1917-1920 ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1917ի Փետրուարին Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութիւն պայթեցաւ: Սկզբնական շրջանին յեղափոխութիւնը ունէր ազատական եւ ընկերվարական մղումներ: Յեղափոխութեան լոյսին տակ Սան Փեթերսպուրկի մէջ կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն Կիրենսքիի գլխաւորութեամբ: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Ռուսիան պատերազմի մէջ դաշնակիցներու կողքին պահեց: Կառավարութիւնը կը միտէր ռուսական կայսրութիւնը օժտել ժողովրդավարական կարգերով: Յեղափոխութիւնը կայսրութեան ոչ ռուս ժողովուրդներուն խոստացաւ ինքնավարութիւն տալ, նոյնիսկ անկախութեան խոստումներ տրուեցաւ Ֆիրլանտացիներուն, լեհերուն, հայերուն: Այդ օրերուն ազատագրուած թրքահայաստանի վարչական գործերու տնօրինումը յանձնուեցաւ թրքահայութեան: 1917ի Հոկտեմբեր ամսուն Փետրուարեան Յեղափոխութեան մէջ կատարուեցաւ այլ յեղափոխութիւն մը, որ կոչուեցաւ Համայնավարական Յեղափոխութիւն: Այս յեղափոխութիւնը տապալեց ժամանակաւոր կառավարութիւնը: Համայնավարական յեղափոխութիւնը առաջին օրէն կարգախօս ունեցաւ անմիջական հաշտութիւն եւ ռուս զինուորներու անմիջական տուն դարձ պատերազմական ճակատներէն: Ժամանակաւոր կառավարութեան օրերուն ռուս Սահմանադիր Ժողովի անդրկովկասեան ընտրութիւններուն պատկերը հետեւեալը կը պարզէր.- Հայ.-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Վրացիներ.-Սոցեալ Դեմոկրատ կուսակցութիւն Թաթար (Ազերի).-Մուսավաթ Կուսակցութիւն Վերոնշեալ կուսակցութիւնները Սահմանադիր Ժողովէն ներս մեծմասնութիւն ունեցան: Երբ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը վերոնշեալ երեք կուսակցութիւնները մերժեցին ենթարկուիլ համայնավարներուն եւ ստեղծեցին Անդրկովկասեան Ժամանակաւոր Կառավարութիւն ՍԷՅՄ անունով: Սէյմի մէջ ամէն մէկ ժողովուրդ ունէր իր ազգային շահերէն մղուած իր ինքնուրոյն քաղաքականութիւնը, շատ յաճախ իրարու հակառակ: Ռուսական բանակի քայքայումով դասալիք եղան նաեւ թաթարներն ու վրացիները: Ճակատը պահելու բեռը մնաց միայն հայերու ուսերուն վրայ: 35 հազար հոգինով բանակին մէջ, որ առաւելաբար կամաւորական գունդերէն եւ ռուսական բանակի չնահանջած հայ զինուորներէն կազմուած էր, հայ զինուորները հերոսաբար իրենց ուսերուն վրայ առին պատերազմական գործողութիւնններու ամբողջ ծանրութիւնը: Այս բանակը կորիզը կազմեց ապագայի հայ ազգային բանակին: 400 քիլօ մեթր երկայնքով ճակատ եւ կռնակ ունենալով հարիւր հազարաւոր գաղթականներ հայկական բանակը օրհասական կռիւ մղեց թրքական թիւով եւ պատրաստութեամբ աւելի մեծ բանակներուն դէմ: 1918ի Մարտին սովետական Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուեցաւ Պրեսթ-Լիդովսկիի դաշնագիրը, ուր սովետական Ռուսիան Թուրքիոյ կը յանձնէր թրքահայաստանը, ինչպէս նաեւ Կարսի եւ Արտահանի նահանգները: Ապրիլ 25ին թուրքրը մեծ յարձակում գործեցին նպատակ ունենալով հասնիլ Պաքու իրականացնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Սակայն հայկական բանակները Զօր.Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ ազգային դրօշին ներքեւ լրքուած վրացիներէն, ռուսերէն եւ թաթարներէն օրհասական մարտեր մղեցին թուրքերուն դէմ Սարդարապատի, Ղարաիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ եւ 28 Մայիս 1918ին հռչակուցեաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 10 հազար քառակուսի քիլօ մեթր տարածքով, Երեւան կեդրոնով եւ մէկ միլիոն 300.000 բնակիչներով՝ առաւելաբար գաղթականներէ կազմուած: Նոյն օրերուն օրհասական կռիւներ տեղի ունեցան Զանգեզուրի մէջ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ եւ Պաքուի մէջ՝ Ռոստոմի գլխաւորութեամբ: 1918ի Հոկտեմբերի 30ին, Դաշնակիցները յաղթական դուրս եկան Համաշխարհային Ա.պատերազմէն եւ կնքուեցաւ Մուտրոսի զինադադարը՝ դաշնակիցներու եւ Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ: Փաստօրէն Հայաստանի անկախութիւնը կերտուեցաւ 1.5 միլիոն հայերու նահատակութեամբ, որպէսզի մէկ միլիոն հայ ապրի: 1919ի ընթացքին հայերը կ‏’ազատագրեն Ալեքսանտրապոլը եւ Կարսը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’ապրի մինչեւ 1920 երբ տեղի կ’ունենայ Հայաստանի խորհրդայնացումը: 1918-1920ին Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ եղան յաջորդաբար՝ Յովհաննէս Քաջազնունին, Ալեքսանտր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան եւ Սիմոն Վրացեան: Յետ պատերազմին դաշնակիցներու եւ Առանցքի Երկիրներուն միջեւ գումարուեցաւ Փարիզի խորհրդաժողովը: Փարիզի խորհրդաժողովին կը մասնակցէր՝ Գերմանիան, Աւստրօ Հունկարիան, Թուրքիան, Անգլիան, Ֆրանսան: Կը բացակայէր Ռուսաստանը: Հայութիւնը ներկայացուած էր երկու պատուիրակութիւններով: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ եւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ: Փարիզի խորհրդաժողովի մէկ մասն էր Սեւրի դաշնագիրը՝ դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ: Սեւրի դաշնագիրին մէջ երկու հիմնական յօդուածներ կը վերաբերին Հայաստանին եւ հայութեան: Յօդուած թիւ 88.-Թուրքիա կը յայտարարէ թէ կը ճանչնայ Հայաստանը ազատ եւ անկախ պետութիւն: Յօդուած 89.-Թուրքիա, Հայաստան եւ դաշնակցիցները կ’ընդունին ԱՄՆի նախագահի իրաւարարութեան յանձնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններու ճշդումը Էրզրումի, Վանի, Տիգրանակերտի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ այն կարգադրութիւնը, որ ան պիտի կրնայ կատարել Սեւ Ծովու վրայ Հայաստանի ելք մը տալու համար: 1920ի Հոկտեմբերի 22ին նախագահ Ուիլսոն կու տայ իրավարարի իր վճիռը գծելով Հայաստանի քարտէզը: Սեւրի դաշնագիրը չգործադրուեցաւ: 1922ի Նոյեմբերին կը ստորագրուի Լօզանի դաշնագիրը, ուր Հայաստան բառը չկար: Դաշնակիցները շահագրգռուած էին տնտեսական շահերով (հանքեր, քարիւղ, երկաթուղագիծ): Ի վերջոյ անոնք կորսնցուցին թէ իրենց պատիւը եւ թէ շահերը (Ան որ պատիւը կը զոհէ շահի համար կը կորսնցնէ երկուքն ալ): 1919 թուականի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ծայռ կ‏’առնէ ազգային շարժումը՝ ՄուսթաՖա Քեմալի եւ Քեազիմ Գարապէքիրի գլխաւորութեամբ: Այս շարժումը ծանօթ է նաեւ «Քեմալական շարժում» անունով, որ փոխարինեց «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան: Այս շարժումը Անգարայի մէջ կառավարութիւն կազմեց, մայրաքաղաքը Պոլիսէն Անգարա փոխադրելով (Պոլիսը «գրաւուած» էր դաշնակցիցներու կողմէ): Ազգայնական շարժումը կը մերժէր Պոլսոյ թրքական կառավարութեան որոշումները: Շարժումի յայտարարուած նպատակն էր՝ «Թուրքիան չմեռնի Օսմանեան կայսրութեան մահով»: Այս շարժումը տիրացաւ նախկին Թուրքիոյ զինուորական պահեստի կարեւոր բաժնին, որովհետեւ դաշնակիցները Թուրքիոյ հետ զինադադարի կնքման ընթացքին անտեսած էին Թուրքիոյ զինաթափումը: Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք թրքական բանակները կը յարձակին Հայաստանի վրայ, Խորհրդային Ռուսիան սկսած էր արդէն կապեր հաստատել Քեմալական Թուրքիոյ հետ: Երբ Պաքու կը խորհրդայնանայ Հայաստան կ‏’իյնայ երկու թշնամիներու արանքը՝ մէկ կողմէն քեմալական Թուրքան միւս կողմէն Ատրպէյճանի խորհրդային Կարմիր Բանակը: 1920ի Հոկտեմբերին Կարսը կ’իյնայ թրքական բանակներուն ձեռքը: 1920ի Նոյեմբերի 7ին թրքական բանակը կը գրաւէ Ալեքսանտրապոլը (Գիւմրի, Լենինական): 1920ի Դեկտեմբերի 2ին կը ստորագրուի Ալեքսանտպոլի պայմանագիրը, որու պայմաններով Կարսը, Արտահանը եւ իգտիրը Հայաստանի կողմէն կը յանձնուին Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանը կը դառնայ թաթարական պետութիւն: Նոյն օրը՝ 1920 Դեկտեմբեր 2ին Հայաստանը կը խորհրդայնանայ:

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …

Leave a Reply