Հայաստան իր դիրքով լեռնային երկիր մը եղած է: Անիկա Սեւ, Կասպիծ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ գտնուելով, կազմած է տեսակ մը լեռնակղզի: Հայաստան լեռնադաշտ մըն է, զոր եւրոպացիները կոչած են ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ:
Հայաստանի լեռներէն շատերը հրաբուխ եղած են ժամանակին, բայց այսօր անոնք մարած են եւ մաս կը կազմեն աշխարհի 300 մարած հրաբուխներուն: Այս լեռներուն հրաբուխ եղած ըլլալուն ապացոյցը անոնց ներքին կազմութիւնն է, որ մեծ մասամբ Պազալթ կոչուած կարծր քարէն ձեւացած է: Այս քարը սովորաբար հրաբուխներու մօտերը կը գտնուի: Ասոնց հետ խառն կը գտնուին նաեւ Զեզաքար եւ Ծիրանաքար, որոնք հրաբխային ժայռեր են որոնք բոլորն ալ գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ:
Լեռներէն ոմանց գագաթի ձագարաձեւ փոսերը կրնան ապացուցել երբրմնի անոնց հրաբուխ եղած ըլլալը: Իսկ Հայաստանի հրաբուխներուն գործունէութեան իբրեւ ապացոյց կը ծառայեն Հայաստանի մէջ անցեալին պատահած երկրաշարժները, որոնցմէ ամէնէն աւելի վնասուղը եղած է Երիզա քաղաքը, որ 800 տարուան մէջ տեղի ունեցած են 20 երկրաշարժներ,որոնք կործանած են քաղաքը եւ խլած 100 000-է աւելի մարդկային զոհեր:
Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժներուն վայրերը կու տանք ստորեւ.-
1.-Արարատի եւ Երեւանի երկրաշարժները. 341, 862, 894, 1319, 1679, 1681, 1819, 1827, 1840, 1872 թուականներուն: 1679-ի երկրաշարժը կործանած է Երեւանի շէնքերը եւ խլած 8000 մարդկային զոհ:
2.-Կարին եւ Սիւնիք. 728 եւ 1659 թ.: Սիւնիքի Վայոց ձորի գաւառի երկրաշարժը՝ Ը դարուն (735 թ.) սկիզբը տեւած է 40 օր եւ 10 000 հոգի գետնի տակ թաղուած է: Իսկ Կարինը բացի վերոնշեալ թուականներէն երկրաշարժի ենթարկուած է 1791, 1843, 1850, 1852, 1861, 1901 եւ 1902 թուականներուն:
3.-Դուին. 854 թ. մէկ գիշերուան մէջ ունեցած ենք 12 000 մարդկային զոհ: Միւս երկրաշարժները պատահած են 858 եւ 893 թ. Կործանած է Դուին քաղաքը եւ մեռած շուրջ 70 000 հոգի:
4.- Երզնկա. 1011, 1045, 1168, 1236, 1251, 1281, 1287, 1289, 1356, 1374, 1458, 1482, 1584, 1980: 1045-ին ամբողջ քաղաքը կործանեցաւ: 1168-ին մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քաղաքն ու շրջականները ցնցուած են: 1374-ին պարիսպները փուլ եկած են: 1458-ին աւերակներու եւ գետնի տակ թաղուած են 32 000 հոգի: 1482-ին 30 000 անձ մեռած է:
5.- Արցախ. 1140 թ. Գանձակ քաղաքը կործանած է: Իսկ Ալհարակ լեռը փլչելով տեղը կազմուած է համանուն լիճը, որ կը գտնուի Արցախի Ջրաբեր բերդ գաւառին մէջ:
6.-Կիլիկիա. Հեթում Ա թագաւորի օրով, 1269 թ.-ին տեղի ունեցած է ամէնաաղետալի երկրաշարժը:
7.-Վան եւ Խլաթ. 1276, 1441, 1649 թուականներուն: Իսկ Վան քաղաքը յիշեալ թուականներու կողքին ենթարկուած է նաեւ հետեւեալ թուականներուն 1646, 1648, 1701, 1704, 1715 եւ 1719: Վանի մէջ հիմնայատակ կործանած են պարիսպներ, եկեղեցիներ եւ սպաննուած են բազմաթիւ անձեր: 1648-ի երկրաշարժը տեւած է Ապրիլ 2-էն մինչեւ Յունիսի վերջերը: Վանի շրջականներու առուակներն ու աղբիւրները ցամքած եւ ոմանք ալ ճամբանին փոխած են: Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառին մէջ Աբեղներ լեռը երկրաշարժէն կործանուելով՝ դիմացի ձոր լեցուցած է:
8.-Դաւրէժ 1611, 1646, 1791, 1859, 1872 թուականներուն:
9.-Քղի. 1666 թ. Մեծ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Վնասուած է քաղաքը եւ բնակիչներէն շատեր գաղթած են:
10.- Բասեն. 1700 թ.ին սաստիկ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: Երասխը իր ընթացքը փոխելով սկսած է ուրիշ տեղ հոսիլ:
11.- Շիրակ. 1927-ին ահաւոր երկրաշարժ եւ մարդկային զոհեր:
12.- Սիընիք. 1931-ին մարդկային զոհեր:
13.-Լենինական. 1926 Հոկտեմբեր 22-ին սաստիկ երկրաշարժ:
14.-Լենինական, Կիրովական եւ Ստեփանավան. 7 Դեկտեմբեր 1988-ինշ ահաւոր երկրաշարժ կործանեց երեք քաղաքներ, աւաններ եւ բազմաթիւ գիւղեր, խլելով տասնեակ հազարաւոր մարդկային զոհեր: