Մարքսի իմաստասիրական աշխարհահայացքէն՝ տրամախոհական նիւթապաշտութեան տեսութենէն կը բխի ընկերվարութիւնը առաջնորդող ուղին Մարքսի պատկերացումը: Ամէն ընկերվարական հոսանք անպայման չի բաժներ տրամախոհական նիւթապաշտութեան մարքսական տեսակէտերն ու հիմնաւորումները: Ոմանք ամբողջութեամբ կը հակադրուին անոնց: Աւելին ընկերվարութեան առաջնորդող ուղիին, իրենց պատկերացման մէջ, անոնք յաճախ կը հակադրուին մարքսի պատկերացումին: Պատմական նիւթապաշտութիւնը, որ …
Read More »Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները
Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս հազարամեակներ: Հնդեւրոպացիներու մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը տնտեսական եւ քաղաքական գործօններու ազդեցութեամբ համախմբուած եւ կազմաւորուած են իբրեւ ժողովուրդ, ըստ երեւոյթին, մ.թ.ա. երրորդ – երկրորդ հազարամեակներուն: Հասկնալի է, որ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է ոչ …
Read More »Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ
Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու մէջ կան էական նմանութիւններ: Ուստի, մասնագէտները լեզուները պայմանականօրէն բաժնած են խոշոր լեզուաընտանիքներու եւ անոնց մէջ դասակարգած՝ նաեւ առաւել մօտիկ լեզուները, իբրեւ տուեալ լեզուաընտանիքի առանձին լեզուաճիւղերը: Աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն մէկը կ’անուանեն հնդեւրոպական, որովհետեւ անոր մէջ …
Read More »Ազգի Ըմբռնումը
Ազգը մարդկային պատմութեան ամէնահին շրջաններուն իսկ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է, սակայն ընկերաբանները չեն անդրադարձած անոր եւ որեւէ վերլուծումներ կամ ուսումնասիրու-թիւններ չեն ըրած 19րդ դարէն առաջ: Կարգ մը ընկերաբաններու կողմէ ազգ կամ ժողովուրդ ըմբռնումները ժխտելի դարձած են իսկ՝ ուրիշներու քով անհասկնալի, իսկ ոմանք բացատրած են որպէս հոմանիշներ, սակայն …
Read More »Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918) Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. իւրաքանչիւր պետութիւն գաղտնաբար պատերազմի կը պատրաստուէր, զինակցութիւններ կը կազմէր: Զինակցած էին Գերմանիա, Աւստրիա, եւ Իտալի. համաձայնած էին Ռուսիա, Անգլիա, եւ Ֆրանսայ: Եւրոպա այս գրգռուած վիճակին մէջ էր, երբ 1914 Յունիսին Պոսնիոյ մայրաքաղաք՝ Սարայեւոյի մէջ …
Read More »Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը
Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու ընկալելուն որպէս իր էութիւնը: Ինքնաօտարացած մարդը այն անհատն է, որ հեռացած է իր մարդկային արմատներէն: Այդ կը կատարուի այն ժամանակ, երբ մարդը կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ կամ մշակութային պատճառներով այլեւս ինքնիր հետ կախում չունի …
Read More »Հայ Ազգի Հոլովոյթը 7-րդ Դարէն Ետք
Հայաստանը՝ Արաբական Ազդեցութեան Շրջանին.- 7-րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ Արաբները մուտք գործեցին Հայկական բարձրավանդակ եւ այնուհետեւ շուրջ չորս դար, Հայաստանը մնաց ենթակայ արաբական ազդեցութեան: Աւելի ճիշդ՝ ան կռուախնձոր հանդիսացաւ բիւզանդական եւ արաբական կայսրութեան միջեւ: Մէկ բան որոշ է սակայն, այն՝ որ Արաբները, որոնք իրենց քաղաքակրթութեան, Կրօնքին, երբեմն նաեւ ենթարկեցին բազմաթիւ հզօր …
Read More »Հայ Ազգի Հոլովոյթը Մինչեւ 7-րդ Դար
1.- Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորման Շրջանը.- Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ուրարտուի պետութեան անկումը երկարող շուրջ երկու հազար տարուան շրջանը, հայ ժողովուրդի աստիճանական կազմաւորման շրջանն է: Հայկական Բարձրավանդակի, Տիքրիսի եւ Եփրատի վերին հովիտներուն, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի զանազան շրջաններուն մէջ միաժամանակ ապրած կամ իրարու յաջորդած ցեղային միութիւնները, ոմանք ազիանիկ ծագումով, ոմանք …
Read More »Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ
Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին: Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ …
Read More »«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ
Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք: Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, …
Read More »