ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

ԱՐՏԱՇԷՍ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ

            Խորենացին կը նկարագրէ Արտաշէսի աշխարահաշինութիւնը, գիտութեան, արուեստի հովանաւոր ըլլալը եւ ապա անոր մահը: Մահուան ծէսը կը նկարագրուի մանրամասն:

            Խորենիցին կը նշէ, թէ «Որչափ ամբոխութիւնք մեռան ի մահուանն Արտաշէսի, սիրելի կանայք եւ հարճք եւ մտերիմ ծառայք»: Ընդհանուր ինքնամոռաց սուգը այնքան կործանարար էր, որ կ՛արդարացուի արքայազն Արտաւազդի բողոքը առ մեռեալ հայրը, ի տես երկրի աւերման՝

            Մինչ դու գնացեր եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար,
            Ես աւերակաց որպէ՞ս թագաւորեմ:
            Որուն կը յաջորդէ մեռած հօր պատասխան անէծքը՝ 
            Եթէ դու յորս հեծիս յազատն ի վեր ի Մասիս,
            Զքեզ կալցին քաջք, տարցին յազատ ի վեր ի Մասիս,
            Անդ կայցես եւ զլոյս մի տեսցես:

            Դարձեալ Խորենացին կը փութայ ըսել, թէ ինք ըսուածներուն հաւաստիութեան չի հաւատար, բայց «Երգիչքն Գողթան առասպելաբանեն այսպէս»: Միեւնոյն ատեն կը շարունակէ պատմել անէծքին իրականացումը: Երբ Արտաւազդ օր մը որսի կ՛երթայ Մասիսի լանջերը, ձին կը գահավիժի եւ ան կ՛իյնայ Մասեաց վիհը, ուր քաջքերը կը շղթայեն զայն: Հաւատարիմ շուները գիշեր ու ցերեկ կը կրծեն անոր շղթաները. բայց դարբիններու կիրակնօրեայ հարուածները սալերուն՝ դարձեալ կը նորոգեն անոր շղթաները:

            Այս ամէնը Խորենացին կը պատմէ առանց հաւատալու պատահածներու իսկութեան եւ կը կոչէ զայն պառաւական առասպել. «Զրուցեն զսմանէ եւ պառաւունք»: Իսկ Արտաւազդի մահը պատմիչը կը վերագրէ անոր դիւոտութեան, որ ունէր մանկութենէն «…Այլ ոմանք ասեն եւ ի ծնանելն զսա դիպեալ պատահարաց իմն, զոր համարեցան կախարդել զսա կանանց զարմիցն Աժդահակայ. վասն որոյ զնոսա բազում չարչարեաց Արտաշէս»:

            Ուրեմն պատմիչը Արտաւազդին Մասեաց վիհն իյնալը կը կապէ անոր ընկնաւորութեան, որ կախարդութեան արդիւնք էր «ի մանկունս», ապա կը յիշէ նաեւ, թէ ինչպէս կը մեկնաբանեն այդ ընկնաւորութիւնը կամ «դիւայնութիւնը» ժողովրդական երգիչները. «Եւ զայն նոյն երգիչքն յառասպելին ասեն այսպէս, եթէ վիշապունք գողացան զմանուկն Արտաւազդ եւ դեւ փոխանակ եդին»:

            Վիպական կայուն գիծ է հօր ու որդու հակառակիլը, որ յաճախ կ՛ուղեկցուի որդուն ուղղուած հայրական անէծքով եւ այդ անէծքը անվրէպ է:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …