Home / admin (page 7)

admin

ԿՈՏՈՅԻ ՀԱՃԻ

Տարօնցի դաշնակցական ղեկավար եւ ‎ֆետայի-խմբապետ Կոտոյի Հաճին կամ Յակոբ Կոտոյեան ծնած է Մուշ, 1868ին, ճակտի արդար քրտինքով բարեկեցիկ կեանք մը ապահոված ներկարար Գէորգի խաղաղ տան մէջ, որ կը նկատուէր թաղին առաջնակարգ բնակարաններէն մէկը: Յակոբի իսկական դաստիարակութիւնը կը սկսի Հայաստան աշխարհի ազատատենչ դպրոցին մէջ, երբ որսորդութեան սիրահար պատանին դիպուածով Արաբոյի ծանօթանալէ …

Read More »

ԳՈՅՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Այս նիւթը հետաքրքրած է հոգեբանները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մեզ: Ուստի միշտ հարցուփորձի մէջ կը գտնենք մենքզմեզ… Վերջերս ամերիկացի գիտնական հոգեբան դոկտ. Սեղմըն Մարթըն կարգ մը փորձերէ եւ պրպտումներէ ետք ձեռք բերած է գոյներու դասաւորումով բժշկութեան կարելիութիւնը: Հաստատած ըլլալով, որ գոյները մեծ ազդեցութիւն ունին անձի մը ֆիզիքականին, հոգեկանին եւ տրամադրութեան վրայ: …

Read More »

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: Պայմանագիրը կնքուած է Փետրուար 10ին Թուրքմենչա գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Թաւրիզի մօտ: Ռուսաստանի կողմէն ստորագրեց Ի.Ֆ.Պասկնիչը, Պարսկաստանի կողմէն՝ Աբբաս Միրզան: Պայմանագրի մշակման մէջ մասնակցած էր Ա.Մ.Գրիբոյեդովը: Պայմանագիրը բաղկացած էր 16 յօդուածներէ, Պարսկաստանը պաշտօնապէս ճանցած …

Read More »

ՊԱՍՔԵՐԸ

Մեզի ծանօթ երկիրներու մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու մասին գիտնալը նոյնպէս կարեւոր է մեր ընդհանուր զարգացումին համար: Սպանիոյ մէջ ապրող Պասք (Basque) ժողովուրդը, եւ մանաւանդ անոր ԻԴԱ (ETA) կոչուած կազմակերպութիւնը արժանի են ճանաչումի: Սպանիոյ հիւսիսը եւ Ֆրանսայի aհարաւային շրջաններուն մէջ կ’ապրին պասքերը, որոնց ապրած շրջանը կը կոչուի Պասք (նահանգ): Միջին դարերէն սկսեալ, …

Read More »

Ցուցմունքներ Երկրաշարժի Վտանգներէն Պաշտպանուելու Համար

Երկրաշարժը բնական երեւոյթ մըն է, որ յաճախ կը պատահի երկրագունդի տարբեր շրջաններուն մէջ: Թէեւ երկրաշարժներուն մեծամասնութիւնը թեթեւ կ’ըլլայ ու մարդիկ նոյնիսկ չեն զգար զայն, բայց երբեմն ալ շատ զօրաւոր եւ քանդիչ կ’ըլլայ: Միջին Արեւելքի մէջ, վերջին տարիներուն, արձանագրուած են կարգ մը թեթեւ եւ զօրաւոր երկրաշարժներ: Այս կը նշանակէ, թէ՝ որեւէ …

Read More »

ՊԻԹԼԻՍՑԻ ՄՈՒՇԵՂ

«Սերոբի ընտիր զինուորներուն կարծես վիճակուած էր մէկիկ-մէկիկ հետեւելու իրենց վարպետին: Կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը հետապնդէր Մուշեղը, որ պիթլիսցի լինելով, շարունակ կ՛երթար կու գար այդ քաղաքը: «Եթէ այդ յանդուգն մարդը մէջտեղէն վերնար, այլեւս չափազանց դժուար պիտի ըլլար քաղաքին մէջ կազմակերպութիւնը պահպանել: Բացի այդ՝ Մուշեղը ժողովրդական հերոս էր եւ երկրորդ Սերոբ մը դառնալու …

Read More »

ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ Կուկունեանի արշաւանքը զէնքի միջոցով հայ ժողովուրդին պատիւը պաշտպանելու իր տեսակին մէջ առաջին փորձը կը հանդիսանայ: Այս յանդուգն փորձը արդիւնքը կարելի է նկատել 1880ական թուականներու մարտաշունչ խանդավառութեան, յատկապէս՝ Կովկասի հայութեան եւ ռուսական համալսարաններու հայ ուսանողութեան մօտ: Արդէն իսկ ծնունդ առած էին յեղափոխական միութիւններ, ինչպէս՝ «Միութիւն Հայրենասէրների»ն Ս.Փեթերսպուրկի …

Read More »

ԲԱԼԱՊԵԽ ԿԱՐԱՊԵՏ

Բալապեխ Կարապետ` Սերոբ Աղբիւրի ամէնէն նշանաւոր ֆետայիներէն մէկը, ահարկու կռուող էր եւ աններող հայութեան թշնամիներուն ու Դաշնակցութեան հակառակորդներուն հանդէպ: Հայաստան աշխարհի ամեհի լեռներուն պէս ըմբոստ, սարսափազդու, վճռական եւ ազնուական ֆետայի մը, այլ խօսքով՝ զտարիւն հայ մը եւ նոյնքան զտարիւն հաւատացեալ մը, որ մանուկի մը պէս կ՛ըլլար հեզ ու խոնարհ Սերոբի …

Read More »

ԽԱԹԱՒԻՆԻ ԵՒ ՋԱՂԱՑՔԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

19րդ դարու ‎ֆետայակաան շարժումի հերոսական դրուագներու շարքին կը պատկանին Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, որոնք հիմնովին յեղաշրջեցին քիւրտերու մօտեցումը հայկական յեղափոխութեան եւ ֆետայութեան հանդէպ: 1898ի աշնան մղուած այս կռիւներէն ետք, քիւրտերը տեսան, թէ անկարելի է ողջ-ողջ ձեռք ձգել հայ ֆետային: Անոնք անդրադարձան, որ դժուար է պարտութեան մատնել հայ ֆետային առանց բազմապատիկ …

Read More »

Գ.ԽԱԺԱԿ (ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԱԳԱԼԵԱՆ)

Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ՝ Գարեգին Խաժակ, ծնած է Ալեքսանդրապոլ 1868ին: Կանուխէն կը կորսնցնէ իր հայրը, իսկ մայրը չարքաշ աշխատանքով, իբրեւ լուացարարուհի կը հոգայ ընտանիքի ծախսերը, ապահովերլով զաւակին կրթութիւնը: Խաժակ նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը՝ մինչեւ 6րդ դասարանը: Նիւթական կարելիութիւն չ՛ունենար աւարտելու ճեմարանական …

Read More »