ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
Գարեգին Նժդեհ (Տէր Յարութիւնեան) ծնած է 1886ին Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը: Սորված է Նախիջեւանի ռուսական դպրոցին մէջ, ապա ԹիՖլիսի եւ Պետերբուրգի մէջ ստացած է իրաւաբանի մասնագիտութիւն:
1905-1907 ուսանած է Պուլկարիոյ մէջ:
1908ին մասնակցած է իրանական յեղափոխութեան:
Բանտարկուած է զէնք ու զինամթերք տեղափոխելու ժամանակ:
1911ին մեկնած է Պուլկարիա եւ մասնակցած Պալքանեան պատերազմին եւ զօրավար Անդրանիկի հետ վերադարձած է Անդրկովկաս:
1918ին մասնակցած է Ղարաքիլիսէի պաշտպանութեան:
1919ին մեկնած է Սիւնիք եւ ղեկավարած՝ Զանգեզուրի հերոսամարտը:
1921ին անցած է սփիւռք եւ այնտեղ շարունակած իր ազգային գործունէութիւնը:
1944ին Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած է եւ յանձնուած խորհրդային դատարանին: Դատապարտուած է 25 տարուայ բանտարկութեան, աքսորուած է Սիպիր ուր եւ կնքած իր մահկանացուն 1955ին: