Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ

ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐԸ

Առաջին Սէրը

Երբ կը կարդանք պատմուածքի վերնագիրը մեզի այնպէս կը թուի, թէ պիտի կարդանք երանելի սիրոյ մը մասին, որուն վերջաւորութիւնը պիտի ըլլայ շատ օրինակելի եւ ուրախ, սակայն Համաստեղ իր «Առաջին Սէրը» պատմուածքով մեզի կը ներկայացնէ 1915-ի ջարդերու նախորեակին պարզ ու համեստ հայ գիւղացիին կեանքը:

Համաստեղի «Առաջին Սէրը» պատմուածքի գլխաւոր հերոսն է Վահրամ, իր գիւղական պարզութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութեամբ եւ սիրով:

Պատանի Վահրամ կը մեծնար իր հօր Օվան աղային ծանր շուքին ներքեւ եւ իր մօր՝ Շուշանի արեւոտ ջերմութեամբ:

Ան բոլոր պատանիներու նման իր արբունքի շրջանին կ՛ունենայ յատուկ զգացումներ իրենց գիւղի ամենագեղեցիկ աղջկան՝ Մարանին հանդէպ, որոնք նոյն օրը, նոյն աւազանին մէջ մկրտուած էին եւ այս պատճառով Վահրամ եւ Մարան կը հաւատային, թէ իրենք ծնած են իրարու համար եւ ոչ մէկ ուժ կրնար զիրենք բաժնել իրարմէ:

Հեղինակը իր պատմուածքի առաջին բաժնի մէջ կը նկարագրէ Վահրամի եւ Մարանի հանդիպումները աղբիւրի ճամբու վրայ, իրենց գողտրիկ եւ ամչկոտ նայուածքները իրարու հանդէպ, Մարանի հիւսուած վարսերը, որոնք այնքան գեղեցիկ կը թուէին Վահրամին:

Նաեւ կը ներկայացնէ Վահրամի նկարագրի փոփոխութիւնը. ան կը նախընտրէր իր ժամերը անցընել մինակ իր երազներու եւ դպրոցական գրքերու եւ պարտականութիւններու հետ, քան իր գիւղի ընկերներուն:

Վահրամի հայրը՝ Օվան աղան որոշած էր իր զաւակը ղրկել Էրզրումի Սանասարեան վարժարանը՝ ուսումը շարունակելու համար: Ան վերամուտին ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Էրզրում՝ ամառուայ արձակուրդին կրկին անգամ գիւղ դառնալու յոյսով: Անոր մայրը եւ Մարանը անհամբեր կը սպասէին իր վերադարձին, որ կը մնայ երազ. վրայ կու գայ թուրքերու Գերմանիոյ դէմ պատերազմը, զօրակոչ կը յայտարարուի եւ այդ զօրակոչին մէջ կ՛իյնայ նաեւ Վահրամը:

Վահրամ նախ Էրզրումի մէջ կը պահուտի ապահով բնակարան մը, կ՛անցնի Տրապիզոն, ապա ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ կը մտնէ կամաւորական շարժման մէջ, կը հասնի մինչեւ Վան, ուր արդէն տեղի կ՛ունենայ վանեցիներու գաղթը: Ան տակաւին 18 տարեկան պատանի ականատես կ՛ըլլայ այդ բոլորին:

Կը հանդիպի իրենց գիւղացի ծանօթ մէկուն եւ կը լսէ իրենց գիւղի պատահարներուն մասին, ինչպէս նաեւ իր հօր, մօր կոտորը եւ Մարանի առեւանգումը:

Ան ծանօթանալով Ամերիկայէն կամաւորներու, կ՛որոշէ իրենց հետ երթալ Ամերիկա իր հօրաքրոջը քով:

Հեղինակը գրքի երկրորդ բաժնին մէջ կը ներկայացնէ Վահրամը Ամերիկայի մէջ, որ հակառակ այդքան ժամանակ անցընելուն՝ տակաւին կ՛ապրէր իր գիւղի երազներով, իր գիւղի առաջին սիրով եւ կարօտ ունէր անցեալի իր ապրած կեանքին:

Ան լուր կը ստանայ, թէ Մարանը կը գտնուէր հեռու տեղ մը: Ան կ՛իմանայ, թէ Մարան եղած է կինը զինք յափշտակող պետեւիին եւ անկէ ունեցած զաւակներ, փախչելով Հալէպ՝ ամուսնանացած է ուրիշի մը հետ, որմէ ունի զաւակ մը:

Այստեղ կը սկսի Վահրամին ներքին զգացումներու պայքարը, երբ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Հալէպ տեսնելու իր առաջին սէրը: Ան իր ընկերոջ ղրկած մէկ նամակին մէջ կը գրէ «Դժուար է սահմանել թէ ի՞նչ է երջանկութիւնը այնպէս ինչպէս դժուար է սահմանել մարդկային հոգին: Մէկուն համար պար է, իսկ ուրիշի մը համար ուռենիի մը տխրութիւնն ու հոգեպարար արցունքը: Չէ՛, սիրելի Հրանդ, դժգոհ չեմ կեանքէն, կեանքը իր տխրութեան մէջ իսկ գեղեցիկ է»:

Վերջապէս ան կը հանդիպի Մարանին. այդ շող աղջիկը, որուն գեղեցիկ մարմինն ու հասակը սրինգի մը թովչանքը ունէին, դարձած էր կորացած կռնակով, լայն տախտակէ կողերով կնկայ մը, անխնամ մազերով: Մարան այդ բոլոր չարչարանքներէ ետք դարձած էր անտարբեր, նոյնիսկ վահրամի հանդէպ:

Ան կը շարունակէ իր նամակը Հրանդին, ըսելով. «Կեանքը, սիրելի Հրանդ, անկախ մեր կամքէն իր ճամբան ունի ու իր հաւատքը, որ կը գծէ իր ճամբան»:

Վահրամ կ՛որոշէ Ամերիկայի իր հաշիւները փակելով հաստատուիլ Հայաստան: Գուցէ տառապանքով աւելի լաւ կարենայ հասկնալ չարչարուած Մարանի իրավիճակը, որովհետեւ իր կարծիքով դիտուած է, որ կեանքը աւելի գեղեցիկ ու գործօն կը դառնայ տառապանքի մէջ:

Ես իմ կարգիս կ՛ուզեմ ըսել, թէ մեր կեանքի ընթացքին որքան ալ դժուարութիւններու հանդիպինք, որքան ալ յուսախաբութիւններ ունենանք, միշտ պէտք է կեանքին նայինք յոյսով լեցուն, ոչ թէ յուսախաբութեամբ: Թէեւ կրնանք կորսնցնել մեր առաջին սէրը, կամ ան կրնայ ըլլալ մեզի հանդէպ անտարբեր, սակայն կեանքը կը շարունակուի, միայն մեզի կը մնայ մենք մեզի երկրորդ առիթ մը տալ՝ ուրախ կեանք ապրելու համար, որովհետեւ մարդ արարած իր ձեռքով կը կերտէ իր ուրախութիւնը կամ իր դժբախտ կեանք ապրելու հաւանականութիւնը:

Եւ վերջապէս, ինչպէս կ՛ըսէ Պարոյր Սեւակ. «Առաջին սէրը ինչպէս որ  հացը ինչ էլ որ անես միշտ կուտ է գնում»:

 

Լուսին Քէլէշեան

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply