Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / Զարգացում, Ազատութիւն եւ Գիտակցուած Պատասխանատուութիւն

Զարգացում, Ազատութիւն եւ Գիտակցուած Պատասխանատուութիւն

        Ազատութիւնը կը մնայ գլխաւոր առանցք զարգացած եւ մշակուած մարդու մտածումներուն, խօսքին, աշխարհահայացքին, մտաթռիչքներուն, երազներուն, անծանօթ հորիզոններ արշաւելու եւ նուաճելու փորձերուն, հեռանկարներուն…: Անոր համար ազատութեան ձգտումը, հոգեմտաւոր կաշկանդումներէ ձերբազատումը շատ աւելի կը նշանաւորուին քան ինքնութեան որոնումը, ինքնաճանաչողութիւնը:

         Պարզ բացատրութեամբ՝ զարգացումը կը մնայ անկատար եւ ապազդեցիկ առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը՝ անարժէք եւ անբովանդակ, երբ անոր չի յարակցիր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:

    Միւս կողմէ՝ պատասխանատուութիւնը կը դառնայ անկազմակերպ, թոյլ եւ ճառագայթումի անկարող, երբ չի պատուաստուիր, չի ջրդեղուիր համամարդկային խորարմատ ծրագրի յենող մշակութային եւ հոգեմտաւոր ռազմավարութեամբ: Ծրագիր մը՝ որ կը ստանձնէ ոչ միայն մարդու անհատական պահանջները, անոր տարրական եւ անմիջական կարիքները (ինչպէս՝ հագուստ-կապուստը, սննդառութիւնը, կեցութեան հիմնական պայմանները…) բաւարարելու պատասխանատուութիւնը, այլ նաեւ՝ յանձն կ’առնէ այլոց խնամատարութիւնը, անոնց գլխաւոր պէտքերը եւս ապահովելու պարտականութիւնը:

        Առ այդ՝ մշակոյթը մարմնաւորող համամարդկային որեւէ ծրագրի կենսագործման եւ յաջողութեան համար անխուսափելի կը համարուի վերոյիշեալ երրորդութեան՝ զարգացման, ազատութեան եւ պատասխանատուութեան զգացողութեան առկայութիւնն ու նուիրականացումը, այդ նպատակի իրականացումը խոչընդոտող պատուարները որքան ալ թուին անշրջանցելի եւ անյաղթահարելի:

          Այդ երրորդութիւնը անքակտելի միութիւն կը կազմէ, մէկ եւ անխզելի ամբողջութիւն, որուն որեւէ մասնիկի թուլացումը կամ խանգարումը պատճառ կը դառնայ ողջ միաւորումի տկարացման եւ անդամալուծութեան:

      Օրինակ՝ հայկական իրականութենէն ներս, Հայաստանի մշակութային կենսունակութիւնն ու հզօրանքը ցուցանիշ եւ գրաւական են սփիւռքի մշակութային կեանքի աշխուժութեան եւ առողջութեան… հետեւաբար՝ հայ մշակոյթի գնահատականը հարկ է իրականացնել, որպէս մէկ, անբաժան եւ համընդհանուր միութիւն, հեռու՝ երկրի, արտերկրի, արցախեան, ջաւախեան եւ այլ երկրամասերու վերագրուած մասնատումներէ:

       Մաշակոյթը պէտք է բնորոշուի մարդկային ենթախորքով եւ պահուածքով, թէկուզ շատերու համար անծանօթ եւ անբացատրելի: Ան յագեցած պէտք է ըլլայ թափանցիկութեամբ, ապօրինութեան եւ անիրաւութեան մերժումով, կեանքին բացուող նոր դարպասներու եւ ուղիներու որոնումով… որոնք տրամադրելի են ոչ միայն անհատներու, այլ միաժամանակ հաւաքականութեանց:

      Մշակոյթը բացառապէս համամարդկային բովանդակութեամբ ու ենթայատակով ծրագիր մըն է, որուն սահամններն ու ուղեծիրը երբ կ’անդրանցնինք, դուրս կու գանք մեր հարազատ էութենէն ու կը դառնանք անարժան՝ գոյատեւելու այս երկնակամարին տակ, մաս կազմելու մարդկային ընկերութեան: Եւ ուստի՝ խայտառակութեամբ կը շարունակենք մեր գոյութեան քաշկռտուքը, իբրեւ մակաբոյծ, այլոց հաշւոյն ապրելով, ուրիշներու օժանդակութեան եւ նեցուկին ապաւինելով… եւ կամ՝ բարոյալքուած ու յուսահատ սպասելով այն ճակատագրական օրուան, որ պիտի յայտարարէ մեր կեանքի վախճանը:

          Սակայն մեզմէ շատեր այսօր տարօրինակօրէն նահանջն ու պարտութիւնը կը նկատեն սովորական, այն աստիճան՝ որ այդ տեղատուութիւնն ու ընկրկումը կը դաւանին յաղթանակ եւ յաջողութիւն:

     Ազատութիւնը հետեւողական փնտռտուք է, որ կը նմանի արթնութեան կամ զարթօնքի: Հետեւաբար՝ երբ կը տիրանանք անոր, հարկ է գուրգուրանքով պահել, բայց երբեք շահագործել զայն: Այլ խօսքով՝ առանձնաբար չիւրացնել, չսահմանափակել եւ չմասնաւորել անոր բարիքները լոկ մեր անձերուն համար, ուրիշներ զրկելով այդ շնորհներէն եւ առաւելութիւններէն:

          Քիչ չէ թիւը այն մտաւորականներուն եւ ղեկավարներուն, որոնք երբ գտնուած են հասարակական համեստ շարքերու մէջ կամ ստորադաս պաշտօններու վրայ, եղած են ազատութեան բուռն պաշտպաններ եւ ջահակիրներ, սակայն ժամանակի թաւալումին հետ երբ հասած են պատասխանատու դիրքերու եւ իշխանութեան, մոռցած են իրենց անցեալը, իրենց ջատագոված սկզբունքները, ու դարձած՝ ազատութեան մեծագոյն բռնաբարողներ, զայն վերածելով սեփական մենաշնորհի:

     Նմանօրինակ տիպարներ ամէնուրէք մենատիրութեամբ վերաբերած են իրենց ենթակայ մահկանացուներու նկատմամբ, նոյնիսկ չխնայելով իրենց հարազատներուն, աշակերտներուն, օգնականներուն եւ ծառայողներուն: Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը գլխաւոր բանալին է ու երաշխիքը որեւէ մարդկայնական ծրագրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ հիմնական խթանն ու մղիչ ուժը՝ ազատութեան առողջ կենսագործման ու ծաւալումին: Մինչ՝ լիակատար ու բացարձակ ազատութիւն հասկացողութիւնը ցնորամտութիւն է միայն եւ ցանկատեսութիւն:

      Ազատութիւնը շղթայ է, լուծ, մտահոգիչ եւ վախազդու կապանք, եթէ չխորաչափենք անոր կարեւորութիւնը, զայն կիռարենք անտրամաբանօրէն, կենդանական ու բնազդական մղումով, սահմանազանցութեամբ, անհանդուրժելի իրաւախախտումներով ու ոտնձգութիւններով, առանց այլոց իրաւունքներն ու խաղաղութիւնը հաշուառելու:

           Կենդանիներն անգամ ծարաւի են անկաշկանդ եւ սանձազերծ կեանքի, սակայն միանգամայն կը գիտակցին ազատութեան իրենց սահամններուն: Թռչունը կը մերժէ վանդակը, բանտարկութիւնը ու շատ չանցած հոգին կ’աւանդէ չտոկալով ճնշումի եւ բռնութեան: Որեւէ գազան կատաղութեամբ կը պոռթկայ ու կը դառնայ անզուսպ, անկառավարելի, երբ կ’արգելափակուի գոց եւ սահմանափակ վայրի մը մէջ: Իսկ երբ կը փորձենք ընտելացնել զայն եւ ծրագրուած մարզումներու ենթարկել, մեր կամքին ու հրահանգներուն հնազանդեցնել, պարտաւորուած կը համակերպի, բայց կը մնայ միշտ տխուր եւ վիրաւոր, միշտ կարօտ՝ այդ շրջափակուած կեանքէն դուրս գալու, երազելով այն երանելի օրը՝ որ պիտի ազատագրէ զինք գերութենէն:

            Պէտք է խոստովանիլ, որ բացարձակ ազատութիւնը երազ եւ միամտութիւն ըլլալէ բացի աւեր եւ չարիք կը պատճառէ, որովհետեւ ծայրայեղական որոշումներու, անհաւասարակշիռ ու ողբերգական արարքներու կը մղէ մարդ արարածը:

      Պատասխանատուութեան զգացողոգթիւնն ու մշակոյթը կը նմանին հատու թուրի, լուսաւոր փարոսի, խորասոյզ մտածողութեան, սուր փայլատակող տրամաբանութեան, իսկ ան որ կը թերագնահատէ, կ’արհամարէ անոր զօրութիւնն ու ներգործութիւնը… կը մնայ ընկերային-հաւաքական շրջածիրէ եւ բնութենէ դուրս:

           Անշուշտ այս չի նշանակեր, որ մարդիկ ըլլան կաղապարեալ, միատեսակ թեքումով, իրարանման եւ միանշանակ մտածողութեան տէր կրկնօրինակներ: Այսինքն՝ վերոնշեալ մօտեցումը չ’առաջադրեր համայնական մէկ սկզբունքի եւ մէկ գաղափարախօսութեան համար ուրանալ եւ դրժել այլոց տեսակէտերն ու աշխարհընկալումները, այլ կը նկրտի ըստ արժանւոյն գնահատել եւ պատուել մտքի գերիշխանութիւնն ու իրաւականութիւնը:

   Որքան յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ դիմաւորենք այլոց համոզումներն ու կողմնորոշումները, նոյնքան օրինականութիւն եւ վաւերականութիւն կ’ապահովենք մեր մօտեցումներուն եւ ուղղուածութեանց:

   Որեւէ գաղափար կամ վարքագիծ երբ զուգակցուած կ’ըլլայ պատասխանատու ազատականութեամբ, կը դառնայ վարակիչ, յարգելի եւ ընդունելի բոլորին կողմէ: Մինչդեռ՝ կանխակալ, պարտադրուած, թելադրուած եւ այլոց գաղափարներու ժխտում կամ շրջանցում ներփակող որեւէ կարծիք կամ կեցուածք կը խախտէ նուիրականացած հաւասարակշռութիւններ եւ օրինաչափութիւններ, կը վտանգէ՝ զարգացում, ազատութիւն եւ գիտակցուած պատասխանատուութիւն եռանկիւնը, կ’ապակողմնորոշէ վերափոխութեան եւ բարեկարգումի կարգախօսներով հրապարակ եկողները, իրենց հետ շփոթի մատնելով նաեւ ողջ շրջապատը: Եւ այսպէս՝ միակողմանի մտածողութիւնն ու մենաշնորհները կը դառնան օրինաչափ եւ տիրապետող երեւոյթներ, իրենց յորձանուտին մէջ առնելով հանուր հասարակութիւնը:

About admin

Check Also

ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները …