Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / Ազգի Ըմբռնումը

Ազգի Ըմբռնումը

          Ազգը մարդկային պատմութեան ամէնահին շրջաններուն իսկ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է, սակայն ընկերաբանները չեն անդրադարձած անոր եւ որեւէ վերլուծումներ կամ ուսումնասիրու-թիւններ չեն ըրած 19րդ դարէն առաջ:

         Կարգ մը ընկերաբաններու կողմէ ազգ կամ ժողովուրդ ըմբռնումները ժխտելի դարձած են իսկ՝ ուրիշներու քով անհասկնալի, իսկ ոմանք բացատրած են որպէս հոմանիշներ, սակայն ազգ եւ ժողովուրդ ըմբռնումները ըստ էութեան հիմնովին կը տարբերին. ժողովուրդը   քաղաքական միութեան արտայայտութիւնն է, իսկ ազգը այն պատմական մշակութային հասկացողութիւնն է: Ազգը կրնայ ժողովուրդ դառնալ պետութեան միջոցով, այսինքն հպատակ եւ միացած բնակչութիւն դառնալով:

          Ազգութիւնը կը զատորոշուի ազգէն ենթակայական այն հոգեբարոյական զգացումը ըլլալով, որը կ′ունենայ ազգի պատկանող անհատը իր ազգին հանդէպ, այսինքն այն հոգեկան զգացումը, որ օժտուած կ′ըլլայ անհատ մը զինք կը մղէ ազգին պաշտպանելու եւ պայքարելու, ցաւելու եւ ուրախանալու. մինչդեռ ազգը առարկայական ըմբռնում մըն է:

         Ազգի Սահմանումին Շուրջ Տրուած Տեսութիւններ

          Ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը տեսութիւններ, որոնք փորձած են ազգ երեւոյթը սահմանել.

          ա.- Տոհմային կամ ցեղային տեսութիւն (ազգայնամոլներ):

        Այս դպրոցին պատկանող տեսաբաններու կողմէ ազգը սահմանուած է այսպէս՝ «Ազգը մարդկանց այն ամբողջութիւնն է, որ ունի մէկ ծագում եւ այդ ծագումով ունի զգալու եւ մտածելու միեւնոյն եղանակը», սակայն այս տեսութիւնը գիտական իրականութիւն ըլլալէ աւելի հակում ունի աւանդական պատմութեան, օրինակ՝ հայ ազգի ծագումը եւ գոյատեւումը կը սկսի Հայկ Նահապետի դիւցազնութեամբ: Այս տեսակէտը կը յետեւի ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ գաղափարախօսութեան:

         բ.-Էրնէսդ Ռընանի կամ հոգեկան կամքի տեսութիւնը:

         Ռընանի գլխաւորութեամբ այս խմբակը ազգը կը բացատրեն այսպէս՝ «Ազգը այն մէկ համերաշխութիւնն է, որը հանդիսանում է իբր արդիւնք դէպի արդէն բերուած եւ ապագայում ալ բերուելիք զոհերը տածած սրբազան զգացումներու: Ունենալ ընդհանուր կամք ներկայում միասին ապրելու եւ կատարելու մեծամեծ քաջագործութիւններ, ցանկալ կրկին կատարել նոյնպիսի գործեր ապագայում. ահա ազգի մը գոյութեան էական պայմանները»: Այս տեսութեան հետեւողները ազգը կը բացատրեն որպէս այն միաւորը, որ միասին ապրելու տրամադրութիւն կը ցուցաբերէ ներկայիս եւ պատրաստ է նոյն տրամադրութիւնը շարունակել այդ կեանքը ապագային եւ օրինակ կը բերեն գերմանական Ալզաս եւ Լորեն շրջանները որոնք տրամադրութիւն ցուցաբերեցին ապրելու ֆրանսացիներուն հետ:

         գ.- Մէկ պատմութեան տեսութիւնը:

         Այս տեսակէտը պաշտպանողները ազգը կը բացատրեն այսպէս՝ «Անոնք որոնք կը միանան մէկ անցեալով եւ այդ անցեալը իրենց համար արժէք ունի եւ դարձած է պարծանքի ու հպարտութեան առարկայ կը կազմեն մէկ ազգ», որովհետեւ պատմութիւնը ազգի մը այն հաստատ տոմարն է, որ կը պարունակէ իր յիշատակները, փառքերը, տագնապներն ու նուաճումները:

         դ.- Մէկ լեզուի Տեսութիւնը:

         Այս տեսակէտին յետեւողները կ′ըսեն թէ. «Այն մարդկային խմբակցութիւնը որ կ′արտայայտուի եւ կը խօսի նոյն լեզուով անոնք կը կազմեն ազգ մը եւ կը պատկանին մէկ ազգութեան», որովհետեւ լեզուն ազգի կենդանութեան խորհրդանիշն է, հոգին է, սիրտն է որ կը տրոփէ պատմութեան ընթացքին եւ այն լուծարանը, որ կը պարունակէ ազգի մը միտքը, փլիսոփայութիւնը, կրօնքը եւ խիղճը:

         ե.- Նիւթապաշտներու տեսակէտը:

         Նիւթապաշտներուն տեսակէտը ազգի եւ ազգութեան շուրջ բոլորովին կը հակադրուի վերը յիշուած տեսութիւններուն հետ, որովհետեւ յիշուած տեսութիւնները բոլորը կ′ընդունին ազգը որպէս պատմական անհրաժեշտութիւն, որը գոյութիւն ունեցած է դարերէ ի վեր եւ պիտի գոյատեւէ, մինչդեռ նիւթապաշտները ազգը կը համարեն դասակարգային պայքարներէ յառաջացած երեւոյթ մը, երբ դասակարգերը վերանան, ազգն ալ պիտի վերանայ:

         Վերոյիշեալ տեսութիւններու կողքին կան նաեւ այլ տեսութիւններ, որոնք կը խօսին կրօնքի, աշխարհագրական դիրքի, կենցաղի, հայրենիքի, նոյն իտէալներու եւ այլ ազդակներու խաղցած դերին շուրջ ազգի մը գոյաւորման համար:

          Պատմական Իրապաշտութեան Տեսակէտը:

           Այս տեսակէտը, ազգերու կազմաւորման դերին մէջ տեղ կու տայ բոլոր ազդակներուն. մշակութային՝ կրօնք, լեզու եւ կենցաղ, պատմաքաղաքական՝ պատմութիւն մէկ ծագում, հոգեկան՝ միասին ապրելու տրամադրութիւն, նոյն իտէալներ եւ աշխարհագրական ազդակներ:

          Պէտք չէ մոռնալ, որ այս ազդակները համեմատական են եւ կը տարբերին ազգերու տարբերութեամբ, օրինակ՝ հայ ազգի գոյաւորման եւ գոյատեւման մէջ կրօնքն ու լեզուն շատ մեծ դեր ունեցած են, մինչդեռ ուրիշ ազգերու մօտ ոչ, եւ կամ ուրիշի մօտ պատմութիւնը կամ ծագումը ազդեցութիւն ձգած է:

         Որպէս եզրափակում կու տանք Գ. Խաժակի սահմանումը որ կը նոյնանայ իրապաշտ փիլիսոփաներուն հետ.« Ազգը կը կոչուի մարդոց այն խումբը, որը սերունդ առ սերունդ, դարեր շարունակ ապրելով միեւնոյն բնական ու պատմական միջավայրին մէջ իր մշակոյթի վերաբերող բոլոր հարցերը լուծած է իրեն համար իւրայատուկ ձեւով մը եւ այսպէս ժամանակի ընթացքին եւ երկար միասնակեցութեան շնորհիւ ստեղծուած է ազգային ընդհանուր ոգի, ազգին յատուկ բնաւորութիւն եւ նոյնիսկ ազգային առանցնայատուկ ֆիզիքական եւ հոգեբանական տիպ»:

         Հ.Յ.Դ.ի Ազգայնականութիւնը:

         ՀՅԴն որպէս քաղաքական կուսակցութիւն, իր գաղափարախօսութեամբ ազգի եւ ազգութեան նկատմամբ, էապէս կը հակադրուի նիւթապաշտութեան տեսակէսին եւ կը նոյնանայ պատմական իրապաշտ տեսակէտին հետ, ընդունելով ազգը որպէս պատմական անհրաժեշտ երեւոյթ:

         Դաշնակցութեան առաջին շրջանին ազգ եւ ազգութիւն գաղափարները բառացիօրէն տեղ չեն գտած ՀՅԴ դաւանագիրներուն մէջ եւ հիմնադիր դաշնակցականներ լռութեամբ անցած են անոնց վրայ, սակայն անոնք ապրում դարձած են իրենց համար, որովհետեւ հայ ազգին պաշտպանութեան համար համախմբուած էին եւ յեղափոխական գործի ձեռնարկած:

         1907ի Վիեննայի Ընդհանուր Ժողովը իր ընդհանուր տեսութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ′անդրադառնայ ազգային հարցին իր յետեւեալ տողերով « Փափաքելով հանդերձ ոչնչացնել բոլոր սահմանները, խտրութիւնները ազգերու միջեւ, ձգտելով հանդերձ կազմակերպել մէկ ներդաշնակ ամբողջական մարդկութիւն մը կտոր-կտոր, բաժան-բաժան, հակամարտ աշխարհին տեղ, ընկերվարութեան իրագործումը չի պահանջեր արդի ուրոյն ազգային միութիւններուն ի սպառ ձուլումը: Միութիւններ, որոնք իրենց պատմականօրէն ժառանգած բեղմնաւոր մասնայատկութիւններով կարող են միայն ճոխացնել ապագայ ընկերվար մարդկութիւնը»:

         ՀՅԴ 21րդ Ընդհանուր ժողովը եւս կը հաստատէ ազգին հիմնական արժէք ըլլալու իրողութիւնը «Ազգը իբրեւ պատմա-աշխարհագրական, լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, ամէնէն էական ազդակներէն մէկը կը կազմէ համամարդկային ընկերութեան լիակատար զարգացումին ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստութեան: Ատով իսկ ազգը հիմնական արժէք է»:

About admin

Check Also

ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

            Բոլոր ընկերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տեղի ունեցած է շահագործութիւն, սակայն որքան կը զարգանան այդ ընկերութիւնները …