Recent Posts

ԿՈՏՈՅԻ ՀԱՃԻ

Տարօնցի դաշնակցական ղեկավար եւ ‎ֆետայի-խմբապետ Կոտոյի Հաճին կամ Յակոբ Կոտոյեան ծնած է Մուշ, 1868ին, ճակտի արդար քրտինքով բարեկեցիկ կեանք մը ապահոված ներկարար Գէորգի խաղաղ տան մէջ, որ կը նկատուէր թաղին առաջնակարգ բնակարաններէն մէկը: Յակոբի իսկական դաստիարակութիւնը կը սկսի Հայաստան աշխարհի ազատատենչ դպրոցին մէջ, երբ որսորդութեան սիրահար պատանին դիպուածով Արաբոյի ծանօթանալէ …

Read More »

ԳՈՅՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Այս նիւթը հետաքրքրած է հոգեբանները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեզ: Ուստի միշտ հարցուփորձի մէջ կը գտնենք մենքզմեզ… Վերջերս ամերիկացի գիտնական հոգեբան դոկտ. Սեղմըն Մարթըն կարգ մը փորձերէ եւ պրպտումներէ ետք ձեռք բերած է գոյներու դասաւորումով բժշկութեան կարելիութիւնը: Հաստատած ըլլալով, որ գոյները մեծ ազդեցութիւն ունին անձի մը ֆիզիքականին, հոգեկանին եւ տրամադրութեան վրայ: …

Read More »

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: Պայմանագիրը կնքուած է Փետրուար 10ին Թուրքմենչա գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Թաւրիզի մօտ: Ռուսաստանի կողմէն ստորագրեց Ի.Ֆ.Պասկնիչը, Պարսկաստանի կողմէն՝ Աբբաս Միրզան: Պայմանագրի մշակման մէջ մասնակցած էր Ա.Մ.Գրիբոյեդովը: Պայմանագիրը բաղկացած էր 16 յօդուածներէ, Պարսկաստանը պաշտօնապէս ճանցած …

Read More »

ՊԱՍՔԵՐԸ

Մեզի ծանօթ երկիրներու մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու մասին գիտնալը նոյնպէս կարեւոր է մեր ընդհանուր զարգացումին համար: Սպանիոյ մէջ ապրող Պասք (Basque) ժողովուրդը, եւ մանաւանդ անոր ԻԴԱ (ETA) կոչուած կազմակերպութիւնը արժանի են ճանաչումի: Սպանիոյ հիւսիսը եւ Ֆրանսայի aհարաւային շրջաններուն մէջ կ’ապրին պասքերը, որոնց ապրած շրջանը կը կոչուի Պասք (նահանգ): Միջին դարերէն սկսեալ, …

Read More »

Ցուցմունքներ Երկրաշարժի Վտանգներէն Պաշտպանուելու Համար

Երկրաշարժը բնական երեւոյթ մըն է, որ յաճախ կը պատահի երկրագունդի տարբեր շրջաններուն մէջ: Թէեւ երկրաշարժներուն մեծամասնութիւնը թեթեւ կ’ըլլայ ու մարդիկ նոյնիսկ չեն զգար զայն, բայց երբեմն ալ շատ զօրաւոր եւ քանդիչ կ’ըլլայ: Միջին Արեւելքի մէջ, վերջին տարիներուն, արձանագրուած են կարգ մը թեթեւ եւ զօրաւոր երկրաշարժներ: Այս կը նշանակէ, թէ՝ որեւէ …

Read More »

ՊԻԹԼԻՍՑԻ ՄՈՒՇԵՂ

«Սերոբի ընտիր զինուորներուն կարծես վիճակուած էր մէկիկ-մէկիկ հետեւելու իրենց վարպետին: Կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը հետապնդէր Մուշեղը, որ պիթլիսցի լինելով, շարունակ կ՛երթար կու գար այդ քաղաքը: «Եթէ այդ յանդուգն մարդը մէջտեղէն վերնար, այլեւս չափազանց դժուար պիտի ըլլար քաղաքին մէջ կազմակերպութիւնը պահպանել: Բացի այդ՝ Մուշեղը ժողովրդական հերոս էր եւ երկրորդ Սերոբ մը դառնալու …

Read More »

ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ Կուկունեանի արշաւանքը զէնքի միջոցով հայ ժողովուրդին պատիւը պաշտպանելու իր տեսակին մէջ առաջին փորձը կը հանդիսանայ: Այս յանդուգն փորձը արդիւնքը կարելի է նկատել 1880ական թուականներու մարտաշունչ խանդավառութեան, յատկապէս՝ Կովկասի հայութեան եւ ռուսական համալսարաններու հայ ուսանողութեան մօտ: Արդէն իսկ ծնունդ առած էին յեղափոխական միութիւններ, ինչպէս՝ «Միութիւն Հայրենասէրների»ն Ս.Փեթերսպուրկի …

Read More »

ԲԱԼԱՊԵԽ ԿԱՐԱՊԵՏ

Բալապեխ Կարապետ` Սերոբ Աղբիւրի ամէնէն նշանաւոր ֆետայիներէն մէկը, ահարկու կռուող էր եւ աններող հայութեան թշնամիներուն ու Դաշնակցութեան հակառակորդներուն հանդէպ: Հայաստան աշխարհի ամեհի լեռներուն պէս ըմբոստ, սարսափազդու, վճռական եւ ազնուական ֆետայի մը, այլ խօսքով՝ զտարիւն հայ մը եւ նոյնքան զտարիւն հաւատացեալ մը, որ մանուկի մը պէս կ՛ըլլար հեզ ու խոնարհ Սերոբի …

Read More »

ԽԱԹԱՒԻՆԻ ԵՒ ՋԱՂԱՑՔԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

19րդ դարու ‎ֆետայակաան շարժումի հերոսական դրուագներու շարքին կը պատկանին Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, որոնք հիմնովին յեղաշրջեցին քիւրտերու մօտեցումը հայկական յեղափոխութեան եւ ֆետայութեան հանդէպ: 1898ի աշնան մղուած այս կռիւներէն ետք, քիւրտերը տեսան, թէ անկարելի է ողջ-ողջ ձեռք ձգել հայ ֆետային: Անոնք անդրադարձան, որ դժուար է պարտութեան մատնել հայ ֆետային առանց բազմապատիկ …

Read More »

Գ.ԽԱԺԱԿ (ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԱԳԱԼԵԱՆ)

Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ՝ Գարեգին Խաժակ, ծնած է Ալեքսանդրապոլ 1868ին: Կանուխէն կը կորսնցնէ իր հայրը, իսկ մայրը չարքաշ աշխատանքով, իբրեւ լուացարարուհի կը հոգայ ընտանիքի ծախսերը, ապահովերլով զաւակին կրթութիւնը: Խաժակ նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը՝ մինչեւ 6րդ դասարանը: Նիւթական կարելիութիւն չ՛ունենար աւարտելու ճեմարանական …

Read More »

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

18 Փետրուար 1921… Հայկական համաժողովրդային շարժումը ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ մարդկային ու ազգային ոչ մէկ արժէք կը դաւանէր: Բանտերը խճողուած էին քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, շարքային քաղաքացիներով եւ գիւղացիներով, որոնք դատապարտուած էին կամ քրէական յանցանքներով եւ կամ հասարակական կարգը խախտելով, ունեցուածքը չյանձնելու եւ երկրի տէրերուն չհնազանդելու յանցանքով: …

Read More »

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (ԷԼԼԷՆ)

             Քրիստափոր հայ յեղափոխական շարժման առաջնորդն է: Կարելի է ըսել, որ ան կերտեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը: Տիրապետեց իր շրջապատին, մէկ դրօշի ներքեւ հաւաքեց ազատատենչ հայ մտաւորականութիւնը եւ մարտիկները: hives treatment Քրիստափորը ծնած է Գողթան պատմական գաւառի Վերին Ագուլիս աւանը, 1859 Հոկտ. 18ին: Հայրը սիրուած էր բոլոր գիւղացիներէն, որոնք զինք …

Read More »

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (2)

Դ)ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը,                                          կազմուեցաւ Թի‎ֆլիսի մէջ, 1890ին: Ան կը գտնուէր հաւաքական մէկ դրօշի տակ համախմբել Կովկասի թէ երկրի մէջ գործող յեղափոխական բոլոր կազմակերպութիւններն ու խումբերը, միասնական ճիգերով առաջ մղելու համար …

Read More »

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: Հայոց Պատմութեան մէջ կը յիշատակուին կէս կրօնական-հերձուածային բնոյթի, կէս ընկերային բնոյթի շարժումներ, ինչպէս ի մասնաւորի՝ 7րդ 9րդ դարերուն Պաւլիկեան շարժումը եւ 9-րդ 10-րդ դարերուն Թոնդրակեցիներու շարժումը: Գոյութիւն ունեցած են նաեւ քաղաքական հոսանքի եւ ազդեցութեան հակադրութիւններ …

Read More »

Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ)

Ակնունի ծնած է 1863ին Մեղրի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Թի‎ֆլիսի Ներսէսեան վարժարանը: Իր երիտասարդական շրջանի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Նախքան Դաշնակցութիւնը՝ Կովկասահայերու ազգային ձգտումներու արտայայտիչն էր Գր. Արծրունիի «Մշակ»ը, որուն շուրջ հաւաքուած էր յառաջդիմասէր մտաւորականութիւն մը: Խաչատուր Մալումեան կու գար այդ շրջանակէն, կրելով անոր անմիջական ազդեցութիւնը: Ակնունին թէեւ մասնակցած …

Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

Թէեւ մեր յեղափոխական շարժումի սկիզբէն մեր գլխաւոր դատը թրքական Հայաստանի ազատագրումն էր, բայց հայ ժողովուրդը գանգատներ ունէր նաեւ ռուսական բռնակալութեան դէմ, որ բացառիկ օրէնքներու ենթարկեր էր հայ տարրը, կը հալածէր հայ մշակոյթը՝ դպրոց, լեզու, մամուլ, գրականութիւն, մանաւանդ այն օրէն, երբ կովկասեան կառավարչապետի պաշտօնով Թի‎ֆլիսի մէջ բազմացաւ մոլեգին հայատեաց մը՝ իշխան …

Read More »

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔՆԵՐԸ

Չկան իրարու նման երեխաներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երեխայ առանձին անհատականութիւն է: Բայց կան որոշ յատկութիւններ, որոնք խումբ մը երեխաներ կը համախմբեն մէկ տեղ եւ ուրիշներ այլ տեղեր եւ անպայման կան ընդհանրութիւններ երեխաներու մէջ: Այսպէս օրինակ հոգեբանները երեխաները իրարմէ տարբերող յատկութիւններուն համաձայն, զանոնք կը բաժնեն չորս խումբերու, սանգվինիկ մանուկներ, ‎ֆ‎լեգմատիկ մանուկներ, մելանխոլիկ …

Read More »

ՅՈՎՆԱՆ ԴԱՒԹԵԱՆ (ՅՈՆԱՆ)

Դաշնակցութեան առաջին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր, գաղափարական հաստատ համոզմունքի եւ նկարագրի տէր: Մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ծրագրի պատրաստութեան: Վարած է քանի մը տարի «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը, անդամ եղած է կուսակցութեան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Բիւրօներուն: Յովնանը ծնած է 1865ին Շուշի: Տեղական ազգային վարժարաններէն ետք՝ կ՛աւարտէ նաեւ Ներսէսեան դպրոցը՝ 1886ին. կը հրաւիրուի Աստրախան՝ ուսուցչի …

Read More »

ՀԱՄՇԷՆԸ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ

Purchase Office 2010 Key Որոն՞ք են Համշէնահայերը- Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները կը բնակէին Սամսուն քաղաքին մէջ, Պաթում ընկած ծովափնեայ ընդաձակ տարածներուն մէջ: Պատմիչ Ղեւոնդի վկայութեամբ՝ 788 թ. Մեծ Հայքի Կոտայք եւ Արագածոտն գաւառներուն մօտ 12000 մարդ, չդիմանալով արաբական իշխանութեան ճնշումներուն, Աբաս Ամատունիի եւ անոր որդի Համամ Պալազատի գլխաւորութեամբ …

Read More »

ԽԱՆԸՄ ՔԵՐԹԵՆՃԵԱՆ (ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ)

Խանըմ Քերթենճեան, յեղափոխական ծածկանունով՝ Արմենուհի, նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուր‎ֆայի բողոքական վարժարանը, ապա աւարտած է Խարբերդի Ամերիկեան գոլէճը: Եղած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Կարմիր խաչի անդամ եւ դարձած կանանց զինավարժութեան առաջնորդն ու մարզական ջոկատներ կազմակերպողը: download ms office 2013 home and business Կարճ ժամանակի մէջ Ուրֆայի կանանց մէջ ղեկավար Խանըմ Քերթենճեան, …

Read More »