Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան շուրջ, Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր նահատակներուն յիշատակի անմար կրակը կը շարունակէ բոցավառիլ:

Հայութեան համար այս դատը ունի երկու երես՝ զգացական եւ գիտական: Անկարելի է, որ հայ մը ցեղասպանութիւն բառը լսելով չընդվզի, չալեկոծի անոր հոգին, չտառապի միտքը, որովհետեւ մինչեւ այսօր ան տակաւին կը կրէ Հայոց Ցէղասպանութեան հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը, այսօրուան հայուն բնակարանները կառուցուած են Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու ջանքերով եւ ջերմացած են անոնց շունչով:

Ներկայիս Հայկական Ցեղասպանութիւնը դարձաւ քաղաքական խաղաքարտ թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով:

Սակայն այս բոլորը այդքան ալ կարեւոր չեն, որովհետեւ մեծ պետութիւններուն, պզտիկ պետութիւններուն, թուրք պետութեան եւ մինչեւ իսկ անհաւատ մարդոց համար , որոնք չեն ուզեր ընդունիլ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կան վաւերաթուղթեր եւ փաստաթուղթեր, որոնց աղբիւրը միայն հայկական չէ:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմին Թուրքիա իր արիւնոտ ձեռքերը երկարելով Գերմանիոյ՝ անոր հետ կնքեց պատերազմական դաշինք մը: Այս գործընթացը յարմար առիթ նկատելով՝ ան սկսաւ գործադրել իր փանթուրանական ծրագիրը, որուն կիրարկման ականատեսը հանդիսացան գերմանացի դիւանագէտներն ու պաշտօնատարները, որոնք այդ հանգրուանին Թուրքիա կը գտնուէին: Արդարեւ, անոնց յուշերը, նամակները կամ գրութիւնները կը հանդիսանան փաստաթուղթերու շատ վաւերական հաւաքածոյ մը:

Ինչո՞ւ կարեւոր են այս փաստաթուղթերը

Գերման պաշտօնատարները Հայկական Ցեղասպանութեան վկաները կը նկատուին: Հիմնական տուեալներն ու փաստաթուղթերը կը հանդիսանան օրին դեսպանատուներէն Պերլին առաքուած նամակները եւ տեղեկագրութիւնները, որոնք ցոյց կու տան Ցեղասպանութեան առնչուող ներքին համաձայնութիւններու առկայութիւնը:

Փաստաթուղթերը բաժնուած են երկու մասի՝

ա.- Գերմանակն կառավարական ներկայացուցիչներու կողմէ պատրաստուած ներքին տեղեկագրութիւն

բ.- Պերլինի պաշտօնատարներու ղրկուած արտաքին հրահանգներ, ներքին տեղեկագրութիւններու փոխանցումը կը կատարուէին Գերմանիոյ հիւպատոսարանի եւ դեսպանատան միջոցով: Օսմանեան կայսրութեան ղրկուած տեղեկագրութիւններու լուսապատճէնը կը ղրկուէր նաեւ գերման դեսպաններուն, ինչ որ կարեւոր կէտ է, որովհետեւ այսպիսով Թուրքիա որքան ալ փորձէ խեղաթիւրել պատմութիւնը, պիտի չյաջողի: Ասոնց կողքին կան այդ տարիներու պատերազմական նամակագրութիւններուն մէջ պահուած անձնական յիշատակներ, որոնք ո՛չ միայն լեցուն են չոր ու ցամաք տեղեկութիւններով, այլ արձանագրած են իրենց ապրումները՝ ի տես Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութեան: Այս յուշագրութիւնները կատարուած են հիմնականօրէն երբ անոնք իրենց պաջտօնէն հեռու եղած են:

Թուրքիա իր դժոխային ծրագիրը գործադրութենէն առաջ պէտք է լաւապէս սերտէր կացութիւնը, որպէսզի վստահ ըլլար, թէ իր կատարածին ականատես եղող պետութիւններ գոյութիւն չունէին, որովհետեւ անոնք անպայման օր մը պիտի դատապարտէին իր արարքը: Այդպէս ալ եղաւ. Արդարեւ, Թուրքիա անհոգ էր այդ իմաստով, ինչ որ հայերուս համար բարեբախտութիւն կատարեց իր դիւային տեղահանութիւնն ու ջարդերը: Թալէաթ փաշա այնքան մեծ վստահութիւն ունէր գերմանացիներուն նկատմամբ, որ գերմանացի զօրավար Վոն Լոսովուի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Գերմանիան մեր հայրն է»:

Գերմանիոյ պաշտօնատարներէն, 14-րդ բաժնի Օսմանեան հետեւազօրքի հրամանատար Լութֆիկ Շրոնտէպախ կը ներկայացնէ 20 Յունուար 1917ին թուրք պաշտօնատարներ եւ ժանտարմաներ ամէն երեկոյ տասնեակներով հայեր կը զատէին եւ անոնց վրայ խաղեր կը կատարէին՝ «ամէն պարագային պիտի մեռնի» ըսելով, ու հրացանին սուր կողմով կը մտրակէին զանոնք:

21-22 Մարտ 1918ին գերմանական խորհրդարանին դիմաց կատարուած ներկայացման մը ընթացքին գերմանացի խորհրդականը Պուշչէ՝ ակնարկելով Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած հայերուն ճակատագիրին, ըսած է. «Անոնց տեղահանումը նպատակադրուած է եւ կը միտի հայ ժողովուրդը ոչնչացնել»:

Գեմանաց7410890ի դեսպան Ուէնկէնհէյմ 17 Յունիս 1915ի իր տեղեկագրութեան մէջ կը նշէ, թէ պատերազմի պատճառով տեղահանութեան զուգահեռ կ’ընթանան հայերուն դէմ գործուած ջարդերը: Ան կը շարունակէ, թէ Տիարպեքիրի հայերը, որոնք սկզբունքով Մուսուլ պիտ տեղափոխուէին, ջարդուած են ճամբուն վրայ:

Ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշա յստակօրէն ընդգծած է, որ պատերազմը շահագործելով՝ իր երկիրը կը ձերբազատէ իր ներքին թշնամիներէն՝ քրիստոնեաներէն (որոնց կարգին՝ հայերէն): 7 Յուլիս 1915ի տեղեկագրութեամբ դեսպանը կը գրէ. «Այս դասաւորումները, առաւել տեղահանութեան ձեւն ու ընթացքը կը հետապնդեն մէկ նպատակ՝ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ հայկական ցեղը բնաջնջել»:

Աւելի ուշ դեսպանի պաշտօնը ստանձնած Մէթէրնիխ, 9 Դեկտեմբեր 1915ին Սաիտ Հալիմի հետ իր տեսակցութեան ընթացքին ընդդիմած է անոր՝ ըսելով. «Պետութեան ապահովութեան համար եղած դասաւորումները» որեւէ ձեւով չեն արդարացներ տասնեակ հայ կիներու, մանուկներու եւ ծերերու դէմ գործուած անարդարութիւնը. Այս մէկը առյաւէտ սեւ կեղտ պիտի ըլլայ Երիտասարդ թուրքերու պատմութեան էջերուն մէջ:

Հալէպի մէջ գերմանացի հիւպատոս Ռոզլէր կը նկարագրէ հայերը բռնագաղթի ենթարկած թուրքերուն որդեգրած տառապանքի ձեւերը, երբ անոնք կը ստիպէին հայերը տարբեր ուղղութիւններով եւ աւելի դժուար ու երկար ճամբաներով քալելու՝ նպատակ ունենալով անպայման սպաննել զանոնք նախքան «ապահով վայրեր հասցնելը»:

ԸՍՏ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌԱՋ

Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն թիւերուն մասին ամէնէն մանրամասն ու յստակ տեղեկութիւնները կը գտնուին դէսպան Մէթէրնիխի մօտ: Ան այս ձեւով աշխատած է, որպէսզի իր երկիրը՝ Գերմանիան, հեռու պահէ իր դաշնակիցին գործած ցեղասպանութենէն: Ըստ անոր, Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն առաջ հայութեան թիւը կը հասնէր 2 միլիոնի: Ան կը մատնանշէ նաեւ, թէ մեծ թիւով հայեր դաւանափոխ եղած են՝ ջարդերէն ազատելու համար:

Թուրք կառաւարութիւնը չէ զլացած հայ ժողովուրդին թիւին մասին եւս ապատեղեկատուութիւն կատարել: 16 Յունիս 1916ին Էրզրումէն դէպի Հաղբերդ-Ուրֆա տանող կառաւանի 500 հոգիէն ընդունած է միայն 14ին սպանութիւնը, մինչ ըստ գերմանական հիւպատոսին, բոլորն ալ ջարդուած են:

Ուրիշ առիթով, դարձեալ Էրզրումէն աքսորի ելած ժողովուրդին մօտ 10-20 հազար զոհերուն թիւը տեղեկագրած է Գերմանիան, մինչ Թուրքիա խօսած է 3-4 հազարի մասին: Թուրքիա որդեգրած է չորսի փոխարէն մէկ ներկայացնելու նժարային քաղաքականութիւնը, որպէսզի կեղծէ իրողութիւնները եւ թիւերը:

ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՄՕՏԱՒՈՐ ԹԻՒԸ

Հալէպի հիւպաNY_Times_Armenian_genocideտոս Ռոզլէրի համաձայն, հայութեան ընդհանուր թիւին չորս հինգերորդը տեղահանուած է:

Գերմանացի դեսպան Ռատովիդզի համաձայն, մէկուկէս միլիոն զոհ արձանագրուած է, իսկ 425 հազար հոգի վերապրած է:

Գերմանական դեսպանատան մատռանապետ՝ Լիւթչաուի համաձայն, հայութեան 80-90 առ հարիւրը նահատակուած է:

Այս փաստաթուղթերն ու տուեալները բաւական վստահելի աղբիւրներ են ո՛չ միայն մեծ պետութիւններուն համար, որպէսզի անոնք ընդունին Թուրքիոյ կողմէ գործուած ոճիրը, այլ գիտնալու, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւն գործադրած Թուրքիա այդ օրերէն ունէր երկրորդ ծրագիր մը՝ հերքել իր ոճիրը:

Թուրքին յաղթել եւ արդարութիւն ձեռք ձգել կարելի պիտի ըլլայ միայն այն ատեն, երբ մենք եւս տարին 365 օր աշխատինք թուրքերուն նման, ոչ թէ միայն Ապրիլ 23ի գիշերն ու Ապրիլ 24ին յիշենք մեր նահատակներն ու դատը: Թուրքը օրն ի բուն իր հերքումի քաղաքականութեան վերաբերող լայնածիր աշխատանքները կը կատարէ: Արդէն ուշացած ենք, սակայն ա՛լ պէտք է մեր պատմութիւնը գիտութեամբ ու լայնախոհութեամբ ամրագրենք, որպէսզի կարենանք փաստերու վրայ հիմնուած դէմ դնել Ցեղասպանութիւնը հերքողներուն՝ ըլլայ ան հասարակ մարդ կամ պատմութիւնը մերժող զզուելի նախագահ:

Չըլլանք մեծ պետութիւններուն նման, որոնք ամէն ինչ կը գերադասեն իրենց շահերուն համար, այլ առաջնորդուինք մեր նահատակներուն կտակով, գոյութիւն ունեցող փաստաթուղթերով եւ յաղթանակելու կամքով:

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …