Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր երեւոյթներէն է քրիստոնէութեան տարածումը մեր երկրին մէջ եւ նոր հոսանքի ընդունումը, որպէս պետական կրօն: Բնականաբար այդ իրողութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Արցախ աշխարհը եւ միանգամայն նոր հուն ստեղծեցին մեր ժողովուրդի այդ հատուածի պատմական ճակատագրի վրայ: Ինչպէս յայտնի է, քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան Թադէոս առաքեալի կողմէ: Երբ …
Read More »Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները
Թեւակոխած ենք ու անցած հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակը, հարկ է մեզի վերապահել զգացական երեւոյթները եւ որպէս մղիչ ուժ միջազգային հանրութեան ներկայանալ վաւերական եւ փաստացի հիմքերով: Հարկ է փնտռել բարոյական կորուստին հետ զուգահեր հայկական տնտեսական կորուստը ու զայն մեկնակէտ ընդունելով անցնիլ պահանջատիրական պայքարին: Լուսարձակի տակ պէտք է ձգել …
Read More »Ղեկավարութեան Արտաքին Յարաբերութիւնները
Արտաքին յարաբերութիւնները ղեկավարութեան մը կիրարկած գործողութիւններն են, որոնք կը հիմնուին ղեկավարութեան պարտականութիւններուն եւ յատկութիւններուն վրայ: Ունին երկու բաժին՝ մասնակի եւ ամբողջակի: Մասնակին կ’ընդգրկէ ներքին խնդիրները, իսկ ամբողջակին՝ լրացնելէ ետք ներքին կազմուածքը, կ’անցնի ուղղակի եւ ըստ կարիքի պահանջուած յարաբերութեան: Արտաքին յարաբերութիւնները արդի ղեկավարութեան գիտութիւններու մէկ մասնիկն են, բոլոր կիրարկումները …
Read More »Մարքս եւ Ընկերվարութեան Առաջնորդող Ուղին
Մարքսի իմաստասիրական աշխարհահայացքէն՝ տրամախոհական նիւթապաշտութեան տեսութենէն կը բխի ընկերվարութիւնը առաջնորդող ուղին Մարքսի պատկերացումը: Ամէն ընկերվարական հոսանք անպայման չի բաժներ տրամախոհական նիւթապաշտութեան մարքսական տեսակէտերն ու հիմնաւորումները: Ոմանք ամբողջութեամբ կը հակադրուին անոնց: Աւելին ընկերվարութեան առաջնորդող ուղիին, իրենց պատկերացման մէջ, անոնք յաճախ կը հակադրուին մարքսի պատկերացումին: Պատմական նիւթապաշտութիւնը, որ …
Read More »Յեղափոխական Հայուհիներ
«Այն անձը որ իր երիտասարդութեան շրջանին ամուր կերպով չէ կապուած որեւէ մեծ եւ օգտակար գործի, պէտք է ընդունի որ իր երիտասարդութիւնը կորսնցուցած է անարժէք կերպով, որքան ալ այդ երիտասարդութեան շրջանին ունեցած ըլլայ ուրախ եւ քաղցր օրեր»: Այս խօսքերը կը պատկանին յեղափոխական հայ կնոջ մը՝ Դարիա Գոլոշեանին: Ինչպէս …
Read More »Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները
Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս հազարամեակներ: Հնդեւրոպացիներու մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը տնտեսական եւ քաղաքական գործօններու ազդեցութեամբ համախմբուած եւ կազմաւորուած են իբրեւ ժողովուրդ, ըստ երեւոյթին, մ.թ.ա. երրորդ – երկրորդ հազարամեակներուն: Հասկնալի է, որ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է ոչ …
Read More »Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ
Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու մէջ կան էական նմանութիւններ: Ուստի, մասնագէտները լեզուները պայմանականօրէն բաժնած են խոշոր լեզուաընտանիքներու եւ անոնց մէջ դասակարգած՝ նաեւ առաւել մօտիկ լեզուները, իբրեւ տուեալ լեզուաընտանիքի առանձին լեզուաճիւղերը: Աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն մէկը կ’անուանեն հնդեւրոպական, որովհետեւ անոր մէջ …
Read More »Ազգի Ըմբռնումը
Ազգը մարդկային պատմութեան ամէնահին շրջաններուն իսկ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է, սակայն ընկերաբանները չեն անդրադարձած անոր եւ որեւէ վերլուծումներ կամ ուսումնասիրու-թիւններ չեն ըրած 19րդ դարէն առաջ: Կարգ մը ընկերաբաններու կողմէ ազգ կամ ժողովուրդ ըմբռնումները ժխտելի դարձած են իսկ՝ ուրիշներու քով անհասկնալի, իսկ ոմանք բացատրած են որպէս հոմանիշներ, սակայն …
Read More »Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918) Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. իւրաքանչիւր պետութիւն գաղտնաբար պատերազմի կը պատրաստուէր, զինակցութիւններ կը կազմէր: Զինակցած էին Գերմանիա, Աւստրիա, եւ Իտալի. համաձայնած էին Ռուսիա, Անգլիա, եւ Ֆրանսայ: Եւրոպա այս գրգռուած վիճակին մէջ էր, երբ 1914 Յունիսին Պոսնիոյ մայրաքաղաք՝ Սարայեւոյի մէջ …
Read More »Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը
Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու ընկալելուն որպէս իր էութիւնը: Ինքնաօտարացած մարդը այն անհատն է, որ հեռացած է իր մարդկային արմատներէն: Այդ կը կատարուի այն ժամանակ, երբ մարդը կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ կամ մշակութային պատճառներով այլեւս ինքնիր հետ կախում չունի …
Read More »