Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, մնալով պատնէշի վրայ, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը հալէպահայ կեանքէն ներս: Միութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125 ամեակին առիթով կազմակերպեց լսարան մը, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ նաեւ համայն հայութեան, Ռատիօ Երազի միջոցով: Լսարանը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱՄԺՏան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներուն եւ երիտասարդութեան:
Բացման խօսքով Շանթ Ղազարեան յայտնեց, թէ լսարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ՀՅԴ աշխարհայեացքը, յատկապէս ՀՅԴ-ը եւ Հայկական Պահանջատիրութիւնը, ՀՅԴ-ը եւ Պետութիւն հասկացողութիւնը, ՀՅԴ-ը եւ Սփիւռք հասկացողութիւնը: Ապա ան հրաւիրեց օրուան երեք բանախօսները:
Առաջին բանախօսն էր «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, որ ներկայացուց պահանջատիրութեան գաղափարի ձեւաւորումը հայ ժողովուրդի կեանքին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ քաղաքական ուղիին մէջ` անդրադառնալով ՀՅԴ-ի հայկական պահանջատիրութեան ի խնդիր մղած շարունակական պայքարին, Հայ Դատ հասկացողութեան, Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանի տեսլականին: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար Հայ Դատը, Հայկական Պահանջատիրութիւնը, հայկական իրաւունքներու վերադարձը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ռազմավարական հիմնաքարեր են»:
Լսարանի երկրորդ դասախօսն էր Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան ատենապետ Գէորգ Շահինեան, որ ներկայացուց ՀՅԴ եւ հայկական պետականութիւն հասկացողութիւնը: Ան բացատրեց պետութիւն եւ կուսակցութիւն հասկացողութիւններու տարբերութիւնները, խօսեցաւ 20-րդ դարու վերջին տասնամեակին Հայաստանի անկախացումով եւ ազգային ուրոյն պետականութեան հաստատումով ՀՅԴ-ի առջեւ բացուած մարտահրաւէրներու եւ գործի նոր ասպարէզներու մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ ջաւախահայութեան հարցերու գծով աշխատանքներու կարեւորութեան, ապա լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական փոփոխութիւններու վերջին հանրաքուէն, շեշտելով Դաշնակցութեան ներդրումը այս գործընթացին:
ՀՅԴ եւ Սփիւռք նիւթը ներկայացուց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան: Ան շեշտեց, թէ Սփիւռքի հիմնական առաքելութիւնը հայապահպանումն է, իր տարբեր իմաստներով` մշակոյթով, աւանդութիւններով, ազգային արժէքներով, պատկանելութեամբ եւ մանաւանդ մայրենի լեզուով: Ապա խօսեցաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մասին, յիշելով Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովը եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց համաշխարհայնացման ազդեցութիւնը Սփիւռքի նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան վրայ, յայտնելով, թէ սփիւռքահայութիւնը Հայ Դատի հետապնդման հաւաքական ներուժը կը ներկայացնէ ու Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման կարեւորագոյն յենարաններէն մէկն է: Իր խօսքը աւարտելով Քիլէճեան ըսաւ, որ սփիւռքահայութեան քաղաքական գիտակցութիւնն ու ազգային ինքնութիւնը կը հիմնուին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան տեսլականով մէկ ազգ, մէկ հայրենիք գաղափարով:
Ներկայացուած նիւթերու աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցադրումներու:
Լսարանի աւարտին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց ՔՈՄիութեան այս նախաձեռնութեան համար, կարեւորեց նման նիւթերու հանրային մակարդակով արծարծումը, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց լսարանը:
Մարիա Փայասեան
Շաղիկ Սրուրեան