Home / Ա / Նիւթեր (page 3)

Ա / Նիւթեր

Պատմութեան Ընթացքին Պատահած Երկրաշարժներ Հայաստանի Մէջ

             Հայաստան իր դիրքով լեռնային երկիր մը եղած է: Անիկա Սեւ, Կասպիծ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ գտնուելով, կազմած է տեսակ մը լեռնակղզի: Հայաստան լեռնադաշտ մըն է, զոր եւրոպացիները կոչած են ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ:                 Հայաստանի լեռներէն շատերը հրաբուխ եղած են ժամանակին, բայց այսօր անոնք մարած են …

Read More »

Զարգացում, Ազատութիւն եւ Գիտակցուած Պատասխանատուութիւն

        Ազատութիւնը կը մնայ գլխաւոր առանցք զարգացած եւ մշակուած մարդու մտածումներուն, խօսքին, աշխարհահայացքին, մտաթռիչքներուն, երազներուն, անծանօթ հորիզոններ արշաւելու եւ նուաճելու փորձերուն, հեռանկարներուն…: Անոր համար ազատութեան ձգտումը, հոգեմտաւոր կաշկանդումներէ ձերբազատումը շատ աւելի կը նշանաւորուին քան ինքնութեան որոնումը, ինքնաճանաչողութիւնը:          Պարզ բացատրութեամբ՝ զարգացումը կը մնայ անկատար եւ ապազդեցիկ առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը՝ …

Read More »

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի գործածութեան շուրջ, Ծիծեռնակաբերդի մէջ մեր նահատակներուն յիշատակի անմար կրակը կը շարունակէ բոցավառիլ: Հայութեան համար այս դատը ունի երկու երես՝ զգացական եւ գիտական: Անկարելի է, որ հայ մը ցեղասպանութիւն բառը լսելով չընդվզի, չալեկոծի անոր հոգին, չտառապի …

Read More »

Ինքնավստահութիւն

  Ինքնավստահութիւնը անձին այն զգացումն է իրեն արժէքը գիտնալու իր շուրջիններուն մէջ: Ինքնավստահ անձը կը վարուի բնականապէս առանց մտահոգութեան կամ վախի: Իր վարմունքներուն ինքն է որ կ’իշխէ անոնց վրայ եւ ոչ թէ ուրիշը: Անոր հակառակը անինքնավստահութիւնն է, որ կը ձգէ անձը վարուի եւ կարծէս թէ քննութեան տակ է բոլոր շուրջիններուն …

Read More »

Ամփոփ Ժամանակագրութիւն Արցախեան Պայքարի՝ Մինչեւ Պաշտօնական Զինադուլ

1988 թ. Փետրուարին հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ոտքի ելաւ յանուն պատմական արդարութեան, արժանավայել ներկայի եւ փայլուն ապագայի: Սկզբնական շրջանին շարժումը ունէր խաղաղ եւ աղերսական բնոյթ. հայերը կոչերով, նամակ ուղերցներով, խորհրդարանական կառավարական որոշումներով եւ բազմաթիւ փաստաթուղթերով աշխարհին կը դիմեն վերանայելու գործուած պատմական սխալին եւ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը: Այսպէս 20 Փետրուարին …

Read More »

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: Եղած է համեստ ընտանիքի մը զաւակը: Յաճախած է տեղւոյն վարժարանը, հազիւ քանի մը տարի ապա կը ձգէ դպրոցը ու կը զբաղի խաշնարածութեամբ, իր ազատ ժամերը տրամադրած է ատաղձագործութեան: Հազիւ Երիտասարդ՝ ամուսնացած էր հայկական տոհմիկ սովորութեան …

Read More »

1917-1920 ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1917ի Փետրուարին Ռուսաստանի մէջ յեղափոխութիւն պայթեցաւ: Սկզբնական շրջանին յեղափոխութիւնը ունէր ազատական եւ ընկերվարական մղումներ: Յեղափոխութեան լոյսին տակ Սան Փեթերսպուրկի մէջ կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն Կիրենսքիի գլխաւորութեամբ: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Ռուսիան պատերազմի մէջ դաշնակիցներու կողքին պահեց: Կառավարութիւնը կը միտէր ռուսական կայսրութիւնը օժտել ժողովրդավարական կարգերով: Յեղափոխութիւնը կայսրութեան ոչ ռուս ժողովուրդներուն խոստացաւ ինքնավարութիւն տալ, նոյնիսկ …

Read More »

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

Երբ կը գործադրուէր հայոց ցեղասպանութիւնը՝ ցեղասպանութիւն յղացքը դեր գոյութիւն չունէր: Այս բառը առաջին անգամ գործադրուեցաւ հրեայ ծագումով լեհ, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ եւ իրաւաբան ՌաՖայէլ Լեմկինի կողմէ 1944ին, իր հրատակարած մէկ ուսումնասիրութեան մէջ: Բառի կազմութիւնը Genocide բարդ բառ մըն է կազմուած Genos յունական բառէն, որ կը նշանակէ ցեղ կամ ազգ եւ …

Read More »

ՀԱՄԱԹՈՒՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՄԱԹՐՔՈՒԹԻՒՆ

Ա.համաշխարհային պատերազմի նախօրէին երկու մեծ նպատակներ կը տիրապետէր թրքական քաղաքականութեան վրայ.- Համաթրքութիւն,  որ կը նշանակէ ձուլել ոչ թուրք բնակչութիւնը թրքութեան մէջ: Համաթուրականութիւն, որ կը նշանակէ թուրանական բոլոր ժողովուրդներու միացում «Մեծ Թուրքիոյ» մէջ, ԲոսՖորէն Կեդրոնական Ասիա: Բանաստեղծ՝ Ձիա կէօք Ալփ եւ տեսաբան՝ Թէքին Ալփ ջատագովները կ‏’ըլլան այս գաղափարներուն, որ մեծ տեղ …

Read More »

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա.ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Ապտուլ Համիտ Բ.ը ոչ միայն ոչ թուրքերու, այլ թուրքերու կողմէ սկսած էր մերժելի դառնալ: Փարիզի մէջ հաստատուած Ահմէտ Ռիզաի շուրջ կը հաւաքուէին այլախոհ տարրեր, «Երիտասարդ Թուրքերու շարժում» անունով: Երբ Սապահէտտին իշխանը կը կազմէ «Ազատական» կուսակցութիւնը, Երիտ Թուրքերը կը ստեղծեն «Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը, կեդրոն ունենալով՝ Սելանիկը: Այս շարժումը հետզհետէ հետեւորդներ …

Read More »