ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ
448 թուականին Պարսկական արքունիքը Հայ ժողովուրդին կրօնափոխութիւն պարտադրող հրովարտակ կը ստորագրէ եւ կ’ուղարկէ Հայաստան:
Հրովարտակը կը ստորագրէ Յազկերտի անմիջական խորհրդական՝ հազարապետ՝ Միհրներսեհը:
Կրօնափոխութեան նպատակն էր լիովին վերացնել Հայաստանի քաղաքական ներքին անկախութիւնը, հայ ժողովուրդին ամբողջովին ձուլել պարսիկ ազգին հետ:
Եղիշէ Պատմիչը մէջբերած է հրովարտակի համառօտ բովանդակութիւնը, ուր նշուած է թէ հայերը շեղած են կրօնական ճիշդ ուղղութենէն, ուստի անհրաժեշտ է որ հայերը «ուղիղ հաւատի գան», ընդունին զրադաշտութիւնը եւ հետեւին պարսիկներուն:
Հրովարտակի վերջաւորութեան հայ նախարարներուն կ’առաջարկուի պատասխանել արքայից արքային վերջնագրին կամ անձամբ ներկայանալ անոր:
Պարսիկ արքունիքը համանման հրովարտակ կը յղէ Վրաստան եւ Աղուանք:
Հրովարտակը քննարկելու համար Արտաշատի մէջ կը հրաւիրուի նախարարներու եւ աչքի ինկող եկեղեցականներու աշխարհաժողով:
ժողովը կը ղեկավարէ կաթողիկոսական տեղապահ Յովսէփ Վայոց Ձորեցի: Ժողովականները միաձայն կ’որոշեն մերժել պարսից արքունիքի առաջարկը: Պատասխան նամակին մէջ հայերը կը յայտնեն, որ իրենք կը կատարեն արքայից արքայի բոլոր առաջարկները, սակայն կրօնական հարցին մէջ չեն ենթարկուիր անոր եւ ազատ են իրենց կրօնապաշտութիւնը որոշելու ըստ իրենց խղճին:
Հայերուն պատասխանը մեծ զայրոյթ կ’առաջացնէ Տիզբոնի մէջ:
Գազազած Յազկերտ Բ. կը հրամայէ նորէն հրովարտակ գրել Հայաստանի, Վրաստանի եւ Աղուանքի աւագանիներուն եւ հրամայել անոնց անմիջապէս ներկայանալ արքունիք:
Անդրկովկասի այս երեք երկիրներու աւագանիները քննութեան կ’ենթարկեն Յազկերտի այս առաջարկը եւ կ’որոշեն պատուիրակութիւն մը ուղարկել արքայից-արքայի մօտ:
449-ի գարնան Անդրկովկասի պատուիրակները կը ներկայանան Յազկերտին: Վերջինս անոնց կը յանդիմանէ իրենց յանդուգն պատասխանին համար եւ կ’առաջարկէ հաւատափոխութիւն՝ հակառակ պարագային սպառնալով զօրք ուղարկել Անդրկովկաս աւերելու անոնց երկիրը:
Գտնուելով անել կացութեան մէջ, նախարարները կը խնդրեն ժամանակ տալ իրենց՝ խորհրդակցելու եւ պատասխանելու: Առանձին քննութեան առնելով Յազկերտի առաջարկը, անոնք յարմար կը գտնեն դիմել կեղծ ուրացութեան, որպէսզի կարողանան վերադառնալ հայրենիք: Նախարարներու հաւատափոխութեան մասին տրուած համաձայնութիւնը Յազկերտը կ’ընդունի մեծագոյն գոհունակութեամբ:
Յաջորդ օրը կը կատարուի զրադաշտական կրօնի յատուկ ծիսակատարութիւն: Այնուհետեւ հաւատաուրացներուն կու տան թանկարժէք նուէրներ եւ 700 մոգերու հետ կը ղրկեն Հայաստան:
Յազկերտը պատանդ կը պահէ Վասակ Սիւնիի երկու որդիները:
Նախարարներուն յանձնարարուած էր մէկ տարուան ընթացքին հաւատափոխ ընել իրենց երկիրներու ողջ բնակչութիւնը, եկեղեցիները վերածել կրակատուներու եւ երիտասարդ սերունդին դաստիարակել զրադաշտական ոգիով:
449-ի Սեպտեմբերին նախարարներն ու քուրմերը կը հասնին Բագրեւանդի Անգղ գիւղաքաղաքը:
ԱՆԳՂԻ ՄԻՋԱԴԷՊԷԸ ԵՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Նախարարներու ուրացութեան լուրը անմիջապէս կը հասնի Հայաստան: Հայ հոգեւորականութիւնը մինչեւ նախարարներու ժամանումը քարոզչական մեծ աշխատանք կը ծաւալէ ժողովուրդի մէջ: Փաստօրէն մինչեւ նախարարներու տեղ հասնիլը Հայաստանի մէջ արդէն սկսեր էր նախարարներու յուզումներ:
Անգղ աւանը ժամանած քուրմերը կը փորձեն եկեղեցին վերածել ատրուշանի: Տեղի շինականները բահերով զինուած՝ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ կը յարձակին քուրմերուն վրայ եւ կը սպաննեն անոնց:
Նոյնը տեղի կ’ունենայ նաեւ Զարեւանդի մէջ, ուր ռամիկ բազմութիւնը կը յարձակի նոր հիմնուած մեհեանի վրայ, կրակատունը ջուրի մէջ կը նետէ, իսկ քուրմերը կը սպաննէ:
Եղիշէ պատմիչ կը պատմէ, թէ այդ օրերուն բոլորը զինուած էին, ոչ միայն տղամարդիկ այլ կանայք:
Ի վերջոյ հայ նախարարները կը որոշեն ապստամբիլ պարսիկներուն դէմ:
Նախարարները կ’երդուեն չդաւաճանել իրար եւ կռուիլ մինչեւ վերջ: Հայկական բանակը, որուն ճամբարը կը գտնուէր Ծաղկանց լեռներուն մէջ կը սկսի ռազմական գործողութիւններուն:
Հայոց բանակը կը յարձակի երկրին մէջ գտնուող պարսկական կայազօրներու վրայ ոչնչացնէ զանոնք եւ կը գրաւէ ռազմական կարեւոր յենակէտեր:
Ապստամբութեան ղեկավարները քաջ կը գիտակցէին, որ միայն հայ ժողովուրդի ուժերով դժուար է դիմակայել այնպիսի կազմակերպուած ուժ, ինչպիսին է Սասանեան Պարսկաստանը: Ուստի հեղինակաւոր պատգամաւորութիւն մը կը ղրկեն Բիւզանդական Թէոթորոս կայսրին մօտ եւ անկէ ռազմական օգնութիւն կը խնդրեն: Սակայն ինչպէս շատ յաճախ, այնպէս ալ այս անգամ հայերու՝ բիւզանդացիներուն վրայ դրած յոյսերը խաբուսիկ դուրս կու գան:
ԱՒԱՐԱՅՐԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ
Պարսիկ արքունիքը զգալով, որ ծայր կ’առնեն ժողովրդական մեծ յուզումներ, այդ լարուած դրութիւնը մեղմելու համար հրովարտակ կը ղրկէ Հայաստան եւ կը յայտարարէ, որ հաւատափոխութեան պարտադրանքը պիտի վերանայ: Սակայն ժողովուրդը վճռականօրէն կը շարունակէ պատրաստուիլ ապստամբութեան:
Գարունը բացուելուն պէս, պարսկական մեծ բանակ մը Մուշկան Նիւսլաւուրտի հրամանատարութեամբ կը շարժի դէպի Հայաստան: Պարսիկները ասպատակելով Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն կը մտնեն Արտազ գաւառը եւ բանակ կը դնեն Տղմուտ գետի ափին Աւարայրի դաշտին մէջ:
Հայոց այրուձին Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, Նախիջեւանի վրայէն շտապելով կը շարժի դէպի Արտազ եւ կը միանայ Հայոց բանակի հարաւային զօրագունդին:
Կը կազմուի 66 հազար հոգիէ բաղկացած բանակ մը, որուն զգալի մէկ մասը բաղկացած էր շինականներէ:
Ապստամբութիւնը ունէր համաժողովրդական բնոյթ: Ոտքի ելած էին հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը՝ ազնուականները, շինականները, արհեստաւորները, քաղաքային ռամիկները եւ հոգեւորականները:
Ճակատամարտի նախօրեակին Վարդան Մամիկոնեան, Յովսէփ Կաթողիկոս եւ Ղեւոնդ Երէց իրենց բոցաշունչ ճառերով, ոգեւորեն հայոց բանակի զինուորները:
Վարդան Մամիկոնեան իր ճառին մէջ անձնուէր հայրենասիրութեան եւ մարտական անվեհերութեան կոչ կ’ընէ իր զինուորներուն, նշելով, որ նահատակուողը յաւիտենական անուն կը վաստկի:
Ճակատամարտը տեղի կ’ունենայ 451 թ.-ի Մայիս 26-ին, Աւարայրի դաշտին մէջ: Սպարապետը Հայոց բանակը կը բաժնէ չորս մասի: Ձախ թեւի ղեկավարութիւնը ինք կը վերցնէ, աջ թեւի հրամանատար կը նշանակէ Խորէն Խոռխոռունին, Կեդրոնական գունդի հրամանատար կը նշանակէ՝ Ներշապուհ Արծրունին, իսկ վերջապահ զօրամասը կը յանձնէ իր եղբօրը՝ Համազասպին:
Յարձակումը կը սկսի հայոց զօրքը, որ կ’անցնի Տղմուտ գետը եւ կը գրոհէ թշնամիին վրայ: Վարդանը իր հարուածը կ’ուղղէ Մատեան (արքունական) գունդի վրայ:
Հայոց զօրքի հարուածներուն տակ պարսկական գունդը սկիզբը կը նահանջէ, սակայն անոնք կը վերադասաւորեն իրենց ուժերը եւ կը շրջապատեն հայոց սպարապետին զօրամասը:
Կը սկսի կատաղի կռիւ: Քաջարի մահով կ’իյնայ Վարդան Մամիկոնեան:
Եղիշէ Պատմիչ, որպէս ճակատամարտի ականատես կը նկարագրէ ճակատամարտը:
Համաձայն Եղիշէ Պատմիչին պարսկական բանակէն կը սպաննուին 3544, իսկ հայկական բանակէն 1036 հոգի:
Աւարայրի ճակատամարտին հայ ժողովուրդը բնաւ պարտութիւն չկրեց: Ապստամբ հայկական զօրամասերը վերադասաւորելով իրենց ուժերը շարունակեցին կռիւ մղել պարսկական զօրքերուն դէմ:
Ճակատամարտէն յետոյ Մուշկան Նիւսալաւուրտը արքունիքին կը տեղեկացնէ սկսած կռիւներուն մասին:
Ստեղծուած ծանր իրադրութեան մէջ, արքունիքը հարկադրուած բանակը ետ կը կանչէ Պարսկաստան եւ հայերուն սիրաշահելու քաղաքականութիւն կը սկսի վարել, թոյլատրելով բռնութեամբ հաւատափոխ եղողներուն վերադառնալ իրենց նախկին հաւատին նաեւ որոշ չափով հարկերը կը թեթեւցնէ:
Աւարայրի ճակատամարտը փառքով պսակեց ազատատենչ հայ ժողովուրդի պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Ան հայոց ազատամարտի փառաւոր էջերէն մէկն է: Օտարի լուծին դէմ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ իր հոգիի վեհութիւնը եւ հոգեկան կերտուածքի հերոսականութիւնը:
Պատերազմին ինկած նահատակներուն անունները մնացին հաւաքական մէկ անուան տակ՝ Հայրենեաց նահատակներ: