Recent Posts

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱԺՆՈՒԱԾ Է ՎԱՐՉԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐՈՒ (3)

Տարբեր երկիրներու մէջ վարչատարածքային միաւորները տարբեր ձեւերով կրնան անուանուիլ մարզ, նահանգ, շրջան, երկրամաս եւ այլն: Տնտեսութեան առանձին ճիւղերու կամ ոլորտներու կառավարման համար ստեղծուած են նախարարութիւններ, օրինակ՝ կրթութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան, բնապահպանութեան, պաշտպանութեան, ներքին գործերու, եւայլն: Այսպէս, պետական կառավարումը կը կատարուի երկու ձեւերով՝ ճիւղային եւ տարածքային: Պատմական զարգացման ընթացքին, պետութիւններու արտաքին …

Read More »

ՊԵՏՐՈՍ ՍԵՐԵՄՃԵԱՆ

            Բնիկ Էտիրնեցի, յետոյ Ֆիլիպէ հաստատուած, բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ: Ազգային վարժարանը աւարտելէ վերջ, կը յաճախէ պուլկար երկրորդական վարժարանը, աւելի ետք կ՛աւարտէ պահեստի սպաներու դպրոցը: Մանուկ հասակէն աշխոյժ եւ յանդուգն էր: Պուլկար յեղափոխական գրականութիւնը իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր. կը ցաւէր, որ իր հայրենիքը դեռ Սուլթանի տիրապետութեան տակ գերի էր: …

Read More »

ԶԱՏԻԿ Ս.ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Զատիկուան տօնին հետ կապուած են հնաւանդ կարգ մը սովորոյթներ, որոնցմէ գլխաւորը հաւկիթ ներկելն է: Հաւկիթը, իր արտաքին ձեւով եւ ներքին կազմով, կը ներկայացնէ աշխարհը: Հաւկիթին դեղնուցը կը պատկերացնէ երկիրը, սպիտակուցը՝ ջուրը, մաշկը՝ օդը, իսկ կեղեւը՝ երկինքը: Այլ խօսքով, հաւկիթը բնութեան սկիզբն է, սերմը եւ անվախճան պատճառը համագործակցութեան: Հնդկաց «Մանու» դիցաբանական …

Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ (2)

          Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ներկայի պետական տարածքը եւ սահմանները ժառանգութիւն ստացած է Հայկական ԽՍՀ-էն, որ կազմաւորուած էր Առաջին հանրապետութեան տարածքին մէկ մասին մէջ: buy essays Առաջին հանրապետութեան պետական տարածքն ու սահմանները անոր գոյութեան համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ վերջնական ձեւակերպում չստացան: Սկիզբը, երբ 1918 թ. Մայիսին Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը անկախ …

Read More »

ԹՈՐԳՈՄ (ԹՈՒՄԱՆ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՑ)

«Թորգոմը արդէն կազմակերպող էր, կենդանի գործի մարդ: Ջրաբերդի շրջանում (Կարսի կուսակցական տեղանունը) չմնաց մի գիւղ, ուր Թորգոմը մտած չլինէր: Մինչեւ Թորգոմը՝ Ջրաբերդի շրջանում կար մանսակի եւ անկանոն կազմակերպութիւն. Թորգոմի օրով էր, որ խմբական կազմակերպութիւնը դառնում է համայնական, գիւղի ամբողջ համայնքն է մասնակցում կուսակցական գործին»: Արամ Մանուկեանի այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը …

Read More »

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՀՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (1)

Շուրջ 600 ամենայ ընդմիջումէ յետոյ, 1918 թ. վերականգնեցաւ հայկական ազգային պետականութիւնը՝ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այդ ընդունուած է որպէս Առաջին Հանրապետութիւն: Յիշենք որ նախքան հայկական պետութիւնը թագաւորութիւններ  ունէինք, այսինքն՝ ունեցած ենք կառավարման միապետական ձեւ: 1920 թ. Նոյեմբերին, Հայաստանը Խորհրդայնացաւ եւ սկսաւ կոչուիլ Հայաստան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն (ՀԽՍՀ): Շուտով ան դարձաւ Խորհրդային …

Read More »

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ

ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄ, ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄ paper writing             Գաղափարապաշտութիւն, սեփական անձի ամբողջական նուիրումներով լրացուած: Գործունէութիւն, ուժականութիւն, մարտունակութիւն, արիութիւն: Վճռակամութիւն եւ զոհաբերութեան անսահման պատրաստակամութիւն՝ հաւաքական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Անշահախնդրութիւն, ուղղամտութիւն, պարկեշտութիւն, համեստութիւն, ընկերական փոխադարձ սէր ու գուրգուրանք: Կարգապահութեան ոչ միայն լոկ կանոնական, այլ էապէս յեղափոխական բարոյական ըմբռնում:           Այսպէս բանաձեւուած է դաշնակցական …

Read More »

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ Պաքուի գորշ երկինքին տակ, անծանօթ դամբարանի մը մէջ կը հանգչի «հայ մարտական կազմակրպութեան ամենաընտիր նժոյգներէն» Սեբաստացի Մուրատ: Ան, որուն կեանքը անհաշիւ արիւնալի արկածներու շարք մը եղաւ Սեբաստիայէն Սասուն, Սամսուն, Երզնկա, Պոլիս, Զանգեզուր, Պոնտոս եւ մինչեւ Պաքու: Հ.Յ.Դաշնակցութեան ‎ֆետայական փաղանգի ընտրեալագոյն ներկայացուցիչներէն էր Սեբաստացի Մուրատը: 4 Օգոստոս 1918ին, ան …

Read More »

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ write an assignment Ընկերութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, բայց մարդիկ կը մնան նոյնը, հետեւաբար այն ինչ որ օգտակար եղած է ասկէ հարիւր կամ հազար տարի առաջ կրնայ այսօր ալ օգտակար հանդիսանալ: Փորձուած խրատը, ընդհանրապէս գործնական մեծ արժէք ունի: Այստեղ ընկերային կարողութիւններու վերաբերեալ 8 խորհուրդներ կան անցած 2500 …

Read More »

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն Ծրագիր, Աշխարհայեացք, Պատմափիլիսոփայութիւն Ամէն քաղաքական կուսակցութիւն կ՛ունենայ իր ծրագիրը, ուր կը ճշդէ իր աշխահայեացքը, այսինքն  մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին իր ըմբռնումը, կը սահմանէ ու կը հիմնաւորէ իր նպատակը, կը պարզէ իր ռազմագիտութիւնն ու ռազմավարութիւնը, եւ կը թուէ իր նպատակէն ու աշխարհայեացքէն բխող անմիջական պահանջները: Ամէն ծրագիր կ՛ունենայ իր …

Read More »

ՏԵԱՌԸՆԴԱՌԱՋ

ՏԵԱՌԸՆԴԱՌԱՋ Հայկական ժողովրդական հնագոյն տօներէն մէկն է Տէրն տէզը կամ  տըրն տէսը: Եկեղեցին տօնը կապած է քառասնօրեայ մանուկ Քրիստոսը տաճարին ընծայելու տօնին, ուր մարգարէութեան համաձայն Քրիստոսին պիտի ընդունէր Սիմէոն ծերունին, որուն խոստացուած էր հոգին չաւանդել մինչեւ Փրկիչը տեսնելը: Մեր բոլոր քրիստոնէական տօները առաւել կամ նուազ չափով կը կրեն ազդեցութիւնը հեթանոսական …

Read More »

ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ

ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ Ժողովուրդի ծոցէն ելած, ժողովուրդին մէջ սնած եւ իմաստաւորուած, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած յեղափոխական բացառիկ տիպար է Հրայր Դժոխքը: Հրայր Դժոխք, բուն անունով՝ Արմենակ Ղազարեան, ծնած է Սասունի Խուլբ գաւառի Ահարոնք գիւղը, 1866ին: Ինք տակաւին մանուկ էր, երբ ընտանիքով կը փոխադրուին Մշոյ դաշտի Ղըզըլաղաճ գիւղը: Հայրը ուսումնասէր քահանայ …

Read More »

ԳԼԽԱՑԱՒ

ԳԼԽԱՑԱՒ urticaria treatment Գլխացաւը բժշկական այցելութիւններուն ամէնէն յաճախակի դրդապատճառն է: Ան կը պատահի որեւէ տարիքի, առանց խտրութեան՝ գոյնի եւ սեռի: Գլխացաւը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ. ան դրսեւորումներ է զանազան հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր մարմնի զանազան հիւսուածքներու եւ օրկաններու անբնական աշխատանքին: Գլխացաւը նկարագրուած է զանազան ձեւերով եւ զանազան անուանումներով: 1-Ճնշումի գլխացաւ.- …

Read More »

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ Ա.Հ.Յ.Դ.-ի ծնունդը -1890 1890-ական թուականներու եռուզերը Թի‎ֆլիսի մէջ Շարժում դէպի գաւառներ Ծնունդ Հ.Յ.Դ.-ի Մուտք Հնչակեան կուսակցութեան Հ.Յ.Դ.-էն ներս (քանի մը շաբաթ միայն) Կուկունեանի արշաւանքը Բ.Առաջին Տարիները Գործունէութիւն Թուրքիոյ եւ Պասկաստանի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի առաջին գործարանի հիմումը Քաղաքական գործունէութիւն եւ մամուլ (թռուցիկ թերթերով) Հ.Յ.Դ.-ի մանիֆեստը 1890 …

Read More »

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ Ներածական Մեր յեղափոխական-ազատագրական շարժումը ստեղծող դէմքերէն անդին, պէտք է միշտ յիշել այն ժողովներն ու կազմակերպական մարմինները, որոնք կազմեցին դաշնակցութեան ենթակառոյցը: Արագ ձեւով պիտի ներկայացնենք այդ կազմակերպական կառոյցը իր պատմական հոլովոյթին ընդմէջէն: Սակայն փաստաթուղթերու մեծ մասը չէ հրատարակուած տակաւին եւ կամ գոյութիւն չունի, մանաւանդ մեր կուսակցութեան սկզբնական …

Read More »

ՓՈՔՐԱԾԱՒԱԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ՓՈՔՐԱԾԱՒԱԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ Սահմանում Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը տնտեսագիտութեան այն ճիւղն է, որ կը քննէ թէ ինչպէս անհատներ, տանտէրներ եւ հաստատութիւններ կը ճշդեն նիւթական չափաւոր աղբիւրներու գործածութիւնը առեւտուրի շուկաներուն մէջ: Այս մասնագիտութիւնը կը քննէ որոշումներու ու վարուելակերպի ազդեցութիւնը պահանջարկին ու առաջարկին վրայ, որոնք իրենց կարգին կ՛ազդեն գիներուն վրայ ու կ՛ազդուին անոնցմէ: Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը …

Read More »

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ             Ազատութիւն եւ ազատագրութիւն արտայայտութիւնները յաճախակի կրկնութեամբ հասարակ մակերեսայնութեան մը մէջ ինկած են: Ժամանակաւոր բաւարարութիւններ եւ կացութիւններ ազատականութեան անունին տակ, մարդոց նայուածքներու հիմնական արժանիքներէն վրիպած են երբեմն, հիմնուելով այն սահմանումին վրայ թէ ազատութիւնը կամովին ինքզինք հարազատ կացութեան մը ենթարկելու կարելիութիւնն է: Իրողութիւնը այն է, որ ենթակայական անհրաժեշտութիւնն …

Read More »

ՑՆՈՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՑՆՈՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ computer repair softwareԸնկերվարութեան հնագոյն պատկերացումը կը նկատենք հին Յունական առասպելներու մէջ, ի մասնաւորի Պղատոնի մօտ: Առաջին անգամ ընկերվարութեան մասին, այսինքն, համայնական սեփականութեան մասին կը խօսի Անգլիացի Թոմաս Մօրը (1473-1535) իր «Ուտոպիա» գործին մէջ: Անոր կը յաջորդէ Թոմասօ Քամբանէլա, իր «Արեւի Քաղաք» գործով (1568-1639) կը ներկայանայ իրաւազրկուածներու որպէս պաշտպան: …

Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ Արեւմտեան Հայաստանը 20րդ Դարու Սկիզբը 1-Ազատագրական շարժումներու ծաւալումը Առաքելոց վանքի կռիւը.- 1890ական թթ. սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի կազմակերպած հայերու զանգուածային ջարդերէն ետք կը թուէր, թէ արեւմտահայութիւնը ի վիճակը չէ դիմադրել օսմանեան բռնապետութիւնը եւ համակերպուած էր իր դրութեան հետ: Սակայն արեւմտահայութիւնը չէր լքած ազատագրելու գաղափարը: Երկիւղելով նոր …

Read More »

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ 1-Տեղաշարժերը գիւղատնտեսութեան մէջ Գիւղացիական բարեփոխումները.- Ակնառու դարձած էր ճորտատիրական Ռուսիոյ յետամնացութիւնը: Գահ բարձրացած Ալեքսանդր Բ. կայսեր մթնոլորտ նախապատրաստեց եւ 1861 թ. Փետրուար 16ի մանի‎ֆեստով վերացուց ճորտատիրութիւնը: Գիւղացին ճորտութենէն ազատելու ցարական մանի‎ֆեստը  մեծապէս նպաստեց երկրին մէջ կատարուած վարչական, դատական եւ զինուորական բարեփոխումներու աշխատանքին: Ցարական կառավարութիւնը …

Read More »