1877-1878ին, Ռուս-թրքական պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: Պատերազմի ընթացքին հայկական նահանգներու հայութիւնը ենթարկուեցաւ կոտորածներու. հայութիւնը վատ վիճակի մէջ էր: Թուրքիոյ պարտութեան լոյսին ներքեւ՝ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը՝ 1878ի Մարտ 3ին: Այս դաշնագրին որպէս արդիւնք անկախացաւ Պուլկարիան: Հայ ազգին եւ Հայաստանին վերաբերող հարցերուն՝ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը անդրադարձաւ …
Read More »Հայկական հարցը եւ Արեւելեան հարցը, Ռուսական Կայսրութեան երեւումը Անդրկովկասի մէջ
Արեւելեան հարց ըսելով պէտք է հասկնալ 18-19 րդ դարերուն Ռուսական Կայսրութեան եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւններու ուժի ընդարձակման եւ զօրացման հետ զուգահեռ, Օսմանեան Կայսրութեան տկարացման երեւոյթը՝ թէ՛ զինուորական, քաղաքական առումներով, թէ՛ քաղաքակրթական առումով: Այդ օրերուն արդի աշխարհը չէր ուզեր ընդունիլ այլեւս Օսմանեան Կայսրութեան նման յետամնաց եւ վայրագ կայսրութեան մը տիրապետումը աշխարհագրական հսկայ …
Read More »ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԹՕՆՔԸ
18րդ դարու կէսէն մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը ականատես պիտի ըլլանք հայ ազգային գիտակցութեան զարթօնքի մը: Ի՞նչ էին այդ զարթօնքին պատճառները: ա-Օսմանեան կայսրութեան ճնշուածութիւնը Աւստրօ Հունգարիա¬Ռուսաստան հակամարտութեան որպէս արդիւնք: բ-Արեւմուտքի դերը եւ Ռուսիոյ երեւումը Անդրկովկասի մէջ: գ-Հայ Եկեղեցւոյ դերը: դ-Հայ մտաւորական շարժումը եւ կրթական հաստատութիւնները: ե-Մխիթարեան շարժումը: ա.Արեւմուտքի դերը 18րդ դարուն …
Read More »ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
16րդ դարէն սկսեալ Հայաստան անցաւ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Օսմանեան թուրքերը կիրարեցին Բիւզանդիոնի Վարչական դրոյթները, սակայն անոնց նման հանդուրժող չեղան: Անոնց վարչական դրոյթը բնորոշուեցաւ անհանդուրժողականութեամբ եւ փտածութեամբ: Այս մէկը շատ ծանր կշռեց մանաւանդ քաղաքակրթութիւն ճանչցած ժողովուրդներուն համար, որոնք ենթարկուեցան այս լուծին (օրինակ Հայաստանը): Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ …
Read More »ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ 10ՐԴ ԴԱՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ՝ ԱՆԻ
Այս շրջանին Հայաստան պատուար մըն էր Բիւզանդական կայսրութեան (արեւմուտքէն) եւ Պարսկական Կայսրութեան (Արեւելքէն) միջեւ: 10րդ դարուն նոր երեւոյթ մը եկաւ շրջելու ամբողջ շրջանի պատմութիւնը: Այդ եղաւ թուրանական ցեղերու արշաւանքները դէպի Փոքր Ասիա եւ Միջագետք (սելճուք թուրքեր, մոլկոլներ, օսմանցի թուրքեր, թիւրքմէններ): Սելճուք թուրքերը 1040 թուին տիրացան Պարսկաստանին՝ Մարւի ճակատամարտով, սակայն չկրցան …
Read More »ՀԱՅ ԴԱՏԸ
Հայ Դատը՝ հայ ազգի կողմէ իր պատմական հայրենիքին մէջ, իր սեփական պետականութեամբ, ինքնիշխան եւ ազատ ապրելու համար մղուող պայքարն է, նուիրագործելու համար իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ: -Ազգը մարդկային հաւաքականութիւններու կամ խումբերու ամենակազմակերպուած եւ զարգացած մակարդակն է: Մարդկութիւնը անցած է երկար ճանապարհէ, հասնելու համար «ազգ»ին (տոհմ, ցեղ, եւ այլն): …
Read More »ՊԱՏԻԺ-ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Գնահատանքը աշակերտներու կամ խմբակի մը վարքի ու գործունէութեան հասարակական գնահատման արտայայտութիւնն է: Ապրելով բաւարարուածութեան զգացումը, դպրոցականը կը զգայ կայտարութիւն, վստահութիւն իր սեփական ուժերուն եւ յետագայ յառաջընթացքին նկատմամբ: Կարելի չէ ենթադրել թէ՝ խրախուսանք ու գնահատանքը միշտ օգտակար են: Գնահատանքի դաստիարակչական նշանակութիւնը կ՛աճի երբ ան իր մէջ կը բովանդակէ ոչ միայն արդիւնքի …
Read More »ՔԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ՈՒՆԻՆ ՀԱՅԵՐԸ
Ըստ մեզի հասած տուեալներուն, հայերը ունեցած են երեք նոր Տարի, որոնք կոչուած են՝ Ամանոր, Նաւասարդ կամ Կաղանդ: Ժամանկին, մեր նախնիները Նոր Տարին կը դիմաւորէին Մարտ 21-ին, գարնանային գիշերահաւասարի օրը: Այդ մէկը պատահական ընտրութիւն չէր: Այդ հեռաւոր ժամանակներուն, hայ քուրմերը իրենց բազմամեայ դիտարկումներով նկատի առած են, որ բնութիւնը յարութիւն կ’առնէ գարնան …
Read More »ՍԻՍ
Սիսը Դաշտային Կիլիկիոյ քաղաքներէն է: Անունը սեմական ծագում ունի եւ արամերէն կը նշանակէ քահանայ, կրօնաւորների բնակատեղի: Հնագոյն ժամանակներուն Սիսը ենթարկուած էր Հռոմին, ապա Բիւզանդիոյ: 5-6-րդ դարերուն ան յաճախ յիշատակուած է հռոմէական եւ բիւզանդական աղբիւրներուն մէջ: 8-րդ դարասկզբին քաղաքը նուաճած են արաբները: Այդ ժամանակաշրջանի մասին գրող արաբ հեղինակները կը վկայեն, որ …
Read More »ՆԵՒՐՈՒԶԻ ԵՒ ԽԱՆԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԿՌԻՒԸ
1904ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903ի աշնան, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ իր պատմութեան մեծագոյն զինատար խումբին կազմութեան, ձեւաւոր եւ հետեւակ գունդերով: Ձիաւոր գունդը կը գլխաւորէ Խանը, իսկ հետեւակը՝ Նեւրուզը: …«Հրացանները ուսերին, Դրօշակը պարզել էին, Գնում էին ուրախ զուարթ, Ազատութիւն երգում էին»: Ձեռնարկը կը նպատակադրէ.- -Պարենաւորել երկու …
Read More »