ՔԱՐԱՀՈՒՆՉԸ
Զօրաց Քարերը Սիսեանէն 3 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:
1994-1995 թուականներուն կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ քարահունչը աշխարհի հնագոյն աստղադիտարանն է:
Երեք հեքտար տարածքի մէջ զարմանալիօրէն ճշդրիտ դասաւորուած հսկայական քարերէն շատերը ունին անցքեր, որոնք օգտագործուած են աստղային դիտարկումներու համար: Այդ հինաւուրց շինութիւնը ծառայած է, որպէս Արեւի չաստուածի տաճար:
Ան կառուցուած է 6000 տարի առաջ եւ գործածուած 4000 տարուայ ընթացքին:
Աստղագէտները Հայաստանի քարահունչերը ուսումնասիրելով աշխարհի երեք երկիրներու մէջ գտնուող քարահունչերուն հետ, եկած են այն եզրակացութեան, որ աստղագիտութեան մշակոյթի սկզբնաղբիւրը Հայաստանն է: