուաններ.-

ա.-Նախ հայ մտաւորականութեան, քաղաքական գործիչներու ու ընտրանիի ձերբակալութիւն եւ ոչնչացում (մօտ 250 հոգի) 24 Ապրիլ 1915ին, որ պայմանական թուական է ցեղասպանութեան:

բ.-Բանակներու մէջ ոչնչացումը հայ զինուորներուն եւ սպաներուն:

գ.-Քաղաքային հայ բնակչութեան ոչնչացման յատուկ ծրագիր:

-Բնակչութեան մեծ մասը տեղն ու տեղը սպաննուեցան վայրագ միջոցներով (մորթել, այրել), օրինակ Տարօնի նահանգին մէջ:

-Այլ մաս մը տարագրուեցաւ դէպի Միջագետքի անապատները, որոնց կարաւանները ճամբու ընթացքին ենթարկուեցան քիւրտերու եւ չերքէզներու յատուկ ջոկատներու յարձակումներուն եւ սպաննուեցան անբացատրելի բարբարոսութիւններով:

-Այս փոքրաթիւ մաս մը հասաւ Միջագետքի քաղաքները, ուր տեղւոյն մարմինները թելադրութիւն ունէին զանոնք սպաննելու:

-Խլուեցան հայ երիտասարդները եւ դեռատի աղջիկներն ու կիները եւ յանձնուեցան թուրքերու կամ քիւրտերու, որպէսզի թրքանան:

Այս հրէշային ծրագիրը դրուած էր կայսրութեան ներքին գործոց նախարար՝ Թալիաթի անմիջական հսկողութեան տակ: Ցեղասպանութեան զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ:

-Հայութեան հաւաքական թէ անհատական անշարժ թէ շարժական բոլոր ունեցուածքը խլուեցաւ եւ տրամադրուեցաւ թրքութեան:

Հոս տեղին է յիշել, որ կարգ մը շրջաններու մէջ հայութիւնը դիմադրութիւն ցուցաբերեց եւ դուրս եկաւ աւելի քիչ վնասներով քան այն շրջանները ուր ոչ մէկ դիմադրութիւն տեղի ունեցաւ (Վան, Շապին Գարահիսար, Սասուն, ՈւրՖա, Մուսայ Լեռ):

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …

Leave a Reply