Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Ղեկավարութեան Արտաքին Յարաբերութիւնները

Ղեկավարութեան Արտաքին Յարաբերութիւնները

            Արտաքին յարաբերութիւնները ղեկավարութեան մը կիրարկած գործողութիւններն են, որոնք կը հիմնուին ղեկավարութեան պարտականութիւններուն եւ յատկութիւններուն վրայ: Ունին երկու բաժին՝ մասնակի եւ ամբողջակի: Մասնակին կ’ընդգրկէ ներքին խնդիրները, իսկ ամբողջակին՝ լրացնելէ ետք ներքին կազմուածքը, կ’անցնի ուղղակի եւ ըստ կարիքի պահանջուած յարաբերութեան:

            Արտաքին յարաբերութիւնները արդի ղեկավարութեան գիտութիւններու մէկ մասնիկն են, բոլոր կիրարկումները կը կատարուին ղեկավարութեան կողմէ դէպի որոշ հասցէներ, ըլլան անոնք.- անհատներ, անձնական եւ հաւաքական հաստատութիւններ, տեղական թէ միջազգային ոչ պետական կազմակերպութիւններ, պետական կազմակերպութիւններ եւ պետութիւններ:

            Ղեկավարութեան պարտականութիւններն են. ծրագրել, կազմակերպել, հաղորդակցութիւն հիմնել, ուղղութիւն պահել եւ գործը հետապնդել:

            ա. Ծրագրել.- Ծրագրելը մտային գործողութիւն մըն է, որ կը հիմնուի մտային պաշարի եւ որոշ փորձառութեան վրայ եւ կ’ենթադրէ գիտակցութիւն՝ անհրաժեշտ պահանջքներու նկատմամբ: Ծրագրի հետեւանքը պէտք է ծառայէ տուեալ հաւաքականութեան նպատակներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է ըլլայ տրամաբանական եւ գործադրելի:

          բ. Կազմակերպել.- Կը նշանակէ ծրագրուած որեւէ հարց գործադրութեան դնել, միջոցներ գտնել, կարողութիւններ յայտնաբերել, գործը բաժնել եւ հաւաքական գործընթացով առաջ ընթանալ դէպի ծրագրուած նպատակները:

            գ. Հաղորդակցութիւն հիմնել.- Այս հանգրուանին տեղի կ’ունենան գերադաս եւ ստորադաս մարմիններու միջեւ գիտելիքներու ահաւոր շարժում, բոլոր կողմերը կը հաղորդակցին որդեգրուած որոշումները գործադրելու եւ պատահած դժուարութիւնները յաղթահարելու:

            դ. Ուղղութիւն պահել.- Այս պարտականութիւնը կու գայ պատահած շեղումները ուղղելու եւ կը մնայ որպէս պահապան ճշգրիտ գործադրութեան:

            ե. Գործը հետապնդել.- Այս հանգրուանին կը համեմատուի գործընթացին փոխանցումները եւ գործադրութեան մանրամասնութիւնները: Պէտք է ըլլալ ճկուն, շահաւէտ, ընդունուած եւ անկողմնակալ:

            զ. Որոշում կայացնել.- Որոշում կայացնել կը նշանակէ վճիռ արձակել, որոշ կողմի մը գործին համար, որոշ ժամանակի մը ընթացքին, ընտրելով ամենանպաստաւոր կանխատեսումը այդ հարցին շուրջ:

            Ղեկավարութեան արտաքին յարաբերութիւնները կը վարուին անձնական կամ հաւաքական գործընթացով: Անձնական գործընթացը կը սկսի լիազօրելով անհատ մը ղեկավարութեան կողմէ:

            Հաւաքական գործընթացը ունի քանի մը տարբերակ.-

ա. Միատեսակ մարմին մը, որ կը գործէ լիազօրուած եւ կեդրոնական ձեւով:

բ. Տարբեր տեսակներէ բաղկացած մարմին մը, որ կը գործէ լիազօրուած գաղափարի կեդրոնացումով եւ գործելաձեւի ապակեդրոնացումով, ազատ գործի կիրարկման ընթացքով:

գ. Աշխարհագրական բաժանումով իրարու մօտ անհատներէ բաղկացած մարմին մը, որ կը գործէ լիազօրուած որոշ տեղի մը վրայ:

դ. Աշխարահագրական բաժանումով իրարմէ հեռու եւ անկախ անհատներէ բաղկացած մարմին մը, որ կը գործէ անկախ՝ բայց նոյն մտայնութեամբ եւ յատուկ որոշումով նոյն գործը յաջողցնելու:

          Ղեկավարութեան արտաքին յարաբերութիւնները կը հիմնուին հետեւեալ վեց ենթահողերուն վրայ.- մշակութային, գիտական, օրինական, տնտեսական, քաղաքական եւ մրցակցական:

          Մրցակցական ենթահողը ունի թշնամական կամ բարեկամական բնոյթ, յարձակողական կամ պաշտպանողական բնոյթ կամ ալ կրաւորական չեզոք բնոյթ:

          Ղեկավարութիւնը ըստ կարիքի կը հիմնէ վերոյիշեալ ենթահողերէն բխած մարմին մը որ գործի աւարտին կը ներկայացնէ ղեկավարութեան գիտելիքներ որոշում գոյացնելու նպատակաւ:

          Այս բոլոր քայլերէն ետք կու գայ ծրագիրին եւ պահանջքին համեմատ արտաքին յարաբերութեան կիրակումը:

          Արտաքին յարաբերութեան տեսակներն են.-

          Ռազմավարութիւն.- Արտաքին յարաբերութեան կիրարկման մէջ ղեկավարութիւնը կ’որդգրէ որոշ ռազմավարութիւն մը, որոշ տուեալներով: Որդեգրուած ռազմավարութիւնը կ’արտացոլայ անհատներու, կազմակերպութիւններու թէ պետութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան մէջ:

         Դաշնակցիլ եւ խմբաւորուիլ.- Արտաքին յարաբերութեան ծիրին մէջ կ’իյնայ խմբաւորուիլը կամ դաշնակցիլը տարբեր ուժի մը կամ ուժերու հետ, որոնք տեղի կ’ունենան ղեկավարութեան որոշումով: Խմբաւորուիլը կը վերջանայ նոյնինքն նպատակի յաջող կամ ձախող ելքով: Գործը շարունակելու թէ կասեցնելու կամ ալ նոր պայմաններով նոր խմբակցութիւն մը յառաջացնելու որոշումը, տարբեր անհատներու կամ կազմակերպութիւններու հետ, կը մնայ ղեկավարութեան, հասնելու համար ծրագրուած նպատակին:

         Դիմագրաւութիւն.- Ղեկավարութեան արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ կ’իյնան նաեւ իրեն պատկանող խնդիրները եւ հարցերը դիմագրաւելու կարողութիւնը:

          Ղեկավարութեան յաջողութեան աշխատանքներէն հիմնականն է հարցերը դիմագրաւել, գործէն չխուսաբիլ եւ հարցը չյետաձգել:

         Վերարժեւորում.- Վերարժեւորումը կը կատարուի իւրաքանչիւր գործի հանգրուանի աւարտին եւ գործընթացին մէջ աշխատող խմբակին նկատմամբ: Վերարժեւորումով ի յայտ կու գան պատասխանատուական տարածքները: Պատասխանատու անհատներու ընթացքը կը քննարկուի բոլոր մակարդակներու վրայ: Աշխատանքը կը համեմատուի ծրագրին գործադրման հետ եւ իր արդար արժէքը կը ստանայ: Վերարժեւորման հետեւանքով գործը կամ կը կասեցուի եւ կամ զարգացման նոր ընթացքով կը շարունակուի:

        Շրջափակում կամ արգելափակում.- Շրջափակումը ղեկավարութեան մը կողմէ կիրարկուած յատուկ յարաբերութիւն մըն է, որ կ’ունենայ իր միջոցը, նպատակը եւ ժամանակացոյցը: Ղեկավարութիւնը կ’ընտրէ այս ձեւը երբ ուրիշ բոլոր միջոցները ապարդիւն կ’ըլլան: Շրջափակումը կ’ըլլայ չնախատեսուած եւ բացասական ազդեցութիւն ձգող որոշ պահանջքներ իրագործելու նպատակաւ: Շրջափակումը կրնայ ըլլալ մասնակի, զանց առնելով յատուկ պարագաներ կամ կրնայ ըլլալ ամբողջակի մինչեւ նպատակի իրագործումը:

         Բանակցութիւն.- Ղեկավարութեան արտաքին յարաբերութեան ձեւերէն մէկն է բանակցութիւնը: Բանակցողը օժտուած պէտք է ըլլայ բնատուր ձիրքերով, ազդեցիկ անհատականութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ: Բանակցողը պէտք է լիազօրուած ըլլայ ղեկավարութեան կողմէ ու իր բանակցական աշխատանքները հիմնէ գիտական սկզբունքներու վրայ:

About admin

Check Also

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ (Հ.Հ.), ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հ.Հ. մէջ 1999-ի Դեկտեմբեր 31-ի դրութեամբ գրանցուած են 87 հաս. քաղաքական կազմակերպութիւն, անոնցմէ կարելի է …