Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Ամփոփ Ժամանակագրութիւն Արցախեան Պայքարի՝ Մինչեւ Պաշտօնական Զինադուլ

Ամփոփ Ժամանակագրութիւն Արցախեան Պայքարի՝ Մինչեւ Պաշտօնական Զինադուլ

1988 թ. Փետրուարին հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ոտքի ելաւ յանուն պատմական արդարութեան, արժանավայել ներկայի եւ փայլուն ապագայի: Սկզբնական շրջանին շարժումը ունէր խաղաղ եւ աղերսական բնոյթ. հայերը կոչերով, նամակ ուղերցներով, խորհրդարանական կառավարական որոշումներով եւ բազմաթիւ փաստաթուղթերով աշխարհին կը դիմեն վերանայելու գործուած պատմական սխալին եւ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը: Այսպէս 20 Փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդը արտակարգ նիստի մը ընթացքին կ’որոշէ անջատուիլ Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիսդական Հանրապետութենէն եւ միանալ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիսդական Հանրապետութեան, Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան՝ ազգերու ինքնորոշման վերաբերեալ յօդուածին տրամադրութիւններուն համաձայն: Այս որոշման յաջորդող օրերուն Երեւանի մէջ սկսուող ցոյցերը զանգուածային բնոյթ կը կրեն հասնելով մինչեւ մէկ միլիոն ցուցարարի:

Երեւանեան ցոյցերու ի պատասխան ազերիները 28 Փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ հայերու ջարդը կը կազմակերպեն եւ կը հրկիզեն հայկական թաղամասը:

15 Յունիսին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը կ’որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը առնել Խորհրդային Հայաստանի Կազմին մէջ:

12 Յուլիսին Լ.Ղ. Գ.Խ.ը կ’որոշէ շրջանը անջատել Ազրպէյճանէն, զայն վերամկրտել իր պատմական անունով՝ Արցախ եւ որդեգրել ինքնավար մարզը գործնապէս Հայաստանին միացնելու քայլեր:

11-15 Դեկտեմբեր կը ձերբակալուին Ղարաբաղի Կոմիտէի 7 անդամներ եւ անոնց անմիջական գործակիցները շուրջ 150 հոգի:

12 Յունուար 1989-ին նախկին խորհրդային միութեան համայնավար կուսակցութեան փոլիթբիւրոյի Արցախի հարցով զբաղող յանձնախումբը կ’որոշէ Լ.Ղ.-ի մէջ ստեղծել մասնայատուկ դրութիւն, որուն համաձայն մարզը վարչականօրէն Ազրպէյճանի մէջ ձգելով: 20 Յունուարէն սկսեալ մարզը կը կառավարուի կրեմլինի յատուկ պատուիրակ ՝ Արկադի Վելսքիի գլխաւորած մարմնին կողմէ:

25-30 Սեպտեմբերին սփիւռքեան զանազան գաղութներէ 100 հազարի հասնող նամակներու հեղեղ մը կ’ողողէ Մ.Ա.Կ.ի քարտուղար Փէրէզ Տը Քուէլարի գրասենեակը պահանջելով, որ ան միջամտէ ի նպաստ Արցախի հայութեան արդար պահանջներուն եւ իրաւունքներուն:

Դեկտեմբեր 1-ին Հայաստանի Գ.Խ.-ը եւ Արցախի Գ.Խ.-ը միացեալ նիստի մը ընթացքին կ’որոշեն Հայաստանն ու Արցախը միացեալ հանրապետութիւն հռչակել:

24 Յունուար 1990-ին Երասխաւանի կռիւներուն կը նահատակուի Ղարաբաղի շարժման գործօն անդամներէն՝ Մովսէս Գորիսեանը:

27 Օգոստոսին Ազրպէյճանի Գ.Խ.-ը լուծուած կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար Մարզը:

14 Յունուար 1991-ին նոյն խորհուրդը լուծուած կը յայտարարէ Շահումեանի ենթաշրջանը, զայն կցելով հարեւան Ազրպէյճանի Քասում Իսմայիլովի շրջանին՝ վերանուանելով Քերամպոյի շրջան:

17 Յունուարին Բերդաձորի գիւղերէն՝ Եղծահողի մէջ, Բերդաձորի ընկ. Ստեփանի (Ստեոփ) մահով Արցախի հերոսամարտը կ’արձանագրէ Դաշնակցական առաջին նահատակը:

Ապրիլ 30-ին Ազրպէյճան Խորհրդային բանակի միջոցաւ տեղահան կ’ընէ Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի հայ բնակչութիւնը եւ կը գրաւէ իրեն համար անմատչելի այդ ամրութիւնները: Ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն կը նահատակուին դաշնակցական ընկերներ՝ Թաթուլ Կրպէեան, Արթուր Կարապետեան, Սիմոն Աչիքկոզեան, Հրաչ (Զարզանդ) Դանիէլեան եւ Վալէրի Նազարէթեան: Ապա Կորպաչովեան տխրահռչակ որոշումով կը լուծարուի Շահումեանի ենթաշրջանը եւ վարչականօրէն կը կցուի հարեւան ազրպէյճանական շրջանին մէջ:

Այս հսկիչ կայանի վերածումը կը նշանակէր որ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնները ալ եւս որեւէ պատասխանատուութիւն չէին կրեր Շահումեանի շրջանի հայ բնակչութեան անվտանգութեան համար: Ազրպէյճանը խորհրդային ներքին զորքերու ՕՄՕՆ-ին միջոցաւ ձեռնարկեց շրջանի հայերուն բռնի տեղահանութեան: Այսպէս 16 Յուլիսին կը բռնագաղթուին Շահումեանի շրջանի Բուզլուխ, Էրքէջ եւ Մանաշիտ գիւղերու բնակչութիւնը:

Սեպտեմբեր 2-ին Արցախցիները կը հռչակեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ծնունդը: Այս հանգամանքը բեկում մտցուց Արցախեան պայքարին մէջ, ոչ միայն քաղաքական այլ եւ հոգեբանական առումով եւս, արցախահայութիւնը պատմութեան զոհէն վերածելով պատմութիւն կերտող հաւաքականութեան:

Այսպիսով սկիզբ առաւ Արցախեան մեծ պատերազմը իր բազում բազմաիցս սխրանքներով եւ հերոսութիւններով:

Սեպտեմբեր 13-ին երկարատեւ կռիւներէ ետք կ’ազատագրուին Բուզլուխը, Էրքէջը եւ Մանաշիտը, իսկ 17-ին՝ Հադրութի Ծամձող գիւղը, 30 Հոկտեմբերին ՝ Տող գիւղը 15 Նոյեմբերին՝ Սարիշէն գիւղը, 28-էն 30-ին՝ Հադրութի Առաքիւլ եւ Դոլանլար գիւղերը:

Դեկտեմբերի սկիզբէն Ազերիները սկսան Շուշիէն զանգուածաբար հրելակոծելու Ստեփանակերտը, շատ դժուար կացութիւն ստեղծուած էր մայրաքաղաքին համար. Ստեփանակերտը վերածուած էր հրդիրակոծութեան դաշտի, մայրաքաղաքն ու ողջ Արցախը կանգնած էին ճակատագրական երկընտրանքի առջեւ կամ՝ Շուշին գրաւել կամ՝ յանձնուիլ եւ գաղթել եւ կամ ալ՝ մերնիլ, իսկ եթէ չբացուէր Շուշիով սկսուող Լաչինի ճամբան ապա Արցախը խեղթամահ պիտի ըլլար շրջափակման հետեւանքով:

Ընտրուեցաւ առաջինը՝ Շուշին ազատագրելու տարբերակը:

Դեկտեմբեր 10-ին Լ.Ղ.Հ.եան անկախութեան հանրաքուէին բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը 99.89 առ հարիւրը այո՝ կ’ըսեն անկախութեան: Մինչեւ Շուշիի ազատագրումը տարբեր մարտերով ազատագրուեցան Շահումեանի Թողան եւ Սարիշէն գիւղերը ապա Ջամիլլու գիւղը:

Դեկտեմբեր 16-ին Հասանապատ գիւղին մօտ կռիւներուն ընթացքին կը նահատակուի Վարդան Բախշեանը:

Դեկտեմբեր 22-23 կ’ազատագրուին Մարտակերտի Իմերէթ-Գերաւանդ, Ումուդլու եւ Լեսնո գիւղերը:

1992-ի Յունուար 9-ին, ընկ. Արթիւր Մկրտչեանը կ’ընտրուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ:

20 Յունուարին Արցախի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները կը գրաւեն Ստեփանակերտի ազերիաբնակ Կրկժան թաղամասը:

12 Փետրուարին երկար կռիւներէ ետք կ’ազատագրուի Մալիպէյլ գիւղը: Նոյն ամսուայ 17-ին կ’ազատագրուի Ղարադաղլու գիւղը: Կարեւոր հանգրուան էր 27 Փետրուարին Խոջալու գիւղի ազատագրումը:

Ապրիլ 14-ին Լ.Ղ.Գ.Խ.ի նախագահ Արթիւր Մկրտչեան կը նահատակուի:

Շուշիի ազատագրութեան կռիւներուն նախօրէին, մարտեր կը մղուին Զարիսլուի եւ Ջանհասանի շրջակայքը՝ ի վերջոյ ազատագրելով զանոնք:

Շուշիի ազատագրման ծրագիրը ունէր գործողութիւններու երկու ուղութիւն. առաջինը՝ քաղաքի Ստեփանակերտի ճամբով յառաջխաղացումն էր, միւսը՝ Շորշ գիւղի կողմէ ձորի միջոցաւ որ Աշոտ Բեկորի վաշտի ուղութիւնն էր կար նաեւ յետախուզական յատուկ խումբ մը եւ դաշուշենի ջոկատ նաեւ հարուածային 3 խումբեր: Գործողութեան մեկնարկը կատարուեցաւ Մայիս 7ի կէս գիշեր 8ի առաւոտ ժամը 2:30-ին հայկական հրետանիի կրակոծներով, որմէ ետք ժամը 3ին Աշոտ Ղուլեանի վաշտը յարձակման կ’անցնի: Աշոտի վաշտը Շորշ գիւղէն Շուշի բարձրանալով խուճապ կը ստեղծէ եւ կը կոտրէ թշնամիին դիմադրականութիւնը միւս կողմէ հայկական հրասայլերն ու չորրորդ վաշտը Ստեփանակերտ – Շուշի մայրուղիի վրայ կռուելով կը բարձրանայ Շուշի չեզոքացնելու ազերիական զինուած ուժերը: Շուշիի ազատագրումը ամբողջացաւ Մայիս 8-ի կէսօրուայ մօտերը: Այս կռիւներու ընթացքին նահատակուեցաւ ընկ. Վիգէն Զագարեանը:

Հայկական ուժերը Մայիս 17-ին կ’ազատագրեն Բերդաձորը եւ 18-ին կը գրաւեն Լաչինի աւանը, կը բացուի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ անցքը:

2 Յունիսին Լ.Ղ.Հ.ը կ’ունենայ իր պետական դրօշը: Շուշիի ազատագրման եւ Լաչինի միջանցքով Արցախը Մայր հայրենիքի միացման գլխապտոյտ յառաջացնող խանդավառութեանը յաջորդեցին ազրպէյճանական բանակի լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները:

Անակնկալ այդ հարուածներէն առաջինը ինկաւ Շահումեանը, որուն յետեւեցաւ Մարտակերտի շրջանի կէսը, իսկ Հադերքը դարձաւ գաղթականներու առաջին կայանատեղին:

1993-ի Փետրուարին հայկական ուժերու յառաջխաղացումը դէպի Մարտակերտ սկսաւ Ջլտրան գիւղի ազատագրումով: Ջլտրանը վերցնելով Լ.Ղ.Հ.եան պաշտպանութեան բանակի մարտիկները նախ ամրացան գիւղի շրջակայ բարձրունքներու վրայ, ապա երեք ուղութեամբ յառաջանալով դիրքային առաւելութեան հասան, դիրքաւորուելով Մեհմանայի առջեւ ու փակելով հոնկէ աղեղնաձեւ հնարաւոր յարձակումը Ջլտրանի վրայ, սկիզբը Դրմբոնի մօտեցան եւ ապա Գելբաչար Մարտակերտի վրայ գտնուող Դրմբոնը գրաւելու ժամանակ թիկունք ապահովելու համար նախ ազատագրեցին Վաղուհասը, ազրպէյճանական բանակի տեղաշարժելու առջեւը փակող մայրուղին, որմէ ետք յաջորդեցին թէ՝ Դրիմբոնի եւ թէ՝ Հադերքի ազատագրումն ու Գելբաչարի կրակէտերուն լռեցումը:

Աղտամէն Ստեփանակերտի հրդիրակոծումը կասեցնելու նպատակաւ 23 Յուլիսին Արցախի մարտիկները գրաւեցին Աղտամը:

18 Օգոստոսին հայկական զորքերը Ֆիզուլի մտան որմէ մէկ օր ետք՝ 19 Օգոստոսգին գրաւեցին Ճէպրայիլը:

1994 թ.ի Փետրուար 18-ին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Փաւէլ Կրաչեւ Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները: Կողմերը կը համաձայնին Մարտ 1-ին զինադուլ հաստատել սակայն Ազրպէյճանը չի յարգեր իր խոստումը:

3-6 Մայիսին Խըրխզիստանի մայրաքաղաք՝ Պիշքէքի մէջ բանակցութիւններ կը սկսին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու միջեւ:

Ազրպէյճան կը մերժէ 9 Մայիսին զինադուլ հաստատելու համաձայնագիրը ստորագրել, սակայն վերջին պահուն կ’ընդունի Պիշքէքի մէջ գոյացած զինադուլի համաձայնագիրը:

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply