Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական

Պատմական

Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը

Բառարանային պարզ բացատրութեամբ թարգմանել կը նշանակէ «վերածել զբանն ի միոյ լեզուէ յայլ», նաեւ կը նշանակէ «մեկնել, ճառել, պատմել»: Ուրեմն հայ գիրերու ստեղծումէն (405թ.) անմիջապէս յետոյ, հայկական ինքնուրոյն գրականութեան բազմակողմանի զարգացման հետ զուգահեռ, Հայաստանի մէջ բուռն թափով կը սկսի զարգանալ նաեւ թարգմանական գրականութիւնը, որուն մշակութային արժէքը, ինչպէս ճիշդ կերպով կը նշեն …

Read More »

Հայ Գիրերու Ստեղծման Պատմաքաղաքական Դրդապատճառները

Մեսրոպ Մաշտոց հմտացած է յատկապէս յունարէն եւ ասորերէն լեզուներու մէչ, ապա ծառայութեան մտած է Վաղարշապատի արքունի Դիւանատունը՝ զինուորական քարտուղարի պաշտօնով: Այստեղ պալատական գրատուներուն եւ մատենադարաններուն մէջ՝ երիտասարդ Մեսրոպ Մաշտոցը կարելիութիւն ունեցած է աւելի խորացնելու իր գիտելիքները: Նաեւ Վաղարշապատի մէջ է որ Մեսրոպ Մաշտոց դարձած է հոգեւորական եւ 390ական թուականներու սկիզբները՝ …

Read More »

Արցախը Մինչեւ 1920

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կարեւոր երեւոյթներէն է քրիստոնէութեան տարածումը մեր երկրին մէջ եւ նոր հոսանքի ընդունումը, որպէս պետական կրօն: Բնականաբար այդ իրողութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Արցախ աշխարհը եւ միանգամայն նոր հուն ստեղծեցին մեր ժողովուրդի այդ հատուածի պատմական ճակատագրի վրայ: Ինչպէս յայտնի է, քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան Թադէոս առաքեալի կողմէ: Երբ …

Read More »

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս հազարամեակներ: Հնդեւրոպացիներու մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը տնտեսական եւ քաղաքական գործօններու ազդեցութեամբ համախմբուած եւ կազմաւորուած են իբրեւ ժողովուրդ, ըստ երեւոյթին, մ.թ.ա. երրորդ – երկրորդ հազարամեակներուն: Հասկնալի է, որ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է ոչ …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ

           Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու մէջ կան էական նմանութիւններ: Ուստի, մասնագէտները լեզուները պայմանականօրէն բաժնած են խոշոր լեզուաընտանիքներու եւ անոնց մէջ դասակարգած՝ նաեւ առաւել մօտիկ լեզուները, իբրեւ տուեալ լեզուաընտանիքի առանձին լեզուաճիւղերը:           Աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն մէկը կ’անուանեն հնդեւրոպական, որովհետեւ անոր մէջ …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը 7-րդ Դարէն Ետք

Հայաստանը՝ Արաբական Ազդեցութեան Շրջանին.- 7-րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ Արաբները մուտք գործեցին Հայկական բարձրավանդակ եւ այնուհետեւ շուրջ չորս դար, Հայաստանը մնաց ենթակայ արաբական ազդեցութեան: Աւելի ճիշդ՝ ան կռուախնձոր հանդիսացաւ բիւզանդական եւ արաբական կայսրութեան միջեւ: Մէկ բան որոշ է սակայն, այն՝ որ Արաբները, որոնք իրենց քաղաքակրթութեան, Կրօնքին, երբեմն նաեւ ենթարկեցին բազմաթիւ հզօր …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը Մինչեւ 7-րդ Դար

1.- Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորման Շրջանը.- Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ուրարտուի պետութեան անկումը երկարող շուրջ երկու հազար տարուան շրջանը, հայ ժողովուրդի աստիճանական կազմաւորման շրջանն է: Հայկական Բարձրավանդակի, Տիքրիսի եւ Եփրատի վերին հովիտներուն, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի զանազան շրջաններուն մէջ միաժամանակ ապրած կամ իրարու յաջորդած ցեղային միութիւնները, ոմանք ազիանիկ ծագումով, ոմանք …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին:           Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ …

Read More »

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք:         Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, …

Read More »

Պատմութեան Ընթացքին Պատահած Երկրաշարժներ Հայաստանի Մէջ

             Հայաստան իր դիրքով լեռնային երկիր մը եղած է: Անիկա Սեւ, Կասպիծ եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ գտնուելով, կազմած է տեսակ մը լեռնակղզի: Հայաստան լեռնադաշտ մըն է, զոր եւրոպացիները կոչած են ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՎԱՆԴԱԿ:                 Հայաստանի լեռներէն շատերը հրաբուխ եղած են ժամանակին, բայց այսօր անոնք մարած են …

Read More »