Home / Ա / Նիւթեր / Մշակութային / ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Հայ Յեղափոխական Երգերուն Տեղը Հայ Երաժշտութեան Պատմութեան Մէջ

Մշակոյթը ազգի մը հոգեկան ապրումներու, ձգտումներու, երազներու հայելին է, ինչպէս նաեւ կենսունակութեան փաստն ու նախապայմանը: Ճիշդ այս պատճառաւ հայ մշակոյթը միշտ ալ զէնքի կողքին իր իւրայատուկ մասնակցութիւնը բերած է մեր ազատագրական պայքարին, մանաւանդ Յեղափոխական երգերով: Յեղափոխական մշակոյթին էութիւնն ու պատգամը իրարայաջորդ սերունդներուն փոխանցած Յեղափոխական երգը արուեստի սոսկական արտայայտութիւն մը չէ՛, որովհետեւ անիկա ծնած է նոյնինքն այդ ժողովուրդին ծոցէն իբրեւ ինքնաբուխ եւ հարազատ մէկ արտայայտութիւնը մարտունակ հաւաքականութիւններու հաւատքին: Յեղափոխական երգը սովորական պահու մը, կամ սովորական ներշնչումի մը ծնունդը չէ, կենաց մահու գոյամարտէն փայլատակած ուխտէ է ան: Անոնք աւանդ մըն են եկած հինէն ի վեր ազատութիւն, յեղափոխութիւն եւ կռիւ կը պոռթկան: Յեղափոխական երգերու «դարաշրջանը» կը բաժնուի երկու շրջաններու. 19րդ դարու կէսերէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը, իսկ երկրորդ բաժինը՝ 1965էն մինչեւ մեր օրերը՝ մինչեւ Արցախեան շարժումի տակաւին եւս ապրող պայքարին արձագանգները: Յեղափոխական երգերու ծննդեան պայմանները շատ յստակ են, որոնք հայ ժողովուրդին վիճակուեցան 19րդ դարուն եւ որոնք զսպանակեցին հայութեան յեղափոխական շարժումը, իսկ երգերը եղան այդ շարժումին ժողովրդային մէկ հարազատ արտայայտութիւնը: Հայկական յեղափոխական երգերը արտայայտիչն են հայ ժողովուրդի ապրումներուն, կը գովերգեն անոր ծոցէն ծնած հերոսներն ու անոնց սխրագործութիւնները, թէեւ անոնք կրնան նաեւ ունենալ կուսակցական բնոյթ, նայած՝ տուեալ հերոսի մը պատկանելիութեան: Յեղափոխական եւ Ազգագրական երգերը հիւսած են մեր ջան Ֆետայիներու ոսկեփայլ էջերը, հերոսական պատումներով երանգաւորած անոնց սլացքներն ու պայքարը, զոհաբերութիւններն ու Սուրբ գործի ճամբուն վրայ ազատատենչ պայթիւնները: Կ՛արժէ յիշել նաեւ այն դժբախտ իրողութիւնը, որ Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, հայկական յեղափոխական երգերը թիւր մօտեցումներու պատճառով մնացին սեփականութիւնը միայն մէկ կուսակցութեան՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, որովհետեւ համայնավարական եւ լծակից քարոզչութեան հետեւանքով, այդ երգերուն վրայ անարդարօրէն դրուեցաւ «դաշնակցական երգ» պիտակը, մինչդեռ այդ երգերը կը պատկանէին ամբողջ հայութեան: Արիւնով, նահատակութեամբ, հերոսութեամբ եւ յաղթանակի սաւառնաթեւ բոցով գրուած այս երգերը, այսօր առաւել քան երբեք կը հնչեն նոյն ուժգնութեամբ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ազատագրական պայքար կը մղէ բոլոր ճակատներու վրայ հնարաւոր բոլոր միջոցներով: Հայկական զինեալ պայքարին զուգընթաց, ազգագրական երգերու կողքին, յատուկ կերպով զարգացան նաեւ մերօրեայ յեղափոխական երգերը: Պատրաստուեցան յաջող կարգ մը երգեր, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ունեցան նոր սերունդի հոգիներուն փոթորկման եւ միտքերու յեղափոխականացման վրայ: Վստահաբար, ազգագրական երգերը իրենց իւրայատուկ բնոյթով, իրենց ուշագրաւ ոճով եւ մեկնաբանելու յատուկ կերպով տարբեր «համ» մը ունին: Այսօր, աւելի քան վեց հազար ազգագրական երգեր ձայնագրուած են հայրենիքի մէջ: Անցեալի յեղափոխական երգերու կողքին անպայմանօրէն պէտք է հիւսուին նորերը, ինչպէս արցախեան պահանջատիրութեան օրերուն, որոնք իրենց մէջ խտացուցին այն բոլոր զգացումները, որոնք արտայայտուեցան հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ հայ պատանիի շուրթերէն յատկապէս: Այս հայկական զուլալ երգերը քանդակուած պիտի մնան մեր միտքերուն մէջ: Պիտի միախառնուին մարտունակութիւն ներշնչող այս երգերը, պիտի միաձուլուին մեր անցեալին ու ներկային հետ:

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …

Leave a Reply