ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՆՈՒՆԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Հայաստան անունը կ՛օգտագործուի երկու իմաստով.
ԱՌԱՋԻՆ ԻՄԱՍՏԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է:
Հայաստան կոչուած է Տիգրան Մեծի պետութիւնը, որ ձգուած է միջերկրական Ծովէն մինչեւ Կասպից Ծով եւ Կովկասեան լեռնաշղթայէն մինչեւ դաշտային միջագետք:
Հայաստան կը կոչուի նաեւ միջազգային ճանաչում ստացած ներկայի հայկական պետական կազմաւորումը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն տարածքը կը զիջի Տիգրան Մեծի օրով եղած Հայաստանին:
ԵՐԿՐՈՐԴ ԻՄԱՍՏԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆ Է: Այդ այն տարածքն է, որ կը համընկնի հայկական լեռնաշխարհին հետ եւ կ՛առանձնանայ ոչ թէ պետական, այլ բնական ու պատմաշախարհագրական սահմաններով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՒԱՆԴԱԿ
Հայկական բարձրաւանդակին մէջ կարելի է առանձնացնել լեռնագրական երեք միաւոր.
ա)Ներքին Տաւրոսի լեռներ
բ)Հայկական հրաբխային բարձրաւանդակ
գ)Միջլեռնային գոգաւորութիւն
ա-Հայաստանի Լեռները
1-ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌ
Աւետիք Իսահակեան կը գրէ.
Արարատի ծեր գմբէթէն
Դար է եկեր վայրկեանի պէս ու անցեր:
Անհուն թիւով կայծակներու
Թուրն է բեկուեր ադամանդին ու անցեր:
Մահախուճապ սերունդներուն,
Աչքն է դպեր լոյս գագաթին ու անցեր:
Կարգը պահ մը քուկդ է հիմա
Դուն ալ նայիր սէգ գագաթին ու անցիր:
Հրաբխային բարձրաւանդակի հարաւային մասին վրայ, կը գտնուին Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբարձր լեռնագագաթներու մեծ մասը՝ ՄԱՍԻՍԸ:
Ան կը բարձրանայ Հայաստանի կեդրոնը, Արարատեան դաշտին մէջ: Ունի երկու գագաթ՝ Մեծ Մասիս՝ 5156 մ. եւ Փոքր Մասիս՝ 3925 մ.: Անոնք ծածկուած են յաւիտենական ձիւնով:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ՎԵՀ Է ԱՐԱՐԱՏԸ
Արարատը վեհ է, որովհետեւ անոր կողերը ուղիղ գծով կը բարձրանան ընդարձակ եւ միաժամանակ բաւական ցած դաշտագետինի մը վրայէն:
Արարատը վեհ է, որովհետեւ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդին վրայ, ան հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշն է:
ՄԱՍԻՍ ԼԵՌԸ հայկական լեռնաշխարհին եւ ընդհանրապէս հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է՝ 5156 մեթր:
Մասիս լեռը յայտնի է Աստուածաշունչի միջոցաւ, բայց ոչ թէ Մասիս, այլ ԱՐԱՐԱՏ անունով:
Աստուածաշունչի հեղինակները Արարատը կը համարեն այն լեռը, ուր
համաշխարհային ջրհեղեղի ժամանակ Նոյ նահապետը իր ընտանիքով ապաստանած
է եւ այնտեղէն կեանքը կրկին տարածուած է աշխարհով մէկ:
Աստուածաշունչի միջոցաւ Արարատ անունը ընդունուած է քրիստոնեաներու կողմէն եւ տարածուած միւս ժողովուրդներու մէջ:
Մասիսը կը գտուի Հայկական Պար լեռնաշղթայի արեւելեան ծայրը, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքի դէմ յանդիման:
Մասիսը լեռնազանգուած մըն է, որ կը զբաղեցնէ մօտ 1200 քկմ. մակերես: Ան կազմուած է ընդհանուր հիմքի վրայ նստած երկու կոնաձեւ՝ Մասիս եւ Սիս գագաթներէն:
Մասիսի հիւսիս-արեւելեան լանջին վրայ, պարզ օրերուն կ՛երեւի լերան գագաթէն մինչեւ ստորոտը ձգուող հսկայական խորխորատ մը, որ յայտնի է «Վիհ Մասեաց» անունով:
Իր գեղեցկութեամբ, դժուարամատոյց բարձրութեամբ, բնական սարսափազդու երեւոյթներով ( երկրաշարժ, սառցասահք, եւայլն) խորհրդաւոր ազդեցութիւն թողած է մարդկանց վրայ եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:
Մասիսի հետ կապուած է Հայոց Արտաւազդ թագաւորի մասին առասպելը: Ժողովուրդը Մասիսի անդունդներն ու վիհերը համարած է չարութեան ու նախանձի խորտակման վայրեր:
Ըստ աւանդութեան, Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ կործանուած է Արտաւազդը, որ նախանձով լեցուած է իր հօր՝ Արտաշէս արքայի հանդէպ, հետապնդած ու նուաստացուցած է իր եղբայրներն ու մերձաւորները: Ան որսի ժամանակ գլորուեր է Մասեաց վիհը, ուր քաջքերը շղթայած են զինք: Այնտեղ հաւատարիմ գամփռները շարունակ կը կրծեն շղթաները, իսկ դարբինները, կատարելով ժողովուրդի կամքը « կը զարնեն կռանը սալին, որ անիծեալ արքայի կապանքն ամրանայ»:
Մասիսը սուրբ սար համարելով, մարդիկ երկար ժամանակ չեն փորձած բարձրանալ Մասիսի գագաթը: Պատմութեան յայտնի է, որ առաջին անձնաւորութիւնը, որ փորձած է Մասիս լեռ բարձրանալ Յակոբ Մծբնացի եպիսկոպոսն է ( 4-րդ դար):
Առաջին անգամ Մասիսի գագաթը յաջողած է բարձրանալ Դորպատի համալսարանի փրոֆեսոր Ֆրետրիկ Պարոտը, որուն կ՛ուղեկցէր Խաչատուր Աբովեանը:
Եղիշէ Չարենց կը գրէ.
Իմ կարօտած սրտի համար, ոչ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ:
Նարեկացու Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ,
Աշխարհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ,
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում:
Իսկ Շիրազ կը գրէ՝
Բոլոր ազգերը թող հասնին լուսին,
Միայն թէ հայը հասնի Մասիսին: