ՀԱՅՈՑ ՉԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ
ԱՆԱՀԻՏ.-Մայրութեան եւ պտղաբերութեան չաստուածուհի:
ԱՍՏՂԻԿ.-Սիրոյ եւ գեղեցկութեան չաստուածուհի: Կոչուած է նաեւ «Ոսկեծղի», «Վարդամատն»:
ԱՐԱՄԱԶԴ.-Հայոց հեթանոսական դիցարանի գերագոյն չաստուածը, ան չաստուածներու հայրն էր:
ԾՈՎԻՆԱՐ.-Ջուրի, ծովու, անձրեւի չաստուած: Կրած է նաեւ Նար անունը:
ՄԻՀՐ.-Կենսատու լոյսի, մաքրութեան եւ բարութեան չաստուած:
ՆԱՆԷ.-Արամազդի երկրորդ դուստրը, Անահիտի եւ Միհրի քոյրը, իմացութեան, ողջախոհութեան չաստուած:
ՎԱՀԱԳՆ.-Ամպրոպի, ամպի չաստուած: Կոչուած է նաեւ Վիշապաքաղ:
ՎԱՆԱՏՈՒՐ.-Հիւրընկալ, հայկական դիցարանի հիւրասիրութեան չաստուած:
ՏԻՐ.-Գիրի,գրականութեան, գիտութեան չաստուած: