Քարը – տոպազ, ռուպին, ագուամարին
Մետաղը – երկաթ, պողպատ
Բոյսը – քրիզանթեմ, մեխակ, վարդակակաչ
Կենդանին – գայլ, կարիճ
Թիւը – 4 . 5 . 8 . 9 . 10
Յաջող օրերը – Երեքշաբթի
Կարիճներու համար 2011 թուականը բացայայտումներու տարի պիտի ըլլայ: Անոնց առջեւ կը բացուին նոր հորիզոններ: Թէեւ Կարիճներուն կը սպասէ ծանր, դժուար տարի, սակայն եկամտաբեր:
Ցանկացած նոր գործ կամ նախաձեռնութիւն յաջողութեամբ պիտի աւարտի, սակայն սկզբնական շրջանին դրամի կարիքը պիտի զգացուի: Կարիճները յուսահատուող չեն:
Ընդհանուր առմամբ, տարին Կարիճներու համար պիտի ըլլայ խիստ ծանրաբեռնուած, սակայն նիւթապէս առատ տարի: