Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Մարքս եւ Ընկերվարութեան Առաջնորդող Ուղին

Մարքս եւ Ընկերվարութեան Առաջնորդող Ուղին

           Մարքսի իմաստասիրական աշխարհահայացքէն՝ տրամախոհական նիւթապաշտութեան տեսութենէն կը բխի ընկերվարութիւնը առաջնորդող ուղին Մարքսի պատկերացումը:

            Ամէն ընկերվարական հոսանք անպայման չի բաժներ տրամախոհական նիւթապաշտութեան մարքսական տեսակէտերն ու հիմնաւորումները: Ոմանք ամբողջութեամբ կը հակադրուին անոնց:

            Աւելին ընկերվարութեան առաջնորդող ուղիին, իրենց պատկերացման մէջ, անոնք յաճախ կը հակադրուին մարքսի պատկերացումին:

            Պատմական նիւթապաշտութիւնը, որ ընկերվարութեան հոլովոյթը բացատրող ոճն է, պատմութեան հոլովոյթը տրամախոհական նիւթապաշտութեամբ բացատրելու փորձ մըն է: Ըստ Մարքսի՝ ընկերութեան մը հոլովոյթն ու զարգացումը կը պայմանաւորուին արտադրութեան ձեւի հակադրութեամբ, ինչ որ, իր կարգին անխուսափելիօրէն կը յառաջացնէ դասակարգային պայքարը:

            Մարքսի եւ Դասակարգային Պայքարը:

            Ըստ Մարքսի՝ գոյութիւն ունի քաղքենի ընկերութիւն մը, զոր կ’անուանէ դրութիւն: Ասիկա իր մէջ կը պարունակէ աճող ընչազրկութեան մը սերմերը, այսինքն՝ հակադրութիւնը: Դրութեան եւ հակադրութեան բախումը անխուսափելի է: Ասկէ է որ պիտի յառաջանան նոր կարգերը՝ համայնավարական ընկերութիւնը: Այս փոխանցումը կը կատարուի որոշ ժամանակաշրջանէ կամ հանգրուանէ ետք: Այս ժամանակաշրջանին, կը հաստատուին ընկերվարական կարգերը:

            Մարքս կը կարծէ թէ մարդկային ընկերութիւնը կ’ընթանայ դէպի անխուսափելի երկբեւեռացում: Այս վերջին յղացքը տրամախոհական միտքի հիմնական հաստատումն է: Այս բեւեռացումները, իրենց կարգին կ’առաջնորդեն անխուսափելի բախումի մը:

            Մէկ կողմէ՝ կայ քաղքենի դասակարգը, որ իր մօտ կեդրոնացուցած է արտադրութեան եւ փոխանակութեան բոլոր միջոցները: Այս դասակարգին շահագործումը հետզհետէ կը հասնի անտանելի եւ անհամեմատելի մակարդակի: Միւս կողմէ՝ կայ ընչազուրկ աշխատաւորութիւնը, որուն թուական աճը զարգացումի մէջ կը գտնուի՝ զարգացող եւ խորացող ընչազրկութեան իբրեւ հետեւանք: Յիշեալ դասակարգի նիւթական եւ ընկերային պայմանները ժամանակի ընթացքին աւելի կը վատթարանան: Ատով իսկ՝ կը ստեղծուի յառաջացած ընչազրկութիւն մը:

            Ըստ Մարքսի, վերոյիշեալ երկու դասակարգերու միջեւ բախումը, այլ խօսքով՝ դասակարգային պայքարը, անխուսափելի է: Աշխատաւորութիւնը դասակարգային պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գայ եւ պիտի հաստատէ բանուորական բռնատիրութիւնը: Այս վերջինը, իբրեւ միջոց, պիտի ձգտի լուծարքի ենթարկել եւ ոչնչացնել քաղքենի դասակարգն ու քաղքենի ընկերութիւնը: Այդպէս է, որ պիտի հաստատուին համայնավարական կարգերը: Մարքսի եւ Էնքելսի այս տրամաբանութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնուի «կոմունիստական մանիֆեստ»ին մէջ:

            «The German Ideologie»ին մէջ, Մարքս եւ Էնքելս կը գրեն.- « Ընկերվարութեան ձեւափոխումը կրնայ կատարուիլ միայն գործնական շարժումով մը, յեղափոխութեամբ մը: Այս յեղափոխութիւնը հրամայական դարձած է, որովհետեւ տիրող դասակարգը տապալելու միակ միջոցը ըլլալով հանդերձ եւ անոր առընթեր, միայն յեղափոխութիւնը կրնայ տապալող դասակարգին տալ հին կարգերու փտումը աւլելու կարելիութիւնը եւ ատով իսկ՝ ատակ դառնալով տուեալ ընկերութիւնը նոր հիմերու վրայ դնելու»:

            Վերոյիշեալ պարբերութիւնը ինքնին բաւարար է բացատրելու թէ ինչ կը հասկնային Մարքս եւ Էնքլես դասակարգային պայքար արտայայտութեամբ: Նաեւ կարգ մը մտածողներու այն արտայայտութիւնեը, ըստ որուն, դասակարգային կռիւ յղացքով Մարքս կը հասկնար անպայման յեղափոխութիւն: Պարզապէս, ան կը միտէր ինքնախաբէութեան եւ ուրիշը խաբելու, ինչպէս նաեւ իր պատկերը աւելի համոզիչ ներակայացնելու բան մը, որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան:

            Ներկայիս, կարգ մը արեւմտեան մարքսականներ, հակառակ քոմունիստական մանիֆեստի մէջ տեղ գտած վայրագ յեղափոխութեան տեսութեան, ի զուր կը ջանան համոզել, որ դասակարգային պայքարի մարքսական հասկացողութիւնը անպայման արիւնոտ յեղափոխութեամբ հին կարգերը տապալելու ձգտումին հետ առնչութիւն չունի: Կատարուող փորձը պարզապէս մարտավարական յարմարեցում մըն է՝ ժողովրդական հաստատ համոզումներ եւ ձգտումներ ունեցող արեւմտեան ժողովուրդները չխրտչեցնելու, ինչպէս նաեւ պատեհ առիթին բռնութեամբ իշխանութեան տիրանալու համար:

            Մարքսական մտածողներու տեսաբաններու ներկայացուցածը, ուրեմն, բանուորական միակուսակցական բռնատիրութիւն հաստատելու նպատակէն հրաժարելու փորձ մըն է:

About admin

Check Also

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ (Հ.Հ.), ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հ.Հ. մէջ 1999-ի Դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ գրանցուած են 87 հաս. քաղաքական կազմակերպութիւն, անոնցմէ կարելի է …