ՊԱՆՔ ՕԹՈՄԱՆԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

ՊԱՆՔ ՕԹՈՄԱՆԻ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Ինչո՞ւ Կազմակերպեց Պանք Օթոմանի Գրաւումը

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Պանք Օթոմանի գործողութիւնը կազմակերպեց, որովհետեւ՝

Առաջին.- Հայութիւնը 1890ական տարիներուն թրքական կառավարութենէն բարենորոգումներ կը պահանջէր հայկական նահանգներուն համար: Կը պահանջէր որ դադրին հալածանքները, կողոպուտները, սպաննութիւնները: Մէկ խօսքով կը պահանջէր, որ քաղաքացիի մը ապրելու նուազագոյն իրաւունքները ունենար: Այս ուղղութեամբ եւրոպական պետութիւններ (Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա եւ ուրիշներ) 1895ին կազմակերպած էին բարենորոգումներու ծրագիր մը՝ հայկական նահանգներուն համար: Սուլթանը սակայն ո՛չ միայն չիրագործեց այս բարենորոգումները, այլեւ կազմակերպեց ընդհանուր ջարդեր, որոնց զոհ գացին մօտ 300 հազար հայեր: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր հակահարուած մը տալ սուլթանին,  ի՛ր իսկ մայրաքաղաքին մէջ:

Երկրորդ.- Եւրոպական պետութիւնները անշուշտ միայն իրենց շահերը կը  հետապնդէին. անոնց քաղաքականութիւնը պատճառ կը դառնար, որ Սուլթան Համիտ ձգձգէր հայերուն որոշ իրաւունքներ տալու հարցը, ականջ  չկախեր հայերու պահանջներուն: Սակայն այս դրամատան մէջ գտնուող դրամագլուխը կը պատկանէր անոնց, այսինքն՝ եւրոպացիներուն: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր ձեւով մը ստիպել եւրոպական պետութիւնները, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին սուլթանին պարտադրէին հայերու նահանգներէն ներս բարենորոգումներու իրագործումը: Այս ձեւերէն մէկն էր Օսմանեան դրամատան գրաւումը, երբ այլեւս եւրոպացիները պիտի պարտաւորուէին բան մը ընելու, առաջին հերթին իրե՛նց շահերը պաշտպանելու համար:

Երրորդ.- 1895- 1896ի ջարդերէն ետք անհրաժեշտ էր սուլթանին հակահարուած մը տալ, ցոյց տալու համար, որ ինչ ալ ըլլայ, հայութիւնը պիտի չհրաժարի իր իրաւունքներէն: Սուլթան կը խորհէր, թէ հայերը այլեւս պիտի չհամարձակէին գլուխ բարձրացնել. սակայն ան չէր գիտեր, որ իր պալատէն միայն քիչ անդին հայ յեղափոխականները ռումբեր պիտի պայթեցնէին թուրք զօրքերու գլխուն:

Գրաւման Նախապատրաստութիւնները

Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին որոշումն էր Պանք Օթոմանը գրաւել իր 150 եւրոպացի պաշտօնեաներով, միաժամանակ ռումբերով յարձակում գործել քաղաքական թրքական կարգ մը զօրանոցներուն վրայ: Այս նպատակին համար 1986ի Փետրուար – Մարտ ամիսներուն արդէն կը սկսի նախապատրաստական աշխատանքները: Այս աշխատանքներուն կը մասնակցին Կեդրոնական Կոմիտէի բոլոր ընկերները, առաւել Եւրոպայէն եկած ուսանող ընկերներ՝  Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրեաքեան, եւ այլն:  Մեծ խանդավառութեամբ գործին մէջ կը նետուի յատկապէս գրաւման միտքը յղացող եւ ընդհանուր ղեկավար Բաբգէն Սիւնի:

Դրամատան գրաւման համար նախ թուական կը ճշդուի Օգոստոս  19ը, այսինքն՝ սուլթանին գահակալութեան օրը: Ճշդուած թուականը սակայն առաջ կը բերուի չնախատեսուած պատճառով մը: Գործողութեան թուական կը ճշդուի Շաբաթ, 10 Օգոստոսը, բայց յետոյ կը յետաձգուի նոյն ամսուն 14ի կէսօրուան, որովհետեւ երեք օրուան ընթացքին ռումբերու նախատեսուած քանակը կարելի չ՛ըլլար տեղաւորել: Ծրագիրը պատրաստուած էր մանրամասնօրէն, ուժերու դասաւորումը կատարուած  էր, եղած էր նաեւ գործերու բաժանումը, այսինքն ճշդուած էին յարձակողները, իւրաքանչիւրին պարտականութիւնը, եւրոպացի դեսպաններուն տրուելիք  յայտարարութիւնները , ինչպէս նաեւ՝ ռումբերն ու պէտք եղած ատրճանակները:    Ընդհանուր ղեկավար կը նշանակուի Բաբգէն Սիւնին, իսկ Հրաչ Թիրեաքեանը՝ օգնական: Արմէն Գարոյին կը յանձնուի դրամատան  ներսի  կարգի եւ պաշտօնէութեան պահպանումը:

Յարձակումին նախորդ գիշերն է: Բոլորը հաւաքուած են սենեակի մը մէջ. յուզուած են բոլորն ալ, ո՛վ գիտէ, թերեւս վերջին անգամն է, որ զիրար  կը տեսնեն, որովհետեւ վաղը անոնցմէ  ոեւէ  մէկը կրնայ սպաննուիլ: Կռիւի ընթացքին զիրար ճանչնալու համար իբրեւ կարգախօս  կ՛ընտրուի «Ազատութիւն» բառը:

Արմէն Գարօ կը գրէ. «Ութը օրուան ընթացքին մօտ չորս հարիւր դատարկ ռումբեր փոխադրեցինք Սկիւտարի մեր գաղտնի ձուլարանէն դէպի Բերայի մեր արհեստանոցը՝ անձնուէր օրդ. Իսկուհիին տունը: Այնտեղ այդ ռումբերը լեցնելէ յետոյ, նորէն փոխադրեցինք Պոլսոյ զանազան թաղերը, ըստ պատկանելւոյն: Եւ այս ամէնը ընելու համար, 10-15 վստահելի ընկերներ  էինք միայն՝ ուսուցիչներ եւ ուսանողներ, 20-25 տարեկան երիտասարդներ բոլորս՝ մեր մէջ ունենալով երեք օրիորդներ»:

Օգոստոս 14, կէսօր: Յանկարծ Համիտի մայրաքաղաքին մէջ կը սկսի զէնքերու համազարկ մը՝ ռումբերու  որոտին ընկերացած: Զէնքի ձայներն ու ռումբերու պայթումները չեն դադրիր. խուճապի մէջ է քաղաքը, անակնկալի եկած է սուլթանը: Հայ յեղափոխականները գրաւած են Պոլսոյ  ամէնէն բանուկ փողոցին՝ Բերայի վրայ գտնուող Պանք Օթոմանը: Օր ցերեկով տեղի կ՛ունենայ գրաւումը: Շատ հանդարտ կերպով անոնք կը մօտենան դրամատան, ապա յանկարծ քաշելով իրենց ատրճանակները՝ կը կրակեն պահակներուն վրայ: Կը սպաննուին պահակները, ինչպէս նաեւ  յարձակողներէն քանի մը հոգի (Բէյնըցի Յովհաննէսը,  Սեդրակ Եղիայեանը  եւ Մարգար Մինասեանը): Կը վիրաւորուին 5 Ֆիտայիներ:  Կռուի առաջին զոհերէն  է  նոյնինքն Բաբգէն Սիւնին. պահակ զինուորներուն կրակած առաջին փամփուշտներէն մէկը  կը ծակէ  անոր թիկունքը, Սիւնի գետին կ՛իյնայ այդ վայրկեանին, կը պաթին իր վրայ գտնուող  ռումբերն ալ. երիտասարդ Ֆետայիին մարմինը անճանչնալի կը դառնայ: Մեծ գին վճարուած  էր  դրամատան գրաւումին համար: Անոր նահատակութիւնը սակայն պատճառ չ՛ըլլար, որ  մնացեալները իրարու անցնին: Անմիջապէս Արմէն Գարօ հրամանատարութիւնը յանձն կ՛առնէ եւ կռիւը կը շարունակուի դրամանատան ներսէն՝ յարձակող զօրքերուն դէմ:

Դրամատուն մտած տղաքը կը գրաւեն իրենց դիրքերը եւ ետ կը մղեն օգնութեան հասնիլ փորձող զինուորները: Տասը ընկերներով Արմէն Գարօն կը վարէ գետնայարկը տեղի ունեցած տաք կռիւները՝ մինչեւ որ  կը յաջողի գոցել դրամատան մայր դուռը: Իսկ Հրաչը 5 ընկերներու հետ միասին կը բարձրանայ տանիք՝ այնտեղի դիրքերը պաշտպանելու եւ հանդիպակաց տան մէջ նախապէս ճշդուած եւ այնտեղ պահուըտած ընկերոջ նշան տալու, թէ գրաւած են դրամատունը: Այս նշանին վրայ այդ ընկերը պահանջագիր – յայտագիրները կը ցրուէ դեսպանատուները: Մինչեւ կէս գիշեր ամբողջ մայրաքաղաքը կծկուած վիճակով կը սպասէ…: Կարգ մը տեղեր արդէն անմեղ հայեր զոհ կ՛երթան թուրք զինուորներու եւ ամբոխի սուրերուն. դրամատունը գրաւողներուն պահանջագիրը  յստակ էր:  Ան կը բաղկանար չորս պահանջներէ.-

  1. 1.    Դադրեցնել Պոլսոյ մէջ  սկսած անմեղներու կոտորածը:
  2. 2.    Դադրեցնել դրամատան դէմ յարձակումը, հակառակ պարագային պիտի պայթեցնեն դրամատունը:
  3. 3.    Գրաւոր երաշխիքներ տալ հայկական նահանգներու բարենորոգումներուն մասին:
  4. 4.    Ազատ արձակել բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալները:

Կէս գիշերէն ետք, ժամը մէկին, ռուսական դեսպանատան ներկայացուցիչ Մաքսիմով կը հասնի դրամատուն եւ կ՛առաջարկէ դուրս գալ շէնքէն, կեանքի ապահովութիւն խոստանալով Արմէն Գարոյին ու իր ընկերներուն: Արմէն Գարօ Մաքսիմովին կը պատասխանէ. « Պարոն դեսպան, մենք հոս չմտանք որ դուք այստեղէն մեզ ազատելու նեղութիւնը քաշէք…»:  Ան ըսել կ՛ուզէր, թէ իրենք յստակ պահանջներ ունին, որոնց իրագործումը կը պահանջեն դեսպաններէն եւ սուլթանէն: Մաքսիմով կը պատասխանէ, թէ կոտորածը եւ դրամատան դէմ յարձակումը արդէն դադրած են, գալով բարենորոգումներուն՝ դեսպանները կը խոստանային իրենց կարելին ընել անոնց իրագործումը ապահովելու համար: Մաքսիմով կը խոստանար նաեւ ձերբակալուած հայ յեղափոխականները ազատ արձակել տալ: Մաքսիմովի եւ Արմէն Գարոյի միջեւ երկար բանակցութիւններէ ետք, հայ յեղափոխականները կը համաձայնին ձգել դրամատունը, իրենց պահանջներուն շուրջ երաշխիքներ ստանալէ ետք:

Առտուան դէմ, 17 յեղափոխականները իրենց զէնքերով դուրս կու գան դրամատունէն: Մաքսիմով կը հարցնէ, թէ միւսները ինչո՞ւ դուրս չեն գար, Արմէն Գարօ կը պատասխանէ,  թէ ուրիշներ չկան իրենց հետ…: Թուրքերը Մաքսիմովի հաւատացուցած էին, թէ դրամատունը գրաւողները մօտ 200 հոգի են…: Տասնեօթը հոգի, իրենց զէնքերով, կ՛անցնին թուրք զօրքերուն մէջէն Մաքսիմովի առաջնորդութեամբ (որովհետեւ ան խոստացած էր իր անձով երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը). կը հասնին ծովեզերք, ուրկէ զիրենք կը փոխադրեն Ֆրանսական «Ժիրոնտ» շոգենաւը:

Դժբախտաբար, սակայն, շոգենաւի վրայ զինաթափ կ՛ընեն հայերը ու զանոնք կը փոխադրեն Մարսէյլ, ուր 17 օր կը բանտարկուին Սէն Փիէր բանտը:

Ֆրանսական կառավարութիւնը կը խոստանար բացի Հրաչէն եւ Արմէն Գարոյէն՝ միւսները իր հաշւոյն ուղարկել Նիւ Եորք: Տղաքը անգամ մը եւս կ՛անարգուին եւ իրենց ճանապարհածախսով եւ ապրանքատար նաւով կը տարուին Պուէնոս Այրէս, Արժանթին: Հրաչն ու Արմէն Գարոն կ՛անցնին Զուիցերիա:

Իրենց խոստումը չեն յարգեր նաեւ դեսպանները, որովհետեւ անոնք իրենց սեփական շահերը միայն կը հետապնդէին: Այս բոլորէն ետք սակայն,  Պանք Օթոմանի գրաւումը մարտական իմաստով մեծ յոյսեր ներշնչեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, զօրացուց պայքարի ու զոհաբերութեան ոգին՝ հայրենիքի սիրոյն համար: Քաղաքական իմաստով հայութիւնը մեծ չափով օգտուեցաւ այս դէպքէն, որովհետեւ ան զօրացուց միայն սեփական ուժերուն վստահելու վճռակամութիւնը. անիկա հայութեան սորվեցուց, թէ «օտարէն մեզ Ֆայտա չկայ», ինչպէս  կ՛ըսուի Կիկոյի մօր երգին մէջ:

Իր օրերուն, դէպքը շատ արձագանգ գտաւ եւրոպական մամուլին մէջ, որովհետեւ կարելի չէր որ հայ յեղափոխականներ յանդգնէին սուլթանին քթին տակ գրաւել երկրի ամէնէն կարեւոր դրամատունը: Եւրոպական կարգ մը թերթեր նոյնիսկ «դարուն ամէնէն ցնցիչ դէպքը» անուանեցին այս գործողութիւնը: Այս ձեւով եւրոպական  պետութիւնները կը ստիպուէին հաշուի առնել հայ յեղափոխութիւնը, իբրեւ ուժ Դատի լուծման մէջ:

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄԸ

Պանք Օթոմանի գրաւումը կազմակերպած Հ.Յ.Դ. Պուլկարիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն ծրագրած էր նոյն օրը տարբեր խումբերով ռմբային յարձակումներ գործել Սամաթիոյ թրքական զօրանոցին եւ Իզմիրի  զինուորական կեդրոններուն վրայ: 154 ձեռնառուբեր փոխադրուած եւ ամբարուած էին Սամաթիոյ զանազան կեդրոններուն մէջ: Ըստ ծրագրին, Ֆետայիները քանի մը հոգիով պիտի յարձակէին  զօրանոցին վրայ, ստիպելով որ զօրքը դուրս գար եւ հետապնդէր նախայարձակները, մինչ տուներու մէջ ապաստանած տղաք ռումբերու տարափ մը պիտի տեղացնէին զինուորներուն վրայ: Այդ ծրագիրը իրականացնել կարելի չեղաւ սակայն, որովհետեւ որոշ շարժումներէ  եւ տեղափոխութիւններէ կասկածելով, ոստիկանութիւնը կէսօրուան դէմ պաշարած էր արդէն ամբողջ շրջանը եւ ձեռնարկած` խուզարկութիւններու Մատնութեան մը պարագան եւս անհաւանական չէր: Ոստիկանները կը փնտռէին յատկապէս Խաչիկ Գնունին, որ Արտաշէս  Անդրէասեանի (Սուրէն)  հետ կը գտնուէր Միսաքեաններու տունը: Ի վերջոյ անոնք կը յաջողին  գտնել եւ կ՛ուզեն բոլորը ձերբակալել, բայց տղաքը  կը մերժեն յանձնուիլ:

Ծայր կու տայ թաղային անխնայ կռիւ մը, որ կը տեւէ 18 ժամ: Ու երբ զինամթերքը կը սպառի, Գնունի, Միսաքեան եւ Անդրէասեան սեփական ձեռքերով վերջ կու տան  իրենց կեանքին:

Այսպէ՛ս կը վերջանայ Սամաթիոյ հերոսական   դիմադրութիւնը: Տղաքը պայմաններու բերումով  եւ ակամայ, մարտական իրենց ծրագիրը  չէին կրցած իրագործել, բայց  նահատակութեան իրենց յանձնառութիւնը յարգած էին:

 

About talar

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …