ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ արշաւանքներուն որոնք մեծ թիւով հայկական մշակութային ու գեղարուեստական արժէքներ ոչնչացուցած են: Ամէն պարագայի շուրջ 25.000 հին հայկական ձեռագրեր պահպանուած են ամբողջ աշխարհի մէջ, որոնց մեծ մասը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ պահուած են: Այժմ Մատենադարանի …
Read More »ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ 1800-ական թուականներուն, հայ ժողովուրդը, ըլլայ Տաճկահայաստանի ըլլայ Կովկասի մէջ, զարմանալի կերպով մտային եւ հոգեկան զարթօնք մը ունեցաւ, որ իր մէջ յառաջացուց ազգային գիտակցութիւնն ու հայրենասիրական ոգին: Այս զարթնումի պատճառները բազմաթիւ են ըլլայ քաղաքական կամ տնտեսական գետնի վրայ: Իբր արդիւնք այս շարժումին, հայ ժողովուրդը ծնաւ բազմաթիւ գրագէտներ, բանաստեղծներ ու …
Read More »ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ
ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ Այս դարու հանճարեղ, Microsoft-ի հիմնադիր, որուն հարստութիւնը հասաւ 100 պիլիոն տոլարի… ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ: Այս մեծ երեւոյթը սկսաւ պարզ գործով մը, միլիարներու ճամբան սկսաւ միտքով մը… Ի՞նչպէս Պիլ Կէյթս կրցաւ որոշել եւ իրագործել. Պիլ Կէյթս կը պնդէր իր դպրոցի ուսուցիչներուն, թէ երբ երեսուն տարեկան ըլլայ միլիոնատէր պիտի դառնայ: …
Read More »ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ
ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ 1-Ազատագրական շարժման հնդկահայ կեդրոնը Հայերը Հնդկաստանի մէջ 18-րդ դարու կէսերուն հայ ազատագրական շարժման մէջ սկսած են աշխաուժանալ հայ գաղթօճախները: Անոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ ունէր հնդկահայ գաղութը: Հնդկաստանի մէջ հայերը հաստատուած էին դեռեւս 16-17-րդ դարերուն եւ զբաղած էին գերազանցապէս վաճառականութեամբ: Հայկական խոշոր …
Read More »ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ 20-30-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒ 20-30-ԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ 1-Քաղաքական Դրութիւնը Անդրկովկասի մէջ Ռազմական ճամբարներու (սղնախներ) կազմաւորումը Պարսկաստանի մէջ յառաջացած քաղաքական խառնաշփոթութիւններէն օգտուելով՝ լեռնային լեզգիները ասպատակած էին Շիրուանի եւ Արցախի բնակավայրերուն մէջ: Այդ յարձակումներուն դիմագրաւելու համար Արցախի մելիքներու զինուած ջոկատները միաւորուած էին: Ոգեւորուած Ռուսական վերահաս արշաւանքի լուրերով՝ Արցախի հայ բնակչութիւնը տրամադրուած էր, զինական …
Read More »ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ 17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ 17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ Ազատագրական Պայքարի Նոր Փուլը (17-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ 18-րդ դարու առաջին կիսուն) 1-Ազատագրական պայքարի աշխուժացում Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի նախադրեալները: 17-րդ դարու երկրորդ կէսը Հայոց պատմութեան մէջ յատկանշուեցաւ ազգային ազատագրական պայքարով: Հայոց ազատագրական պայքարի …
Read More »ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՆՀԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ Այս բառը իր մէջ կը պարունակէ փիլիսոփայական եւ ընկերային երկու գաղափարներ, որոնք կը միանան շեշտելու համար անհատի գերակայութիւնը: Փիլիսոփայական գետնի վրայ անհատապաշտական վարդապետութիւնը բոլոր արժէքները կը ստորադասէ զուտ մարդկային արժէքին: Մարդն է տիեզերքի կեդրոնը՝ իր իմացութեան բանականութեամբ եւ տրամաբանութեամբ: Ամէն տեսակ կարելիութիւն եւ իրագործում արգասիքն է մարդ էակի իմացականութեան: …
Read More »ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12)
ՅԵՏ – ՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (12) Աղեքսանդրի մահէն վերջ Յունաստանի համար կը սկսի երկար քաղաքական խառնակութեան շրջան մը: -Սիթէները իրարու դէմ կ'ելլեն. հակամակեդոնական շարժումներ յառաջ կու գան. Սիթէներու մէջ անկայուն քաղաքական վիճակ մը կը տիրէ. զանազան կուսակցութեանց մէջ բուռն հակառակութիւններ կը ծագին, եւ այլն: Այս կացութենէն կ'ազդուի նաեւ իմաստասիրական մտածումը: Պղատոնի …
Read More »ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11)
ԱՐԻՍՏՈՏԷԼ Aristotle ( 384 -322 ) (11) Կեանքը Ծնած է Թրակիոյ Սթակիր քաղաքին մէջ 384-ին: Սթակիր քաղաքը յոյն գաղութ մըն էր և Արիստոտել ալ յոյն մը: Հայրը՝ Նիկոմաքոս' բժիշկն էր Մակեդոնիոյ թագաւորին: Մայրը Խալքիս կղզիէն էր: Կանուխէն կորսնցուցած է հայրը: Արիստոտէլ 18 տարեկանին Աթէնք կ'երթայ եւ կ'աշակերտի Պղատոնի՝ Ակադեմիայի մէջ՝ …
Read More »ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)
ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ Plato ( 428 – 347 Ն. Ք. ) Պղատոն եղած է ոչ միայն յունական, այլ նաեւ բոլոր ժամանակներու մարդկութեան մեծագոյն խորհողներէն մէկը: Կը տեսնենք որ մինչեւ այսօր տակաւին իմաստասիրութիւնը անսպասելի կերպով մը իրեն կը դառնայ. օրինակ այսօրուան Գերմանական Երեւութաբանութիւնը (Phenomenology): Պղատոն մարդկային մտքին էական ըմբռնողութիւններէն մէկը …
Read More »