Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ

Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ

           Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու մէջ կան էական նմանութիւններ: Ուստի, մասնագէտները լեզուները պայմանականօրէն բաժնած են խոշոր լեզուաընտանիքներու եւ անոնց մէջ դասակարգած՝ նաեւ առաւել մօտիկ լեզուները, իբրեւ տուեալ լեզուաընտանիքի առանձին լեզուաճիւղերը:

          Աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն մէկը կ’անուանեն հնդեւրոպական, որովհետեւ անոր մէջ մտնող լեզուներով խօսող ժողովուրդները կը զբաղեցնեն աշխարհագրական մեծ տարածք՝ Հնդկաստանէն մինչեւ Եւրոպա: Եթէ լեզուաընտանիքներու մէջ մտնող լեզուները իրարու մօտ են, կը նշանակէ, որ անոնք ծագած են մէկ մայր նախալեզուէ, որու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի նաեւ մայր լեզուն կրող ցեղի զբաղեցուցած աշխարհագրական տարածքը, այսինքն՝ անոր հայրենիքի տեղը որոշելը:

         Այժմ լեզուաբաններն ու պատմաբաններու մէկ մասը կ’ապացուցեն, որ հնդեւրոպական մայր լեզուով խօսող ժողովուրդը շատ կանուխ ապրած է հայկական լեռնաշխարհ եւ իրանական սարահարթի տարածքին եւ հայերէնը իբր հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի առանձին ճիւղ կազմող  տեղաբնիկ ժողովուրդի լեզու՝ հազարամեակներ առաջ բաժանման եղանակով անմիջապէս ծագած է մայր լեզուէն ու ձեւաւորուած իր զբաղեցուցած հայրենիքի մէջ՝ հայկական լեռնաշխարհի:

          Հայերէնէն ու հայերէն բացի հնդեւրոպական մայր ցեղէն դարձեալ բաժնուելով՝ առաջացած է ուրիշ շատ մը ժողովուրդներ, որոնք աստիճանաբար տարածուած են հեռու եւ մօտիկ տարածքներուն վրայ: Մայր լեզուէն հայերէնի անջատման ժամանակը ճշգրիտ որոշելը հնարաւոր չէ: Սակայն մէկ բան պարզ է, որ այդ երեւոյթը պատմական շատ երկարատեւ ժամանակաշրջանին կատարուած է ու աւարտած՝ հազարամեակներ առաջ:

         Մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը առաջինին հետ ընդհանրութիւններ ունենալով՝ ժամանակի ընթացքին ձեռք բերած են նաեւ լեզուական եւ ազգագրական ինքնատիպ ու իրենց յատուկ յատկանիշեր: Սակայն այդ ցեղերը սկզբնական շրջանին աւելի շատ ինքնամփոփ միաւորներ էին եւ անոնց միջեւ տնտեսական եւ քաղաքական կապերը թոյլ էին: Այս պատճառով հայկական լեռնաշխարհի վրայ վաղ ժամանակներուն գերիշխած են հայկական շատ ցեղեր, բայց հայ ժողովուրդը մէկ միասնական ժողովուրդ, մէկ լեզուով խօսող զանգուած, սկսած է ձեւաւորուիլ աւելի ուշ եւ իր աւարտին հասած է ըստ երեւոյթին 3րդ, 2րդ հազարամեակին:

         Հայ ժողովուրդի ձեւաւորման մէջ որոշ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ հայկական լեռնաշխարհ ներխուժած օտար ցեղեր, որոնց մասին տեղեկութիւններ կան Աստուածաշունչին եւ հայ ու օտար առասպելներուն մէջ:

Հնդեւրոպական լեզուաընտանիքը կը բաժնուի քանի մը խումբերու՝

ա. Հայերէն                                    զ. Կելտական

բ. Ճունարէն                                  է. Ռոմանական

գ. Ալպաներէն                               ը. Գերմանական

դ. Սլաւոնական                            թ. Իրանական

ե. Լետոլիտուական                     ժ. Հնդարիական

        Հայկի եւ Բէլի Առասպելը

        Առասպելին մէջ կը պատմուի, որ առաջին աստուածները ահեղ եւ երեւելի էին, անոնք աշխարհի բոլոր բարիքներու եւ մարդկութեան սկիզբ դրին: Աստուածներէն առաջ եկաւ հսկաներու սերունդ մը, որոնք յաղթանդամ, վիթխարի հասակով մարդիկ էին: Ասոնք որոշեցին Բաբելոնի մէջ վիթխարի աշտարակ կառուցել, որպէսզի ատոր միջոցաւ բարձրանան եւ հասնին աստուածներուն:

        Սակայն աստուածները բարկանալով՝ սարսափելի հողմ կ’ուղարկեն երկիր եւ կը կործանեն կիսակառոյց աշտարակը, իսկ մարդոց իւրաքանչիւրին կու տան անհասկնալի լեզու, որպէսզի ատով կանխեն աշտարակի յետագայ շինարարութիւնը:

         Խօսելով իրարու հետ անհասկնալի լեզուներով՝ մարդոց միջեւ սարսափելի աղմուկ եւ շփոթ կը բարձրանայ:

         Մարդիկ այլեւս իրար չեն կրնար հասկնալ եւ իւրաքանչիւրը հաւաքելով իր խումբը կ’երթայ տարբեր ուղղութեամբ:

         Անոնցմէ մէկն էր Հայկը, որ անուանի եւ քաջ մարդ էր, ունէր հաստ աղեղ եւ հմուտ նետաձիգ էր:

         Հայկը արտաքինով չափազանց գեղեցիկ էր, հզօր մկաններով, գանգուր մազերով, վառվռուն աչքերով: Ան հսկաներու մէջ նշանաւոր մարդ էր եւ դէմ կը կանգնէր բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկային իշխանութիւն հաստատել մնացած դիւցազուններու վրայ:

          Հայկը չ’ենթարկուիր Բէլին, երբ վերջինս Բաբելոնի մէջ իշխող դիրք կը գրաւէր:

         Չկամենալով հնազանդիլ Բէլին՝ Հայկը, Արմենեակ որդին ծնելէ ետք, կը շարժի հիւսիսի կողմերը՝ Այրարատի երկիրը: Հայկը իրեն հետ կը տանի իր որդիները, դուստրերը, թոռները, զօրաւոր այրերը, իր տան մէջ ապրող ընդոծինները, թիւով մօտաւորապէս 300 անձ:

         Հայկը երթալով կը բնակի լեռնային դաշտավայրի մը մէջ, ուր կային նախապէս ցրուած մարդոցմէ: Հայկը իրեն ենթարկելէ ետք բնակավայր կը կառուցէ եւ իբրեւ ժառանգութիւն կը ձգէ Արամանեակի որդիին՝ Կադմոսին: Իսկ ինքը շարժելով դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը բնակի բարձրաւանդակի մը մէջ, այդ տեղը անուանելով Հայք, այսինքն՝ այստեղ բնակողները Թորգոմի տոհմի հայերն են: Կը հիմնէ գիւղ մը, որ իր անունով կը կոչուի Հայկաշէն:

        Տիտանեան Բէլը ամէնուն վրայ իր տիրապետութիւնը հաստատելէ ետք, իր որդիներէն մէկը հաւատարիմ մարդոց կ’ուղարկէ Հայկի մօտ՝ համոզելու, որ ան ենթարկուի իրեն ու վերադառնալով խաղաղ ապրի իր երկրի՝ Բաբելոնի մէջ:

       Հայկը կը մերժէ Բէլի պատգամաւորներուն եւ կ’ուղարկէ Բաբելոն:

        Տիտանեան Բէլը զօրաժողով կը գումարէ եւ հետեւակ զօրքի գլուխն անցած՝ կը շտապէ հասնիլ Հայկի իշխանութեան սահմանները: Երբ ան կը մօտենայ Կադմոսի բնակութեան վայրը, վերջինս սարսափահար կը փախչի Հայկի մօտ՝ գուժելով որ Բէլը յաւերժական քաջերով եւ երկնադէզ հասակով հսկայ կռուողներով կու գայ նուաճելու անհնազանդները:

         Հայկը շտապ կը հաւաք է իր որդիները, թոռները, քաջ եւ աղեղնաւոր մարդոց եւ կը շտապէ դէպի Բէլը:

         Երբ երկու կողմերու հսկաները կը բախէին, երկրի վրայ ահաւոր դղրդիւն բարձրացաւ:

         Բէլը չսպասելով այդպիսի դիմադրութիւն, սարսափահար կը նահանջէ եւ կը փորձէ ամրանալ բլուրի մը վրայ, որպէսզի օգնական ուժեր ստանալով՝ սկսէր նոր ճակատամարտի:

        Աղեղնաւոր Հայկը այս գիտակցելով՝ իր լայնալիճ աղեղը եռաթեւ սլաքով կը խփէ Բէլի կուրծքին ու ճեղքելով ցած կը տապալէ ահեղ հակառակորդը:

        Հայկը ճակատամարտի վայրին մէջ կը հիմնէ դաստակերտ մը եւ յաղթական պատերազմի վայրը կ’անուանէ Հայք, այդ պատճառով գաւառն այժմ կը կոչուի Հայոց Ձոր: Այն բլուրը, ուր իր քաջերու հետ կ’իյնայ Բէլը, Հայկը կ’անուանէ Գերեզմանք: Հայկը կը հրամայէ, որ Բէլի դիակը զանազան դեղերով զմռսեն, տանին Հարք եւ թաղեն բարձրաւանդակի վրայ, որպէսզի միշտ երեւայ պարտուած չարը:

        Իսկ մեր երկիրը մեր նախահայր Հայկի անունով կը կոչուի Հայք, այսինքն՝ Հայաստան:

       Արգոնաւորդներու Առասպելը

          Հայերու ծագման մասին տեղեկութիւններ պահպանուած են նաեւ յունական «Արգոնաւորդներ»ու առասպելին մէջ, ըստ որու հայերը իբր թէ ծագած են առասպելի հերոս Թեսալացի (Յասոնի) Եասոնի զինակից Արմէնոսէն, որ Եասոնի կողմէ Կոլխիդայի (Վրաստան) թագաւորի ոսկէ գեղմը (ոսկէ բուրդ ունեցող ոչխարի կաշի) առեւանգելէ ետք բնակութիւն կը հաստատէ հայկական լեռնաշխարհի տարածքին ու իրմէ սերածները իր՝ Արմէնոսի անունով կը կոչուին արմէններ, երկիրն ալ Արմէնիա:

        Վրացական Առասպելը

          10-13րդ դարերուն վրացական բանահիւսութեան մէջ «Հայկի եւ Բէլի» առասպելի հիման վրայ մշակուած ու ձեւաորուած է անոր վրացական տարբերակը, ըստ որու հայերը սերած են Բաբելոնէն եկած Թորգոմի աւագ որդի՝ Հայկէն, իսկ վրացիները՝ վերջինիս եղբայր՝ Քարթլոսէն, որու համար վրացիները իրենք իրենց կ’անուանեն քարթուելներ, իսկ երկիրը՝ Սաքարթուելո:

         Յիշեալ առասպելները հայոց պատմութեան համար այնքան կարեւոր են, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ մենք կ’իմանանք դէպի Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերու տեղաշարժերու մասին:

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …